Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարածքային Զարգացման Ռազմավարութեամբ Կը Նախատեսուի Մարզերուն Մէջ Ստեղծել 50-60 Հազար Նոր Աշխատատեղեր

Յուլիս 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lokian_72916

29 յուլիսին կառավարութեան կողմէ հաստատուեցաւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի ներկայացուցած 2016-2025 թուականներու տարածքային զարգացման ռազմավարութիւնը:

Դաւիթ Լոքեան նշեց, որ նախքան կառավարութեան ներկայացնելը, ռազմավարութեան փաստաթուղթը քանի մը փուլերով քննարկման ենթարկուած է նախարարութեան հասարակական խորհուրդին, ապա Հանրային խորհուրդին մէջ, իսկ քննարկումներուն մասնակցած են Եւրոպական Միութեան դեսպանները եւ համապատասխան մարզի մասնագէտները:

2016-2025 թուականներուն տարածքային զարգացման ռազմավարութիւնը  կը ներառէ տարածքներու մրցունակութեան բարձրացման խնդիրը:

«Մեր երկիրը իր բնակչութեամբ կեդրոնացած է Երեւանի մէջ, եւ Երեւանի ու մարզերուն միջեւ զարգացման անհամաչափութիւնը տարուէ տարի կ՛աւելնայ, մէկ հոգիի հաշիւով Երեւանի մէջ համախառն ներքին արտադրութիւնը կը կազմէ 140 միաւոր, իսկ կան մարզեր, որ այդ ցուցանիշը միայն 40 է: Այս անհամաչափութիւնը վերացնելու համար, ռազմավարութիւնը կը ճշդէ հիմնական սկզբունքներ, որոնք պէտք է բարձրացնեն տարածքներուն մրցունակութիւնը, որպէսզի մասնաւոր գործառնութիւնը կարենայ երթալ դէպի մարզեր, եւ որպէսզի ընկերային, կենցաղային ենթակառոյցները զարգանան մարզերուն մէջ», յայտնած է Դաւիթ Լոքեան:

Նախարարը նշած է, որ ռազմավարութիւնը հիմնուած է փորձառութեան վրայ Եւրոպական Միութեան որոշ երկիրներու, որոնց բնակչութեան թիւը 6 միլիոնէն աւելի չէ, տարածքի չափով ալ չեն գերազանցեր  90 հազար քառակուսի քիլոմեթրը, եւ կը նկատուին բարձր լեռնային տարածքներ: Այդպիսի երկիրներ են Մակեդոնիան, Խրուաթիան, Ալպանիան, որոնց փորձառութիւնը հիմք ծառայած է ռազմավարական փաստաթուղթին:

Ռազմավարութեան նպատակն է` վերացնել անհամաչափութիւնը տարածքներուն միջեւ:

«Մինչեւ 2025 թուական պէտք է կարենանք  մօտ 10 տոկոսով աւելցնել պաշտօնապէս գիւղատնտեսութեամբ չզբաղող  աշխատատեղերուն թիւը, 50-60 հազար նոր աշխատատեղեր պէտք է ըլլան մարզերուն մէջ: Համախառն ներքին արտադրութեան տարբերութիւնը պէտք է նուազի Երեւանի ու մարզերուն միջեւ: 2017-ին մարզերը պէտք է ունենան տարածքներու գործառնական  զարգացման ծրագիր, որ պէտք է հաստատուի վարչապետին գլխաւորութեամբ  յատուկ խորհուրդին կողմէ: Ներդրումային գործընթացները պէտք է սկսին այդ տարածքներուն մէջ` նպատակ ունենալով պահպանել համաչափութիւնը Երեւանի ու մարզերուն միջեւ, ատոր պիտի նպաստէ տարածքային զարգացման ներդրումային հիմնադրամը», յայտնած է Դաւիթ Լոքեան:

Վարչապետը աւելցուցած է, որ իսկապէս բաւական աշխատանք կատարուած է այդ ռազմավարութեան  վրայ: «Կը կարծեմ, թէ ճիշդ ուղիին վրայ ենք, պէտք է երթանք յառաջ», ըսած է Յովիկ Աբրահամեան:

 

Նախորդը

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Առնչութեամբ Եգիպտոսի Խորհրդարանէն Դրական Նշաններ Կու Գան» Կ՛ըսէ Արմէն Մազլումեան

Յաջորդը

Լարուած Վիճակ` Խորենացի Փողոցին Եւ Սարի Թաղ Շրջանին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?