Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սասնայ Ծռեր» Զինուած Խումբի Անդամները Վար Դրին Զէնքը Եւ Յանձնուեցան Իշխանութիւններուն

Օգոստոս 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

kount_73116

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտարարեց, որ 17 յուլիսէն Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ ծռեր» զինուած խմբաւորման անդամները վար դրած են զէնքը եւ յանձնուած  իշխանութիւններուն:

«Սոյն թուականի 30 եւ 31 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքի ազատագրման ուղղուած հակաահաբեկչական գործողութիւնը  աւարտած է», ըսուած է ԱԱԾ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ իրաւասու իրաւապահ մարմիններու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները ձերբակալած են 20 զինեալ: ՊՊԾ գունդի տարածքը ամբողջութեամբ ազատագրուած է:

Աւելի կանուխ Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած  հանրահաւաքին ընթացքին եւս յայտարարուած էր զինուած խումբի յանձնուելու մասին:

Բացի ատկէ, «Սասնայ ծռեր» ֆէյսպուքեան էջին վրայ հրապարակուած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսուած էր. «Սասնայ Ծռեր»-ը դարձան ռազմագերի, սակայն պայքարը չէ աւարտած: Չընկճուիք եւ չարտագաղթէք: Պայքարը պէտք է շարունակուի»:

Ժիրայր Սեֆիլեան Կը Մանրամասնէ
Իշխանութիւններուն Ներկայացուցած Պահանջները

Հիմնադիր խորհրդարանի առաջնորդ, աւելի քան մէկ ամիս առաջ ձերբակալուած Ժիրայր Սեֆիլեան երէկ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը` «Վարդաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն:

Յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած են հայաստանեան շարք մը կայքեր, նշուած է. «Քանի որ ինծի առ այսօր կարելիութիւն չի տրուիր  «Սասնայ ծռեր» խումբին հետ անմիջական հանդիպումի մը ընթացքին ճշդել անոնց առաջադրած պահանջներուն շուրջ անոնց դիրքորոշումը, եւ  ես արդէն իսկ տեղեկացուած եմ, որ իշխանութիւնը որեւէ ողջամիտ քայլ չի կատարեր արիւնահեղութենէ խուսափելու համար, իսկ ժողովուրդը  իսկապէս պէտք է տեղեակ ըլլայ բանակցային այն բովանդակութենէն, որ ես կ՛առաջարկեմ իբրեւ ոսկիէ միջին, ապա ես հակիրճ բնութագրեմ, թէ ո՛ր հարցերն են, որոնց շուրջ, իմ պատկերացումովս, ես ի վիճակի կ՛ըլլամ «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց համոզել զէնքը վար դնել»:

Յայտարարութեան մէջ Ժիրայր Սեֆիլեան կը խօսի Հայաստանի ներքին հարցերու, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու, Հայաստանի ոստիկանութեան, բանակին, արդարադատութեան մարզին եւ շարք մը այլ հարցերու մասին:

Ցոյցերը Համակարգող Խորհուրդը
Կը Դադրեցնէ Իր Գործունէութիւնը

Պարեկապահակային գունդի տարածքի գրաւումէն ի վեր սկիզբ առած հանրահաւաքները, ցոյցերն ու երթերը համակարգող խորհուրդը կը դադրեցնէ իր աշխատանքը: Այս մասին կը յայտնէ համակարգող խորհուրդի անդամ Ալպերթ Բաղդասարեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ:

«Համակարգող խորհուրդը, որուն անդամն եմ նաեւ ես, յայտարարած է իր գործունէութեան դադրեցման մասին` մեկնելով այն բանէն, որ մեծ մասը` նաեւ Ալեք Ենիգոմշեան, կալանուած կամ ձերբակալուած է, մէկ  մասն ալ ինչ-ինչ պատճառներով ի վիճակի չէ շարունակելու իր գործունէութիւնը»:

Ուստի կը նկատեմ աննպատակայարմար, ոչ արդիւնաւէտ ու նաեւ անօգտակար` իմ կողմէ «Սասնայ ծռեր»-ի գործողութեամբ  պայմանաւորուած շարժումը համակարգող խորհուրդի անունով գործելը»:

Շտապօգնութեան Բժիշկները
Դուրս Եկած Են Պպծ Գունդի Տարածքէն

Իրականացուած յատուկ միջոցառումներու արդիւնքով ՊՊԾ գունդի տարածքին մէջ պատանդ մնացած շտապօգնութեան երկու բժիշկները  դուրս եկած են գունդի տարածքէն. այս մասին «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց «Շտապօգնութիւն» ընկերութեան տնօրէն Թագուհի Ստեփանեան:

Պաւլիկ Մանուկեան Կալանաւորուեցաւ

Դատարանը բաւարարած է ԱԱԾ քննչական մարմինին կողմէ  ներկայացուած միջնորդութիւնը եւ որոշում տուած է Պաւլիկ Մանուկեանի նկատմամբ կիրարկել կալանաւորում` երկու ամիս ժամկէտով: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Պաւլիկ Մանուկեանի փաստաբան Ինեսա Պետրոսեան: Փաստաբանը որոշումը անօրինակ նկատեց:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Պաւլիկ Մանուկեանին դատարանէն  տեղափոխած են դատապարտեալներու հիւանդանոց:

Պարեկապահակային Գունդի Տարածքէն Կրակ Բացուած Է.
Սպաննուած Է Ոստիկան Մը

Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան լրատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան իր ֆէյսպուքեան էջով կը տեղեկացնէ. «ՊՊԾ գունդի տարածքէն զինեալ դիպուկահարի կողմէն կրակ բացուած է: Սպաննուած է ՊՊԾ գունդէն 350-400 մեթր հեռաւորութեան վրայ, մեքենայի մէջ գտնուող ոստիկանութեան զօրքերու ծառայող, 1986-ի ծնունդ Եուրա Տեպանոսեանը»:

Լրագրողները Բռնութեան Ենթարկուած Են

Արդէն յայտնած էինք, որ ուրբաթ օր խիստ լարուած իրավիճակ ստեղծուած էր Սարի թաղ շրջանին եւ Խորենացի փողոցին մէջ: Ըստ տարբեր աղբիւրներէ ստացուած տեղեկատուութեան, ոստիկանութեան գործողութիւններուն   հետեւանքով բացի քաղաքացիներէն տուժած են նաեւ լրագրողներ. ենթարկուած են բռնութեան:

Արմէն Մարտիրոսեան Ձերբակալուած Է

Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանին ձերբակալած են: Այդ մասին «Հրապարակ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Մարտիրոսեանի եղբայրը. «Բերման ենթարկած են ոստիկանութեան Նորքի բաժանմունք, որմէ ետք ձերբակալած են, քրէական գործ յարուցած»:

Ժառանգութեան փոխնախագահին դէմ քրէական գործը յարուցուած է զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու մեղադրանքով: Արմէն Մարտիրոսեան կը մասնակցէր Հակաճգնաժամային նախաձեռնող խումբի աշխատանքներուն եւ  մասնակցութիւն ունեցած է Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին, ապա երթին` դէպի Խորենացի փողոց:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը Հանդէս Եկած Է Կոչով

Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ժողով գումարած բարձրաստիճան հայ հոգեւորականները անընդունելի նկատած են ամէն կարգի անօրինական քայլ ու բռնութեան միտուած գործողութիւն, որոնք կրնան պատճառ դառնալ արիւնահեղութեան եւ վտանգել Հայաստանի պետականութեան ապագան: Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգը տեղեկացուցած է, թէ 30 յուլիսին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին  նախագահութեամբ տեղի ունեցած է վանական խորհուրդի ընդլայնուած նիստ, որուն հրաւիրուած էին Մայր աթոռին մէջ պաշտօնավարող եւ հայաստանեան թեմերու առաջնորդ եպիսկոպոսները: Անդրադառնալով մայրաքաղաքին մէջ ստեղծուած կացութեան` ժողովականները հանդէս եկած են ուղերձով, որուն մէջ ըսուած է. «Երեւանի մէջ վերջին օրերուն ծաւալուող իրադարձութիւնները խաթարած են մեր կեանքի խաղաղութիւնը: Խորապէս ցաւ կ՛ապրինք, որ լարուած իրավիճակը հասցուցած է նոր բախումներու, որոնց պատճառով վիրաւորուեցան տասնեակ մարդիկ` ցուցարարներ, ոստիկաններ եւ լրագրողներ: Անընդունելի կը նկատենք ամէն կարգի անօրինական քայլ ու բռնութեան միտուած գործողութիւն, որոնք կրնան պատճառ դառնալ արիւնահեղութեան եւ վտանգել մեր պետականութեան ապագան»:

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Քաղաքական Ուժերուն Յայտարարութիւնը` Երեւան Քաղաքին Մէջ Տիրող Իրավիճակին Կապակցութեամբ

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Որեւէ Հաշուեյարդար Պէտք Չէ Կատարուի Այդ Անձերուն Նկատմամբ»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?