Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Զաւթման Պատճառով Ձերբակալուած Է 47 Անձ

Օգոստոս 2, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lour-1_80116

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի զաւթման առիթով 17 յուլիսին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան մէջ Քրէական օրէնսգիրքի 219 (շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրութիւն, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելը) եւ 235 (ապօրինի կերպով զէնք, զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, օգտագործելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը) յօդուածներու յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ ձերբակալուած է 47 անձ: 24 անձի նկատմամբ տարբեր մեղադրանքներ առաջադրուած են Քրէական օրէնսգիրքի 218 (պատանդ վերցնելը), 219 եւ 235 յօդուածներով:

1 օգոստոսին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութիւնը գրաւոր միջնորդութիւն ներկայացուցած է գլխաւոր դատախազութիւն` նշուած քրէական գործը, Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 190 յօդուածով նախատեսուած քննչական ենթակայութեան կանոններուն համապատասխան, նախաքննութեան այլ մարմինի մը յանձնելու վերաբերեալ:

Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած տուեալներուն համաձայն, «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած են զինուած խումբի երեք անդամներ: Համապատասխան բուժում ստանալէ ետք անոնք տեղափոխուած են «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»: Նոյն կեդրոնը տարուած է նաեւ ոստիկան մը, որ կը բուժուի տուեալ բաժանմունքին մէջ:

29 յուլիսին Խորենացի փողոցին եւ Սարի թաղին մէջ տեղի ունեցած դէպքին իբրեւ հետեւանք Երեւանի բժշկական հաստատութիւններ դիմածներէն 5-ը բուժուած եւ դուրս եկած են հիւանդանոցէն: Ներկայիս հիւանդանոցային բուժում կը ստանայ 17 անձ, որոնցմէ երեքը ոստիկան, երկուքը` լրագրող:

Ընդհանուր առմամբ, 17 յուլիսէն ի վեր ծաւալած իրադարձութիւններուն պատճառով հիւանդանոցային բուժման տակ կը մնան 25 անձեր, որոնցմէ 6-ը` ոստիկան, 2-ը` լրագրող, 3-ը` զինեալ խումբէն: Վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ են հինգ անձեր:

«Սասնայ Ծռեր» Խումբի Անդամներէն Արա Խանդոյեան
Մերժած Է Բժշկական Օգնութիւնը

«Սասնայ ծռեր» խումբի անդամ Աշոտ Պետրոսեանի եւ Յովհաննէս Յարութիւնեանի փաստաբան Արա Պապիկեան ստանձնած է նաեւ խումբի անդամ Արա Խանդոյեանի շահերու պաշտպանութիւնը: Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին փաստաբանը տեղեկացուցած է, որ տակաւին մեղադրանք չէ առաջադրուած Արա Խանդոյեանին (Միայնակ Գայլ)` հաւանական նկատելով, որ շուտով կատարուին համապատասխան քննչական գործողութիւններ: Ան աւելցուցած է, որ Արա Խանդոյեան նաեւ կը մերժէ բժշկական խնամքի ենթարկուիլ:

«Ան ոտքի վնասուածք ունի, փափուկ հիւսուածքներն են, ոսկորային վնասուածք չունի: Ան երէկ չուզեց ստանալ բժշկական օգնութիւն` ըսելով, որ իրեն համար շատ աննշան բան է, թուրքը քանի մը անգամ հարուածած է, ոչինչ պատահած է, այս մէկ հատէն ոչինչ կ՛ըլլայ: Երէկ գիշեր առանձնազրոյց ունեցայ Խանդոյեանին հետ: Տրամադրութիւնը բարձր էր, ընկճուած չէր: Ըսաւ` փոխանցեմ իր մտերիմներուն, որ շատ կը սիրէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը», հաստատած է Պապիկեան:

Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Ոստիկանական
Բռնութեան Առնչուած Նիւթեր Ուղարկած Է Դատախազութեան

Երեւանի Խորենացի փողոցին եւ Սարի թաղին մէջ 29-30 յուլիսին տեղի ունեցած խաղաղ հաւաքներուն ընթացքին քաղաքացիներուն նկատմամբ ոստիկաններուն կողմէ գործադրուած բռնութեան,  յատուկ միջոցներու կիրարկման, անոնց պատճառով հաւաքներուն մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Սարի թաղի բնակիչներուն հասած վնասներուն վերաբերեալ հաղորդումներն ու նիւթերը Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին կողմէ ուղարկուած են Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւն` քրէական հետապնդման յարուցման հարցը լուծելու նպատակով:

Ուղարկուած նիւթերը կը վերաբերին թէ՛ ոստիկանութեան ծառայողներուն, թէ՛ քաղաքացիներուն պնդումով, քաղաքացիի հագուստով ոստիկաններուն կատարած գործողութիւններուն:

Տունեա Միյաթովիչ Կոչ Ուղղած Է Հայաստանի Մէջ
Ապահովելու Լրագրողներուն Պաշտպանութիւնը

lour-4_80116

ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ազատութեան հարցերու ներկայացուցիչ Տունեա Միյաթովիչ նամակ յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին` անկէ ակնկալելով հաստատել, որ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական անհնազանդութիւններուն ատեն լրագրողները պաշտպանուած ըլլան:

«Կառավարութիւնը պէտք է առնէ գործնական քայլեր իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններուն ատեն ապահովելու զսպուածութիւն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ եւ առաջարկելու ձեւեր, որոնք պէտք է ներկայացուին իշխանութիւններուն կողմէ իբրեւ երաշխիք, որ լրագրողները ոստիկաններու կամ խուժանի թիրախ չեն դառնար: Ոստիկանութիւնը պէտք է պաշտպանէ լրագրողներն ու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները», նշուած է նամակին մէջ:

Տունեա Միյաթովիչ անդրադարձած է 29 յուլիսին Սարի թաղի մէջ պատահած դէպքերուն, որոնց ընթացքին յարձակումի ու ծեծի ենթարկուած են լրագրողները ոստիկաններուն եւ մետաղեայ ձողերով քաղաքացիներուն կողմէ, նաեւ անոնց տեսախցիկները ջարդուած են:

Տուժած են լրագրողներ եւ նկարահանողներ Աղուան Ասոյեան, Ալպերթ Գալստեան, Մարիամ Գրիգորեան եւ Դաւիթ Յարութիւնեան, Կարլեն Ասլանեան, Յովհաննէս Մովսիսեան, Գարիկ Յարութիւնեան, Ռոպերթ Անանեան, Տիգրան Բադալեան, Մարութ Վանեան, Սարգիս Խարազեան, Մկրտիչ Կարապետեան, Յովիկ Գրիգորեան, Տիգրան Գասպարեան: Միյաթովիչ նամակին մէջ յիշած է նաեւ 21 յուլիսի բախումներուն ընթացքին տուժած լրագրողներուն` Գէորգ Թոսունեանի, Արտակ Համբարձումեանի, Արթուր Հայրապետեանի եւ Թեհմինէ Ենոքեանի անունները:

 

Նախորդը

Նախարար Նալբանդեան Թիֆլիսի Մէջ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Յաջորդը

Հասարակութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Հասած Է Եզրակացութիւններ Կատարելու Ժամանակը. Այս Փուլին Մեր Նպատակը Նաեւ Ազգային Համաձայնութեան Իշխանութիւն Ձեւաւորելն Է» Յայտարարեց Նախագահ Սերժ Սարգսեան

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?