Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Նալբանդեան Թիֆլիսի Մէջ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Օգոստոս 2, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

FM-Nalbandian_Vras_80116

Պաշտօնական այցելութեամբ 1 օգոստոսին Վրաստան այցելած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէի հետ: Ճանելիծէ նշած է, որ դրացի երկրին արտաքին գործոց նախարարին տուած այցելութիւնը նշանակալի իրադարձութիւն է, առիթ է շարունակելու երկխօսութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցերու շուրջ: Նալբանդեան իր կարգին նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը բոլոր մարզերուն մէջ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Վրաստան երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ: Ընդգծուած է առկայ 80-է աւելի համաձայնագիրներ ընդգրկող հարուստ իրաւապայմանագրային դաշտի կարեւորութիւնը, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ զարգացնելու գործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ:

Էդուարդ Նալբանդեանն ու Միխէիլ Ճանելիծէն քննարկած են Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդատուութիւններու կայացման, իրաւապայմանագրային դաշտի կատարելագործման, միջազգային կառոյցներու մէջ համագործակցութեան, երթեւեկի փոխադրումներու դիւրացման, ուժանիւթային փոխադարձ գործակցութեան, մշակութային ոլորտին մէջ համագործակցութեան, ապակեդրոնացեալ մակարդակով շփումներուն առնչուող հարցեր, նաեւ` հայ-վրացական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի խնդիրները:

Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են մշակութային ժառանգութեան պահպանման շուրջ:

Նախարարները անդրադարձած են Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն, քննարկած միջխորհրդարանական կապերու առաւել զարգացման գծով ձեռնարկուելիք քայլերը, անդրադարձած միջազգային եւ շրջանային հրատապ հարցերու:

Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման վերաբերող:

Հանդիպումէն ետք երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդէս եկած են մամլոյ միացեալ ասուլիսով:

Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ծաղկեպսակ զետեղած է Թիֆլիսի հերոսներու հրապարակին վրայ:

 

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. Պըրրի Այսօր Կը Նախագահէ Ազգային Երկխօսութեան Եռօրեայ Նիստերուն

Յաջորդը

Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Զաւթման Պատճառով Ձերբակալուած Է 47 Անձ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?