Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկխօսութեան Երկրորդ Նիստ. Պըրրի Կը Մաղթէ Նախագահական Ընտրութեան Շուրջ Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Առաջնահերթ Նկատել

Օգոստոս 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3Hiwar-3-8-2016

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր պիտի նախագահէ ազգային երկխօսութեան եռօրեայ նիստերէն երրորդին, որուն ընթացքին պիտի շարունակուին քննարկուիլ նախագահական ընտրութեան եւ ընտրական նոր օրէնքի մշակման հարցերը:

Մինչ այդ, երէկ տեղի ունեցաւ Ազգային երկխօսութեան երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրէնքը, Ծերակոյտի հիմնադրութեան հեռանկարները, Թաէֆի գործադրութեան եւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու անհրաժեշտութիւնը:

Նիստին մասնակցեցան վարչապետ Թամմամ Սալամ, ընկերակցութեամբ` ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ղազի Արիտի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, ընկերակցութեամբ` Հասան Համատէի, Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, ընկերակցութեամբ` Ալի Քանսոյի, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Ահմետ Քարամէի, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, ընկերակցութեամբ` նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, ընկերակցութեամբ` Ժաուատ Պուլոսի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Ալի Ֆայեատի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Էլի Մարունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ,  իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ազգային երկխօսութեան նիստին ներկայացուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի կողմէ:

Նիստին ընթացքին Պըրրի մաղթեց, որ առաջնահերթութիւնը տրուի նախագահական ընտրութեան շուրջ գոյանալիք համաձայնութեան գործադրութեան:

Ան նշեց, որ այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին երեսփոխանական ընտրութիւններուն յատուկ օրէնքին մանրամասնութիւնները:

Նիստէն ետք Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ երկխօսութեան երէկուան նիստը մինչեւ օրս եղած է ամէնէն լուրջ նիստերէն մէկը, որուն ընթացքին խոր քննարկումներ կատարուած են ազգային հիմնահարցերու շուրջ:

Ֆայեատ յայտնեց, որ այսօրուան նիստին ընթացքին քննարկումի հիմնական օրակարգը պիտի ըլլայ Ծերակոյտի մը հիմնումը:

Միշել Ֆարաոն յոյս յայտնեց, որ ազգային երկխօսութիւնը յանգի նուազագոյն համաձայնութեան գոյացման:

Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնն ու ընտրական օրէնքի վաւերացումը առաջնահերթութիւններ են եւ քանի մը ամիսէն պէտք է լուծուին:

Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա պէտք է ժողովրդավարական կարգի հիման վրայ քուէարկել` նախագահական ընտրութեան եւ ընտրական օրէնքի վաւերացումին:

Ալի Հասան Խալիլ դրուատեց երէկուան նիստը` հաստատելով, որ անիկա կեդրոնացած է բարեկարգումներու շուրջ:

Ան ըսաւ, որ երկխօսութեան այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին ընտրական օրէնքին մանրամասնութիւնները:

Սլէյման Ֆրենժիէ իր կարգին մաղթեց, որ երկխօսութեան աւարտին դրական արդիւնքներ արձանագրուին:

Երկխօսութեան երրորդ նիստը պիտի գումարուի այսօր, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, որուն աւարտէն ետք կը նախատեսուի, որ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուի եռօրեայ նիստերուն մասին:

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ազգային Երկխօսութեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ` Նախագահական Ընտրութիւնը Նկատելով Միակ Ելքը

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Պիտի Քննեն Նաեւ Արցախի Հարցը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?