Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Որեւէ Հաշուեյարդար Պէտք Չէ Կատարուի Այդ Անձերուն Նկատմամբ»

Օգոստոս 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Rusdamian_73116

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Երկիր Մետիա»-ի խնդրանքով մեկնաբանած է ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած, իսկ 31 յուլիսին անձնատուր եղած զինեալներուն յանձնուելու որոշումը, ինչպէս նաեւ այս բոլորին լոյսին տակ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը:

«Մենք կ՛ողջունենք զինեալ խումբի անդամներուն յանձնուելու որոշումը, քանի որ ատիկա միակ ուղին էր նոր զոհերէ խուսափելու եւ արիւնահեղութիւնը բացառելու: Եւ, բնականաբար, մեր հիմնական հարցը այն էր, որ կարենայինք ճիշդ այս հանգուցալուծման հասնիլ: Ես ասիկա կը նկատեմ նաեւ 2 կողմերու ողջախոհութեան արդիւնք, որովհետեւ այն, ինչ որ իշխանութիւնները համբերատարութեամբ ըրին, հետեւելով գործընթացին, նոյնպէս նպաստեց այս մէկուն», ըսած է Ռուստամեան:

Ան անդրադարձած է նաեւ  զինուած խումբի անդամներուն այն գիտակցութեան, որ ըլլալով  իրենց երկրի հայրենասէր զաւակ, եւ ընկալելով այն, որ այս բոլորը կրնան նոր զոհեր պատճառել, դիմեցին այս քայլին` քաջ գիտնալով, թէ ոչինչ աւելի կ՛արժէ, քան նոր զոհերու արձանագրութեան եւ նոր արիւնահեղութեան կանխարգիլումը: «Ասիկա իսկապէս գնահատելի է, եւ այս կացութեան մէջ, բնականաբար, գլխաւոր հարցը կը մնայ հետեւեալը. մնացած առումներով գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ այն տրամաբանութեամբ, որուն մասին մենք յայտարարած էինք: Որեւէ հաշուեյարդար պէտք չէ կատարուի այդ անձերուն նկատմամբ: Մենք պէտք է հետեւինք, եւ հասարակութիւնն ալ ատիկա պէտք է ընէ, որ իսկապէս օրինական եւ ամէնէն մեղմ տրամաբանութեամբ առաջադրուին մեղադրանքները` մեկնելով որոշ յանցագործութիւններէ, որոնք անհերքելի են, բայց մնացած խնդիրները, որոնք թոյլ կու տան, նաեւ օրէնսդրութիւնը կ՛արտօնէ, որ ամէնէն մեղմ կերպով վերաբերին կատարուածին հետ», յայտնած է Ռուստամեան:

Ան կարեւոր նկատած է շուտով վերացնել այն պատճառները, որոնք մարդիկը մղած են դիմելու նման յուսահատ քայլի` աւելցնելով, որ անոնք հասարակութեան մէջ խոր արմատներ նետած պատճառներ են, ուստի պէտք է աշխատիլ, որպէսզի Հայաստանի մէջ այս աստիճանի դժգոհութիւնները նուազին եւ վերանան:

«Ատոր համար մտածուած քայլեր անհրաժեշտ են: Ընդունելով այս դժգոհութիւնը վերացնելու բոլոր մօտեցումներն ու կարելիութիւնները, մենք չենք ընդունիր այն ուղին, որ կրնայ մեզ իսկապէս հեռացնել այդ նպատակներուն հասնելէ, եւ ասիկա հիմնական դասն է, զոր պէտք է քաղեն բոլորը` ե՛ւ իշխանութիւնները, ե՛ւ հասարակութիւնը, ե՛ւ քաղաքական ուժերը: Կուտակուած խնդիրները լուծելու միակ տրամաբանական ուղին այն ողջամիտ եւ ամբողջ աշխարհին մէջ յայտնի ձեւերն ու մեթոտներն են, որոնցմով պէտք է թէ՛ ժողովրդավարութիւն հաստատուի, թէ՛ իրաւական պետութիւն ամրագրուի, թէ՛ մարդու իրաւունքները պաշտպանուին, որ այս դժգոհութիւնն ու բողոքը, որոնք առարկայականօրէն ժողովուրդին եւ հասարակութեան մէջ առկայ են, տեսնենք, որ կը վերանան:

«Սակայն ասոր համար պէտք է տքնաջան աշխատանք, գիտակցուած մօտեցում, մարդիկ, որոնք ասիկա կրնան ընել, այդ գործին պէտք է լծուին: Ասիկա իսկապէս մեզի բոլորիս պէտք է դաս ըլլայ, որ օր առաջ մեր երկրին մէջ հաստատենք այնպիսի կարգեր, այնպիսի համակարգ, որ ոչ ոքի մտքով անցնի, որ կրնայ ոտնահարել իր հայրենակիցին իրաւունքները եւ մեզ շեղել մեր ընդհանուր ազգային պետական նպատակներէն», եզրափակած է Արմէն Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

«Սասնայ Ծռեր» Զինուած Խումբի Անդամները Վար Դրին Զէնքը Եւ Յանձնուեցան Իշխանութիւններուն

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը Յուլիսի 29-ի Դէպքերի Մասին

RelatedPosts

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով  Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու  Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին

Յունուար 27, 2023
Արցախի Ներկայացուցիչները Քանատայի  Խորհրդարանին Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական  Յարձակումի Հետեւանքներուն Վերաբերեալ  Փաստեր Ներկայացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ներկայացուցիչները Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Յարձակումի Հետեւանքներուն Վերաբերեալ Փաստեր Ներկայացուցած Են

Յունուար 27, 2023
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը  Եւ Հայաստանի Դեսպանը Քննարկած Են  Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Հոլովոյթը
Հայկական

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Եւ Հայաստանի Դեսպանը Քննարկած Են Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In