Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լարուած Վիճակ` Խորենացի Փողոցին Եւ Սարի Թաղ Շրջանին Մէջ

Յուլիս 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lour-14_72916

29 յուլիսի երեկոյեան լարուած վիճակ տիրեց Երեւանի Սարի թաղ կոչուող շրջանին մէջ: Նախ փոքր բախում եղաւ, այնուհետեւ ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ արգիլուած է հոն հաւաք կատարելը: Երեւանի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեան հաւաքի կազմակերպիչներէն Արմէն Մարտիրոսեանը յորդորեց անօրինական հաւաքը տեղափոխելու այլ վայր մը: Տեսնելով, որ Արմէն Մարտիրոսեան չի համոզուիր, փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեան միացաւ զրոյցին եւ հաւաքուածներուն հրամայեց հեռանալ: Ըստ ոստիկանութեան, այդ հատուածին մէջ մնալը ապահով չէ քաղաքացիներուն համար:

Միեւնոյն ատեն լարուած վիճակ կը տիրէր նաեւ Խորենացի փողոցին մէջ. ոստիկանները նախ յառաջացան` ճամբան պարպելով քաղաքացիներէն եւ զանոնք զանգուածաբար բերման ենթարկելով:

lour-15_72916

Սարի թաղին մէջ լարուած վիճակին ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ գործածուած նռնակներուն եւ այլ յատուկ միջոցներուն պատճառով տուժած է նաեւ երկու ամսուան երեխայ մը, որ շուտով իր մօրը հետ տեղափոխուած է հիւանդանոց: Նռնակներէն մէկը ինկած է բնակելի տուներու վրայ, այդ պատճառով ալ այդ դէպքը արձանագրուած է:

Ոստիկանութեան լրատուական վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին գրած էր, որ երբ հաւաքին մասնակիցներէն անջատուած խումբը փորձած է Սարի թաղի տարածքով մօտենալ անվտանգութեան գօտիին եւ ճեղքել ոստիկանական պատնէշը, պարեկապահակային ծառայութեան տարածքին մէջ գտնուող զինուած անձերը տարբեր ուղղութեամբ կրակ բացած են: Այդ պահուն ոստիկան մը վիրաւորուած է:

Խորենացի փողոցին եւ Սարի թաղին մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած են աւելի քան 40 անձեր, որոնք հիւանդանոց փոխադրուած են:

Գրեթէ նոյն ատեն ոստիկանութեան լրատուական վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ կան անձեր, որոնք անհեթեթ տեղեկութիւններ կը տարածեն այն մասին, որ իբրեւ թէ արտերկրէն արձակազէններ կանչուած են: Ան կոչ ուղղած էր նման մանկամիտ յայտարարութիւններով չգրգռելու մարդիկը եւ չշիկացնել մթնոլորտը: Նշենք, որ Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան նոյն օրը յայտարարած է, որ իբրեւ թէ ռուս արձակազէններ բերուած են` «Սասնայ ծռեր»-ը չէզոքացնելու համար:

Տուժեցին Նաեւ Լրագրողներ

Ոստիկանութեան գործողութիւններուն պատճառով, բացի քաղաքացիներէն, տուժեցին նաեւ լրագրողներ, որոնք ենթարկուեցան բռնութեան, ոմանց տեսախցիկները վնասուեցան:

Aharonian_72916

Աշոտ Ահարոնեան այս մասին յայտնած է, որ պարեկապահակային ծառայութեան անվտանգութեան գօտին ճեղքել փորձող անձերուն դէմ ոստիկանութիւնը յատուկ միջոցներ կիրարկած է: Տեղի ունեցած է բախում, որուն իբրեւ հետեւանք, ցաւօք, տուժած են նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Ան հաստատած է, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն կապուած բոլոր միջադէպերը անյապաղ քննութեան պիտի ենթարկուին, պիտի ճշդուին հանգամանքները եւ համապատասխան տեղեկութիւն պիտի փոխանցուի:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը եւս ահազանգած է այս մասին` կոչ ուղղելով քրէական հետապնդում կատարելու, մանրամասն հետաքննութիւն կատարելու եւ բացայայտելու մեղաւորները:

Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքին Մէջ
Արձակուած Կրակոցներէն Երեք Զինեալներ Վիրաւորուեցան

29 յուլիսին պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած զինեալներէն երեք հոգի վիրաւորուեցաւ:

Ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան առաւօտեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է, որ պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ կրակոցներ լսուած են, արձանագրուած է վիրաւոր մը:

Ոստիկանութեան տուեալներով, տարածքէն արձակուած կրակոցներուն եւ իրաւապահներուն պատասխան կրակոցին պատճառով վիրաւորուած Արթուր Մելքոնեանն ու Արմէն Լամբարեանը տեղափոխուած են հիւանդանոց եւ անհրաժեշտ բժշկական խնամք կը ստանան:

«Ի խախտումն իրաւապահներուն պահանջին, 29 յուլիսին պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ կրակոցներ արձակուած են: Իրաւապահները պատասխան կրակ բացած են: Վիրաւորուած է կրակողներէն մէկը` Արայիկ Խանդոյեանը», ըսած է ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետը:

Հակադարձելով ոստիկանութեան յայտարարութեան` զինուած խումբի անդամ Վարուժան Աւետիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է, որ իրենք ոստիկաններուն ուղղութեամբ չեն կրակած: «Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ներկայացուցիչին հետ կապ հաստատեցինք ու ըսինք` «դուք կը կրակէք, այդ պատճառով ալ մենք կը կրակենք»: Բայց մենք չենք կրակեր իրենց վրայ, մենք կը կրակենք մեր տարածքին մէջ` մեր անվտանգութիւնը ապահովելու համար, օրինակ, սարքի վրայ կը կրակենք, որպէսզի ռումբ չըլլայ, չպայթի ու մեզ չվնասէ», յայտնած է Աւետիսեան:

Ան նաեւ յայտնած է, որ իշխանութիւնները իրենց հետ չեն բանակցիր,  այդ մասին շրջան ընող լուրերը սուտ են:

Երեկոյեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ վիրաւորուեցան եւ «Շտապ օգնութեան» ինքնաշարժով` ոստիկանութեան ինքնաշարժներու ընկերակցութեամբ, երկու այլ վիրաւորներ եւս փոխադրուեցան «Էրեբունի» հիւանդանոց:

Վարուժան Աւետիսեանի համաձայն, խումբի վիրաւոր անդամներէն երկուքը վիրաբոյժի կարիք ունին, եւ իրենք իշխանութիւններէն կը պահանջեն բժշկական մնայուն հերթապահութիւն ապահովել գունդի չէզոք տարածքին մէջ. ան նշած է, որ իրենք բժիշկները պատանդ չեն պահած, այլ իրենց մօտ կը պահեն, որովհետեւ կարիք ունին բժշկական օգնութեան:

Միւս կողմէ, «Շտապ օգնութեան» տնօրէն Թագուհի Ստեփանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ իր ղեկավարած ծառայութիւնը վիրաբոյժներ չունի, հետեւաբար չեն կրնար վիրաբոյժ ուղարկել գունդի տարածք: Ստեփանեանը միեւնոյն ատեն նշած է, թէ որեւէ երաշխիք չունին, որ նոր խումբի անդամները տարածք մտնելէ ետք դուրս պիտի գան: «Երբ իրենք մեր բժիշկները պահեցին իրենց մօտ, իրենք փաստօրէն մեզ խաբեցին: Ըսին, որ երկու ծանր վիրաւոր ունին, եւ անհրաժեշտ է, որ բժիշկները զանոնք հիւանդանոց տեղափոխեն: Ապա պատահեցաւ այնպէս, որ բժիշկները պահուեցան այդ տարածքին մէջ, նաեւ ի յայտ եկաւ, որ մէկ վիրաւոր կայ, իսկ անոր վիճակը այդքան ալ ծանր չէ. բժիշկներուն ըսին, որ դուրս պիտի չգան տուեալ տարածքէն, մինչեւ որ իրենց պայմանները չկատարուին»:

Մինչդեռ Վարուժան Աւետիսեան հաստատած է, որ նոր խումբի տարածք մուտք գործելու պարագային հոն գտնուող բժիշկները կրնան վերադառնալ. «Մենք բժշկական օգնութեան կարիք ունինք, թող այստեղ հերթապահութիւն ճշդուի, որպէսզի կարենանք  վիրաբուժական միջամտութիւն ցուցաբերել վիրաւորներուն, այդ ժամանակ որեւէ խնդիր չ՛ըլլար, եթէ հոս բժիշկներ չըլլան, մենք մէկիկ-մէկիկ կը գնդակահարուինք»:

Պաւլիկ Մանուկեան Կը Շարունակէ Հացադուլը

29 յուլիսին «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներ Պաւլիկ եւ Արամ Մանուկեաններու փաստաբան Ինեսսա Պետրոսեան «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»-ին մէջ տեսակցած է իր պաշտպանեալին հետ` դիտել տալով, որ ինք կը նկատէ, թէ խնամք չի ցուցաբերուիր Արամ Մանուկեանի նկատմամբ:

Ան հանդիպում ունեցած է նաեւ Պաւել Մանուկեանին հետ. «Վիճակը կը մնայ ծանր, տակաւին երեք վիրահատութեան կարիք ունի: Ինչպէս գիտէք, 27 յուլիսի բաց հացադուլ  յայտարարած է: Ներկայիս նաեւ կը մերժէ ցաւազրկիչները»:

 

 

Նախորդը

Տարածքային Զարգացման Ռազմավարութեամբ Կը Նախատեսուի Մարզերուն Մէջ Ստեղծել 50-60 Հազար Նոր Աշխատատեղեր

Յաջորդը

Ռիօ-2016. Ռուս 257 Մարզիկներու Մասնակցութիւնը` Հաստատուած

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?