Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սասնայ Ծռեր» Խումբին Աջակիցները Հանրահաւաք Եւ Երթ Կազմակերպեցին Երեւանի Մէջ

August 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lour-1_80316

Երէկ «Սասնայ ծռեր» խումբին աջակիցները հանրահաւաքի հրաւիրած էին Ազատութեան հրապարակին վրայ: Հանրահաւաքէն ետք  մասնակիցները երթով ուղղուեցան դէպի նախագահական նստավայր: Այդտեղ անոնք վանկարկեցին «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներուն  անունները, հնչեցուցին իրենց պահանջները` ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները, ոչ մէկ զիջում Ղարաբաղի հարցով:

Երթը իր աարտին հասաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Արման Թաթոյեան Երեւանի Դէպքերուն Գծով
Կ՛ակնկալէ Բազմակողմանի Եւ Առարկայական Քննութիւն

lour-2_80316

Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը հրապարակած է Արման Թաթոյեանի դիրքորոշումը` Երեւանի մէջ 17-31 յուլիսին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ նախաքննութեան մարմիններուն մէջ գործերու քննութեան վերաբերեալ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարած է, որ կը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը այն մասին, որ այդ գործերով անհրաժեշտ է ապահովել բազմակողմանի, ամբողջական եւ առարկայական քննութիւն` առաւելագոյն թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան պայմաններու մէջ:

Թաթոյեան հաստատած է, որ իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ հետեւողական պիտի ըլլայ, որպէսզի արդիւնաւէտ քննութիւն կատարուի եւ իր ընդգծած չափանիշները յարգուին այդ հոլովոյթին մէջ:

Ոստիկանապետը Յանձնարարած Է Յայտնաբերել
Սարի Թաղի Դէպքերը Հրահրած Քաղաքացիները

lour-3_80316

Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեան գործադիր ծառայութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարած է յայտնաբերել 29-30 յուլիսին Սարի թաղի միջադէպին մասնակից քաղաքացիները, որոնք սադրած են բախումները եւ բռնութիւն գործադրած են հաւաքի մասնակիցներուն, լրագրողներուն եւ ոստիկաններուն նկատմամբ:

Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութենէն յայտնած են, որ ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանի յանձնարարականով վերոնշեալ դէպքերուն առնչութեամբ ոստիկանութեան ներքին անվտանգութեան վարչութեան կողմէ սկսած են ծառայողական քննութիւններ` թէ՛ ոստիկաններուն կողմէ անհամաչափ ուժ բանեցնելու եւ թէ՛ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու եւ անոնց սարքերը կոտրելու դէպքերով:

Փաստաբանները Կը Պնդեն, Որ Իրենց Պաշտպանեալները
Կ՛ենթարկուին Քաղաքական Հետապնդման

lour-4_80316

Զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով 2 օգոստոսին կալանաւորուած քաղաքական գործիչներու պաշտպանները 3 օգոստոսին յայտարարած են, որ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով կալանաւորուած գործիչներուն նկատմամբ կը կատարուի ոչ թէ իրաւական, այլ քաղաքական հետապնդում: Այս մասին կը գրէ Արտակ Համբարձումեան:

Փաստաբաններուն համաձայն, այդ հետապնդումին նպատակն է կարելիութիւն չտալ, որ իրենք բողոքի քայլեր կազմակերպեն:

«Քննչական մարմինները այսօր կը շարունակեն նոյն մարտիմէկեան ձեռագիրը, քաղաքական բանտարկեալներու նկատմամբ մեղադրանքները  կ՛առաջադրուին նոյն սկզբունքով», յայտնած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ Յովսէփ Խուրշուդեանի փաստաբան Սեդա Սաֆարեան:

Իսկ Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Կարօ Եղնուկեանի պաշտպան Տիգրան Հայրապետեան դիտել տուած է. «Այսպիսի մեղադրանքները ուղղակի մէկ նպատակ ունին, որպէսզի անոնք չշարունակեն հաւաքներ կազմակերպել եւ այլն»:

29 յուլիսին Սարի թաղի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով կալանաւորուած Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի պաշտպան Գիւի Յովհաննիսեան ըսած է, որ կալանաւորումը կատարուած է միայն ոստիկաններուն ցուցմունքներուն հիման վրայ եւ որեւէ այլ ապացոյց չէ ներկայացուած:

Ապացոյցներու բացակայութեան մասին խօսած է նաեւ Դաւիթ Սանասարեանի փաստաբան Ռոպերթ Ռեւազեան` նշելով, որ Սանասարեան ձերբակալուած է հիւանդանոցէն եւ հիմա ալ առողջական մտահոգիչ խնդիրներ ունի:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախկին բանբեր Յովսէփ Խուրշուդեան երկու ոստիկաններու ցուցմունքի հիման վրայ կը մեղադրուի ոստիկաններուն ուղղութեամբ քար նետելու յանցանքով: Անոր փաստաբանը` Սեդա Սաֆարեան, յիշեցուցած է, որ միջազգային կառոյցները բազմիցս դատապարտած են Հայաստանը` միայն ոստիկաններուն վկայութեամբ մեղադրանքներ առաջադրելու գործելաոճին համար:

Հիմնադիր խորհրդարանի անդամ Կարօ Եղնուկեանի փաստաբան Տիգրան Հայրապետեան նշած է, որ զինուած խումբին աջակցելու մեղադրանքով կալանաւորուած իր պաշտպանեալին կը սպառնայ մինչեւ 20 տարուան բանտարկութիւն: Ըստ Հայրապետեանի, Եղնուկեան կը մեղադրուի 4 դրուագով, որ բոլորն ալ, ըստ փաստաբանին, յանցագործութիւններ պէտք չէ նկատել:

Բոլոր փաստաբաններն ալ ըսած են, որ պիտի բողոքարկեն կալանաւորումներու որոշումները` ընդհուպ մինչեւ Եւրոպական դատարան:

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Կ՛առաջարկուի Նախագահական Կառավարման Ձեւ

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիա Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.