Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Միաձայնութեամբ  Ընդունած Է Հայոց Ցեղասպանութեան  Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Միաձայնութեամբ Ընդունած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծին, որ Խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած էր Ֆրանսայի կառավարութիւնը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան: «Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորները միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեր են կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին, որուն մէջ կ՛առաջարկուի քրէականացնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Նախագիծը սեպտեմբերին պիտի  քննարկուի...

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը  Հանդէս Եկած Է Յայտարարութեամբ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդէս Եկած Է Յայտարարութեամբ

30 յունիսին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի 3-րդ նստաշրջանի եզրափակիչ լիագումար նիստը: Նիստին Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որ ներկայացուած է խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանին կողմէ: Ստորեւ յայտարարութիւնը.- «Մէկ տարիէն աւելի է, որ իր աշխատանքները սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային Ժողովը: Անցնող տարուան ընթացքին մենք առնչուած եղած ենք բազմաթիւ...

Սերժ Սարգսեան Ներկայ Գտնուած Է  Սահմանադրութեան Օրուան  Նուիրուած Ընդունելութեան

Սերժ Սարգսեան Ներկայ Գտնուած Է Սահմանադրութեան Օրուան Նուիրուած Ընդունելութեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ ներկայ գտնուած է Սահմանադրութեան օրուան նուիրուած ընդունելութեան: Օրուան առիթով տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական դատարանի նախագահ, իրաւագիտութեան դոկտոր, փրոֆ. Գագիկ Յարութիւնեանի «Սահմանադրական մշակոյթ. պատմութեան դասերը եւ ժամանակի մարտահրաւէրները» գիրքի շնորհահանդէսը, որուն հրատարակութիւնը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:

«Ազդակ» Կը Մասնակցի Սփիւռքի Նախարարութեան  Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի  Կազմակերպած Լրագրողներու Ամառնային Դպրոցին

«Ազդակ» Կը Մասնակցի Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Կազմակերպած Լրագրողներու Ամառնային Դպրոցին

«Ազդակ»-ի կողմէ` արտաքին էջերու պատասխանատու խմբագիր Ժաք Յակոբեան, ինչպէս նաեւ աշխատակիցներ Սիլվա Գարավարդանեան եւ Սեւակ Արոյեան կը մասնակցին 3-էն 16 յուլիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի Լրագրութեան ամպիոնի կազմակերպած լրագրողներու դպրոցի դասընթացքներուն: Տարբեր երկիրներէ Երեւան հասած խմբագիրներ եւ լրագրողներ ներկայ պիտի ըլլան լրագրութեան, մամուլի եւ ընդհանրապէս լրատուամիջոցներու վերաբերող մասնագիտական դասախօսութիւններու: Ընթացքին, «Ազդակ» պարբերաբար պիտի անդրադառնայ...

Այցելութիւն` Պէյրութի  Նահանգապետ Զիատ Շպիպի

Այցելութիւն` Պէյրութի Նահանգապետ Զիատ Շպիպի

  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ` Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի եւ Յակոբ Թերզեանի, այցելեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Պէյրութ քաղաքին հետ առնչուող խնդիրներ, որոնց կարգին` հայկական թաղամասերուն հետ կապուած հարցեր: Քննարկուեցաւ նաեւ աղբերու հարցի լուծման օրակարգով Պէյրութի նահանգապետութեան պատասխանատուութիւնը եւ անհրաժեշտ դերակատարութիւնը: Նահանգապետ Շպիպ կարեւոր նկատեց հայ համայնքին հետ յաւելեալ...

Սերժ Սարգսեան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու  Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Սերժ Սարգսեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսյան երէկ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով, զրուցակիցները անդրադարձեր են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման  բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումներուն, մասնաւորապէս` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացման ընթացքին:  

Այցելելով Հայաստան`  «Լեռնային Ղարաբաղի Սթաթիւս Քոյին  Պահպանումը Անկարելի Է»  Յայտարարեց Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր

Այցելելով Հայաստան` «Լեռնային Ղարաբաղի Սթաթիւս Քոյին Պահպանումը Անկարելի Է» Յայտարարեց Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 29 յունիսի երեկոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը Հայաստանի մէջ եւ նշած, որ անոր այցելութիւնը լաւ առիթ է քննարկելու ինչպէս ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութեան, այնպէս ալ հայ-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ բարձր ղեկավարութեան`...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Ծերակոյտի`  Հայաստանին Եւ Արցախին  Օգնութիւն Ցուցաբերելու Որոշումը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Ծերակոյտի` Հայաստանին Եւ Արցախին Օգնութիւն Ցուցաբերելու Որոշումը

«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղին անմիջական օգնութիւն ցուցաբերելուն հաւատարիմ մնալու իր որոշումը: Ծրագիրը 1998-էն մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն: Ծերակոյտը նաեւ յանձնարարած է ելեւմտական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի մէջ բնակող գաղթականներուն: Այս մասին կը յայտնեն Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի  յանձնախումբէն: «Յանձնախումբը կ՛աջակցի Հայաստանի մէջ գաղթականներու, մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ...

Քնեսեթը 5 Յուլիսին Պիտի Քննարկէ  Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

Քնեսեթը 5 Յուլիսին Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալը Իսրայէլի Բարոյական Պարտքն Է» Կ՛ըսէ Յակոբ Սեւան ՀՅԴ Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւան` անդրադառնալով 5 յուլիսին Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի քննարկման, նշեց, որ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վերաբերեալ Քնեսեթէն դրական ազդակներ կու գան, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ ներկայ փուլին մէջ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան: «Հայ դատի յանձնախումբը չի...

Քաան Հողին Յանձնեց Ահաբեկչութեան Դէմ  Պայքարած Իր Նահատակ Զաւակները

Քաան Հողին Յանձնեց Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարած Իր Նահատակ Զաւակները

Երկուշաբթի օր Քաան հարուածած անձնասպանական գործողութիւններէն ետք շրջանը դարձաւ զինուորական գօտի մը, ուր բանակին կողմէ որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ եւ տիրեց զգուշաւոր մթնոլորտ: Քաայի նահատակ զաւակները` Ժորժ Ֆարես, Ժոզեֆ Լայեուս, Ֆայսալ Աատ, Պուլոս Ահմետ եւ Մաժետ Ուեհպէ յետմիջօրէին սպիտակ դագաղներով փոխադրուեցան իրենց գիւղաքաղաքը, ուր անոնք դիմաւորուեցան հերոսներու նման: Անոնց կորուստին դիմաց, ահաբեկչութեան զոհերուն հարազատներուն եւ ամբողջ գիւղաքաղաքին ցաւը մեծ էր,...

Աշխատանքային Հանդիպում Վարչապետ  Սալամի Հետ` Պուրճ Համուտի Թափօններու  Թաղման Վայրերուն Շուրջ

Աշխատանքային Հանդիպում Վարչապետ Սալամի Հետ` Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայրերուն Շուրջ

ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ մասնակցութեամբ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Սիմոնեանի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, աշխատանքային նիստ մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, ներկայութեամբ` Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժըսրի եւ խորհուրդի կարգ մը մասնագէտներու: Հանդիպումին օրակարգն էր Պուրճ Համուտի վնասազերծուած աղբերու եւ թափօններու թաղման վայրի...

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով  Ընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ  Փոփոխութիւններ Կատարելու Նախագիծը

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Նախագիծը

29 յունիսին Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց կառավարութեան կողմէ ներկայացուած` Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը: 4+4+4 ձեւաչափով բանակցութիւններէ ետք, նշենք, Ընտրական օրէնսգիրքին շուրջ փոխհամաձայնութեան մասին յայտարարութիւն ստորագրուեցաւ, ըստ անոր, ընտրութիւնները ընտրական կեդրոններուն մէջ պիտի նկարահանուին, պիտի ներդրուի մատնահետքերու ելեկտրոնային արձանագրութեան համակարգ, ընտրելու համար պիտի կիրարկուին միայն նոյնականացման քարտեր, իսկ ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներուն ցանկերը պահանջուելու պարագային պիտի...

Ռուստամեան. «Ռուս-Թրքական  Յարաբերութիւնները  Այլեւս Նոյնը Պիտի Չըլլան»

Ռուստամեան. «Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւնները Այլեւս Նոյնը Պիտի Չըլլան»

Ազգային ժողովի  ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան չ՛ընդունիր այն բնորոշումը, թէ երբ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները լարուին կամ բարելաւուին, վնաս են Հայաստանին համար: «Երկիր»-ին հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ աշխարհի պետութիւնները ունին իրենց շահերը, եւ ամէն փոփոխութեան պարագային, Հայաստան պէտք է վերադասաւորուի, որպէսզի հաւանական բացասական հետեւանքները չէզոքացնէ: «Թուրքիան վտանգ է Հայաստանի համար, շատոնց յայտնի է: Անկախ անկէ, թէ Թուրքիան Ռուսիոյ հետ...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ի  Պաշտպանութիւն  Կարօ Փայլանին Շարժում Մը Կը Սկսի

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ի Պաշտպանութիւն Կարօ Փայլանին Շարժում Մը Կը Սկսի

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ամերիկահայերուն ու մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն տարածած է յայտարարութիւն մը, որով կոչ կ՛ուղղէ այցելելու anca.org/paylan կայքը ու պահանջելու, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յառաջատար կազմակերպութիւնները բարձրաձայնեն Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի նկատմամբ յարձակումներու եւ հետապնդումներու մասին: «Բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք մտահոգուած են իր հայկական ծագումին եւ տեսակէտները ազատ արտայայտելու պատճառով յարձակումներու ենթարկուած Կարօ...

Ակնարկ.  Քաան Լիբանանի Եւ Եւրոպայի  Պաշտպանութեան Գիծն Է

Ակնարկ. Քաան Լիբանանի Եւ Եւրոպայի Պաշտպանութեան Գիծն Է

Քաայի մէջ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած 9 անձնասպանական գործողութիւններու երեւոյթը անմիջական ուղերձներէ աւելի Լիբանանին վերապահուող նոր ժամանակաշրջանի մը մասին մշուշոտ հեռանկարներ կը պարզէ: Անձնասպանական գործողութիւններու թիրախ ընտրուած աշխարհագրական այս վայրը անմիջապէս մտաբերել կու տայ սուրիական պատերազմի խճանկարը կազմող հիմնական մէկ գործօնին` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէպի Լիբանան աշխուժ ներթափանցման մասին: Անշուշտ առաջին անգամը չէ, որ Սուրիայէն արտահանուող եւ Լիբանան ներածուող ահաբեկչական արարներ...

«Դաշնակցութիւնը Կողմ  Պիտի Քուէարկէ Ընտրական Օրէնսգիրքին»  Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«Դաշնակցութիւնը Կողմ Պիտի Քուէարկէ Ընտրական Օրէնսգիրքին» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին, ուր կը քննարկուէին ընտրական օրէնսգիրքին փոփոխութիւնները, ՀՅԴ խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Անոր խօսքով` այդ քննարկումներէն այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ կան որոշ մարդիկ, որոնք բացառիկ տաղանդ ունին` ամէն բան իրար խառնելու, որ ոչ ոք հասկնայ, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն ընել: «Եկէք դադրեցնենք ասիկա, որովհետեւ անոր պատճառով կրնայ պտուղը պտղաջուրին հետ...

ՀՅԴ Եւրոպայի Եւ Պելճիքայի Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Պելճիքայի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Եւրոպայի Եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբերու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պելճիքայի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբերէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէ, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանէ, ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Լիաննա Մարգարեանէ եւ քարտուղար Աշխէն Ֆիքսովայէ, այցելեց Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան Ռիւտիկեր Լիւտեքինկի հետ: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի...

Փորթուգալի Պատուոյ Հիւպատոսարանի  Բացում` Երեւանի Մէջ

Փորթուգալի Պատուոյ Հիւպատոսարանի Բացում` Երեւանի Մէջ

Այս շաբաթ Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Փորթուգալի պատուոյ հիւպատոսութեան: Փորթուգալի կառավարութիւնը, Մոսկուայի մէջ Փորթուգալի դեսպան Մարիօ Կոտինիօ տէ Մաթոսի միջոցով, Հայաստանի մէջ պատուոյ հիւպատոս նշանակեց Սամուէլ Սամուէլեանը: Լիբանանահայ Սամուէլ Սամուէլեան, որ Երեւան հաստատուած է 2001 թուականէն ի վեր, 15 տարուան լայն փորձառութիւն եւ կապեր ունի Հայաստանի գործարարական եւ կառավարական շրջանակներուն հետ: Հիւպատոսութեան դերը պիտի ըլլայ աջակցիլ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրին...

Անձնասպանական Գործողութիւններուն Դէմ  Դատապարտումի Ալիքը Կը Շարունակէ Բարձրանալ,  Իսկ Քաայի Զոհերը Այսօր Կը Յանձնուին Հողին

Անձնասպանական Գործողութիւններուն Դէմ Դատապարտումի Ալիքը Կը Շարունակէ Բարձրանալ, Իսկ Քաայի Զոհերը Այսօր Կը Յանձնուին Հողին

Քաայի մէջ երէկ տիրեց զգուշաւոր մթնոլորտ. հակառակ գիւղաքաղաքին մէջ տեղակայուած մեծաթիւ բանակայիններու ներկայութեան, Քաայի երիտասարդները զինուած ու պատրաստուած հսկեցին իրենց շրջանին եւ ընտանիքներուն ապահովութեան: Քաայի բնակիչները այսօր իրենց զոհերը կը յանձնեն հողին, սակայն հակառակ իրենց շրջանը հարուածած ողբերգութեան, անոնք կը հաստատեն հողին հանդէպ իրենց կառչածութիւնը: Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար, որ յայտնեց, թէ զոհերուն յուղարկաւորութիւնը մէկ օրով յետաձգուած է ապահովական պատճառներով,...

Նախագահ Սարգսեան. «Պապին Սկզբունքային  Դիրքորոշումը Եւ Գերմանիոյ Խորհրդարանին  Որոշումը Ճամբայ Կը Հարթեն Նորանոր Ճանաչումներու»

Նախագահ Սարգսեան. «Պապին Սկզբունքային Դիրքորոշումը Եւ Գերմանիոյ Խորհրդարանին Որոշումը Ճամբայ Կը Հարթեն Նորանոր Ճանաչումներու»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կը կարծէ, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) պիտի յաղթէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: «Ռոյթըրզ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան ընդգծեց, որ Հանրապետականի պարտութեան պարագային քաղաքականութեան մէջ այլեւս ընելիք պիտի չունենայ, ապա ծիծաղով բացառեց անոր  հաւանականութիւնը: «Եթէ կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն  անյաջողութեան մատնուի, ես այլեւս քաղաքականութեան մէջ ի՞նչ ունիմ ընելիք», ըսաւ նախագահը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին` ընդգծելով,...

Page 691 of 796 1 … 690 691 692 … 796

Արխիւներ