
Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, երեսփոխաններ Ֆատի Հապըր, Ալի Ամմար, Նաուաֆ Մուսաուի, Հիքմաթ Տիպ, Եասին Ժապեր, Ալեն Աուն, Սիմոն Ապի Ռամիա, Աթեֆ Մաժտալանի, Ահմետ Ֆաթֆաթ, Ժամալ Ժարրահ, Հանրի Հըլու, Էլի Մարունի եւ Սամեր Սաատէ, ինչպէս նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր եւ Շեհայէպի օգնական փորձագէտներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան աղբի տագնապը լուծելու կարելիութիւնները:
Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ առաջնահերթութիւնը աղբի տագնապին լուծումն է` նկատի ունենալով, որ աղբերը կը գտնուին հիւսիսային Մեթնի եւ Քեսրուանի փողոցներուն մէջ եւ այս կացութեամբ շարունակելը մերժելի է:
Այս դիտանկիւնէն մեկնելով Քանաան հաստատեց, որ աղբի տագնապին հարցը պէտք է լուծուի ըստ օրէնքի եւ ոչ թէ քաղաքականութեան:
Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին ՀՅԴ-ի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարներուն ներկայութիւնը եւս ցոյց կու տայ, որ աղբի տագնապին գծով կառավարութեան լուծումը օրինակելի չէ, «եւ մենք գիտենք, որ աղբի տագնապին լուծումը պիտի ըլլայ երկարատեւ եւ հիմնուած պիտի ըլլայ վարչական ապակեդրոնացումի դրութեան վրայ», շեշտեց Քանաան:
Ան ընդգծեց, որ այս հարցին արմատական լուծում կարելի է ապահովել բջիջային հեռաձայնի նիւթական շահերը ամբողջութեամբ տրամադրելով քաղաքապետարաններուն, «եւ այս մասին գրեթէ համախոհութիւն գոյութիւն ունի` ներկայ երեսփոխաններուն եւ աղբի տագնապի լուծման կառավարութեան յանձնախումբին կողմէ», ըսաւ ան:
Քանաան նշեց, որ թափօններու թաղման պարագային կառավարութեան ճշդած թափօններու քանակը շրջանցուած է, այն իմաստով, որ 1200 թոնի փոխարէն 1500 թոն թափօններ թաղուած են:
Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան ճշդած աղբի տագնապին լուծման շրջագիծին մէջ մնալով հանդերձ, իրենք Մեթնի, Քեսրուանի, Պաապտայի, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի եւ Սըտ-Պաուշրիէ-Ժտէյտէի քաղաքապետութիւնները հրաւիրած են նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` չորեքշաբթի, 31 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, քննարկելու համար աղբի տագնապի լուծման այլընտրանքները:
Քանաան շեշտեց, որ չորեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին նոր առաջարկներ, որոնք պիտի ներկայացուին քաղաքապետութիւններուն: Ան հաստատեց նաեւ, որ խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին ընթացքին գոյացած հասարակ յայտարարը այն է, որ Մեթնի ծովեզերքը եւ շրջանին փողոցները աղբանոցներու պէտք չէ վերածել:
«Մենք համաձայնեցանք, որ ոչ ոք ուրիշը շանթաժի պիտի ենթարկէ: Կայ որոշում, կայ ծրագիր եւ պէտք է արագացնել վարչական ապակեդրոնացումի դրութեան գործադրութիւնը», ըսաւ ան:
Քանաան ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են լսելու եւ քննարկելու բոլոր առաջարկները` շեշտելով կառավարութեան խոստացած երաշխիքները յարգելու կարեւորութիւնը: «Մենք կարիքը ունինք փոխանցման շրջանի երկրորդ հանգրուանին անցնելու: Մենք շինիչ կերպով կ՛ուղղուինք դէպի լուծում` մերժելով մեր փողոցները վերածել աղբանոցներու, որոնցմէ պիտի վնասուին քաղաքացիները: Իսկ լուծումները կախեալ են քաղաքապետութիւններուն կողմէ տրուելիք պատասխաններէն», հաստատեց ան:


