Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այնքան Ատեն Որ Վնասազերծուած Թափօններու Թաղման Վայրին Ճակատագիրը Կը Մնայ Անորոշ, Մենք Աղբի Ժամանակաւոր Մթերանոցը Փակ Պիտի Պահենք» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

August 27, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Guidanian2_82616ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան «Սաֆիր» եւ «Լորիան լը Ժուր» օրաթերթերուն, «Նաշրա» կայքին, ինչպէս նաեւ «Նուր» եւ «Սաութել Մատա» ձայնասփիւռի կայաններուն հետ ունեցաւ հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ աղբի ընդունումը առկախելու Կեդրոնական կոմիտէի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան որոշումին:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ ժամանակաւոր կերպով ստեղծուած աղբի մթերանոցը փակելու որոշումը տրուած է կանխարգիլելու համար նոր աղբակոյտի մը ստեղծումը:

Ան յայտնեց, որ կառավարութեան հետ գոյացաւ 4 տարուան վրայ երկարող համաձայնութիւն մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլար աղբի տագնապին վերջնական լուծումներու յանգիլ:

«Ըստ այդ համաձայնութեան, Պուրճ Համուտի մէջ պիտի ստեղծուէր վնասազերծուած թափօններու թաղման վայր մը, որուն իբրեւ պատրաստութիւն` համաձայնութեան գործադրութեան առաջին չորս ամիսներուն ընթացքին աղբի ժամանակաւոր մթերանոցին մէջ օրական դրութեամբ 1200 թոն աղբ պիտի ընդունուէր: Սակայն երբ ոմանք ընդդիմացան վնասազերծուած թափօններու թաղման վայր մը ստեղծելու ծրագիրին եւ կասեցուցին զայն, ապա կարելի չէր շարունակել աղբի ընդունումը` առաջքը առնելու համար նոր աղբակոյտի մը ստեղծումին», ըսաւ Ա. Կիտանեան:

Ան աւելցուց, որ այնքան ատեն որ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրին ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, աղբի ժամանակաւոր մթերանոցը փակ պիտի պահուի:

Հետագային որդեգրուելիք քայլերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այլ քայլերու պիտի չդիմէ: «Մենք լուծումներ առաջարկեցինք, երբ երկիրը աղբերու մէջ խեղդուած էր, եւ ընդառաջեցինք կառավարութեան տրամադրած ելքին` լուծելու համար տիրող տագնապը, սակայն ըստ երեւոյթին ոմանք կը մերժեն աղբի տագնապին լուծումը», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Լեւոն Մնացականեան. «Մենք Տակաւին Կարելիութիւն Կ՛ունենանք Վերադարձնելու Մեր Կորսնցուցած Դիրքերը»

Յաջորդը

Փութին Պարգեւատրած Է Նալբանդեանը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.