Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսանողներուն Կարելիութիւն Պիտի Տրուի Պսակաւոր Արուեստիցը Աւարտել 3 Տարուան Մէջ

August 29, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Levon_82816

26 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան այցելած էր Լոռիի մարզ` հանրակրթական դպրոցներու ուսուցիչներու եւ տնօրէններու  օգոստոսեան խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու:

Նախարարը նախ ներկայացուցած է կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ յառաջիկային կատարուելիք փոփոխութիւնները:

Ան նշած է, որ սեպտեմբերին քննարկման պիտի դրուի «Բարձրագոյն կրթութեան մասին» օրէնքը, որ շարք մը փոփոխութիւններ կրած է: Մասնաւորապէս` ուսանողը լրացուցիչ առարկաներու հաշուոյն կրնայ  յատուկ թիւով քրետիթներ հաւաքել եւ, իր ընտրած մասնագիտութեան հետ միասին, ստանալ նաեւ երկրորդ մասնագիտութիւն:

Բացի ատկէ, արդէն տեղեկացուցած ենք, որ աւագ դպրոցի վերջին` 12-րդ դասարանի աշակերտը միայն երեք նիւթ պիտի ունենայ, եւ անոնք այն նիւթերն են, որոնք պէտք են աշակերտին համալսարան ընդունուելու համար:

«Ասոր կը յաջորդէ այն, որ 12-րդ դասարանին մէջ քրետիթային համակարգ կը ներդնենք, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ աշակերտին քրետիթներ հաւաքելու համալսարանի համար: Այս ալ իր կարգին ուսանողին արդէն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ պսակաւոր արուեստիցի ուսումը աւարտել 3  տարուան ընթացքին: Մեր մօտ ընդունուած է, որ պսակաւոր արուեստիցը թերի բարձրագոյն կրթութիւն է, սակայն այդպէս չէ, անիկա  ամբողջական է, ո՞վ ըսաւ, որ բոլորը պէտք է մագիստրոսութեան եւ  ասպիրանտուրայի մէջ կրթութիւն ստանան: Պսակաւոր արուեստիցը աւարտելէ ետք ուսանողը նախ պէտք է իր ստացած գիտելիքները  աշխատաշուկային մէջ փորձէ, եւ եթէ չբաւարարուեցաւ, կամ այլ աշխատանքի փնտռտուքներու հարց յառաջանայ, այն ատեն միայն ան  պէտք է մագիստրոսութեան դիմէ», ըսած է Մկրտչեան:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Պիելոռուսիա

Յաջորդը

ՀՅԴ Անդամները` Վանաձորի Մէջ. «Պիտի Պայքարինք Միայն Յաղթելու Համար»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.