Գլխաւոր լուրեր

Ռուստամեան. «Դաշնակցութիւնը  Ոչ Մէկ Զիջում Կրնայ Ընդունիլ»

Ռուստամեան. «Դաշնակցութիւնը Ոչ Մէկ Զիջում Կրնայ Ընդունիլ»

Երէկ լրագրողները Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանէն հետաքրքրուեցան, թէ ինչո՛վ պայմանաւորուած են Ալիեւի յայտարարութիւնները այն մասին, որ հետաքննութեան մեքանիզմներու տեղադրումը սահմանին աւելորդ է, եւ որ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման պիտի երթայ փուլային տարբերակով: Ռուստամեան ըսաւ, որ Ալիեւի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ այդ ամէնը Ալիեւի ցանկութիւնն է, այլ ոչ եթէ այն, ինչ որ խօսուած է բանակցութիւններուն ընթացքին:...

Թաթոյեան ՄԱԿ-ին Ներկայացուցած Է  Ղարաբաղի Նկատմամբ  Ազրպէյճանի Դաժանութիւնները

Թաթոյեան ՄԱԿ-ին Ներկայացուցած Է Ղարաբաղի Նկատմամբ Ազրպէյճանի Դաժանութիւնները

Երէկ Ժընեւի մէջ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գրասենեակի ղեկավար Ճիաննի Մակազզենիին հետ: Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին փոխանցումով, Թաթոյեան ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու  յանձնակատարի գրասենեակին ներկայացուցած է ապրիլի սկիզբը  Ազրպէյճանի նախաձեռնած զինուորական յարձակումներուն ընթացքին Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ կատարուած մարդու իրաւունքներու հիմնարար խախտումները, Ղարաբաղի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի...

Ահաբեկչութիւնը Կը Թակէ Լիբանանի Դռները .  Մէկ Օրուան Ընթացքին 9 Անձնասպանական  Գործողութիւններ Թիրախ Կը Դարձնեն Քաայի  Շրջանը` Պատճառելով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Ահաբեկչութիւնը Կը Թակէ Լիբանանի Դռները . Մէկ Օրուան Ընթացքին 9 Անձնասպանական Գործողութիւններ Թիրախ Կը Դարձնեն Քաայի Շրջանը` Պատճառելով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

  Լիբանանցիներուն, յատկապէս Քաայի բնակչութեան համար երէկ ցաւալի եւ ողբերգական օր մըն էր: Մէկ օրուան ընթացքին 9 անձնասպանական գործողութիւններ թիրախ դարձուցին Քաայի շրջանը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Այդ գործողութիւններէն չորսը արձանագրուեցան առաւօտեան կանուխ ժամերուն, իսկ հինգը` ուշ գիշերին, նուազ քան մէկ ժամուան ընթացքին: Լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, երէկ գիշեր ժամը 10:30-ին անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը մոթորսիքլեթով անցաւ Քաայի Մար...

Պէյրութահայութիւնը Անգամ Մը Եւս  Իր Զօրակցութիւնն Ու Վստահութիւնը  Յայտնեց ՀՅԴ-ին. ՀՅ Դաշնակցութեան Եւ Իր Ցանկակիցներուն Բոլոր Թեկնածուները` Յաղթական

Պէյրութի Քաղաքապետական Խորհուրդի Յանձնախումբերու Երկու Հայ Նախագահ

Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը իր վերջին նիստին կազմեց խորհուրդի յանձնախումբերը եւ ընտրեց անոնց նախագահները: Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ տոքթ. Սահակ Քէշիշեան ընտրուեցաւ առողջապահութեան յանձնախումբի նախագահ: Առաջին անգամն է, որ այս կարեւոր յանձնախումբին նախագահութիւնը կը ստանձնէ հայ անդամ մը: Քաղաքապետական խորհուրդը կազմեց նաեւ հանրային յարաբերութեանց յանձնախումբը, որուն առաջին անգամ ըլլալով նախագահ ընտրուեցաւ Յակոբ Թերզեան:

Պատմական Այցելութիւն`  «Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր»

Խմբագրական. «Այց Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր». Քաղաքական Ենթաբնագիրներ

Ֆրանչիսկոս պապի Հայաստան այցելութեան առիթով կատարած յայտարարութիւնները ընդհանուր առումով թէ՛ հայկական եւ թէ՛ միջազգային պետական, հասարակական եւ լրատուական լուսարձակները կեդրոնացուցին Ցեղասպանութեան բնորոշումին վրայ: Այստեղ անշուշտ կար հետեւողականութիւն պահելու սկզբունքայնութիւն, Վատիկանի մէջ կատարուած յայտարարութեան շարունակութեան տրամաբանութիւն, բարոյական չափանիշներու յարգում, արդարութիւն  եւ խաղաղութեան ուղղութեամբ հոգեւոր պետէ մը ակնկալուած համապատասխան հռետորաբանութիւն: Բարոյական այս չափանիշներուն կ՛ընկերակցէին անշուշտ պապի պահուածքը, զսպուածութիւնը, ժուժկալութիւնը, համեստութեան օրինակ հանդիսանալու...

«Յիշողութիւնը Ո՛չ Կարելի Է Պղտորել,  Ո՛չ Ալ Մոռնալ: Յիշողութիւնը Խաղաղութեան  Եւ Ապագայի Աղբիւրն Է»

«Յիշողութիւնը Ո՛չ Կարելի Է Պղտորել, Ո՛չ Ալ Մոռնալ: Յիշողութիւնը Խաղաղութեան Եւ Ապագայի Աղբիւրն Է»

Այս միտքը կազմեց առանցքը այն արձանագրութեան, որ շաբաթ առաւօտեան կատարեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ հիւրերու տետրակին մէջ` վկայակոչելով Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակները եւ խոր ցաւով աղօթելով, որ չկրկնուին 20-րդ դարու սկիզբի առաջին ցեղասպանութեան նման ողբերգութիւնները: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան յաջորդած բոլոր հանդիպումներուն եւ բազմամարդ արարողութիւններուն ընթացքին, անցնող երկու օրերուն Ֆրանչիսկոս պապին բոլոր պատգամներուն միտք բանին կեդրոնացաւ խաղաղութեան հաստատման,...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի  Եւ Հռոմի Պապի Միացեալ Հռչակագիրը.  «Յոյսով Ենք, Որ Լեռնային Ղարաբաղին  Վերաբերող Հարցերը Կը Գտնեն Խաղաղ Լուծում»

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Եւ Հռոմի Պապի Միացեալ Հռչակագիրը. «Յոյսով Ենք, Որ Լեռնային Ղարաբաղին Վերաբերող Հարցերը Կը Գտնեն Խաղաղ Լուծում»

26 յունիսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին միացեալ հռչակագիրի ստորագրութեան արարողութիւնը: Հռչակագիրին մէջ նշուած է. «Այսօր համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Սուրբ Էջմիածնում, մենք` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Ֆրանչիսկոս պապը, ընծայում ենք մեր մտքերը եւ սրտերը որպէս շնորհակալութեան տուրք Ամենակարողին` պայքարով քայքայուած եւ սփոփանքի ու...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան  Եւ Օծման 21-րդ Տարեդարձը Նշուեցաւ  Գոհաբանական Աղօթքով  Եւ Ծառայական Ուխտի Վերանորոգումով

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 21-րդ Տարեդարձը Նշուեցաւ Գոհաբանական Աղօթքով Եւ Ծառայական Ուխտի Վերանորոգումով

Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման տարեդարձին առիթով, հայ եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենան Հայրապետական Մաղթանքի արարողութիւններ: Այս տարի եւս, Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական ընտրութեան (28 յունիս 1995) եւ օծման (1 յուլիս 1995) 21-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք: Եկեղեցական արարողութեան ներկայ...

Ակնարկ.   Եւրոպական Միութեան Առջեւ  Ծառացող Սուր Մարտահրաւէրները

Ակնարկ. Եւրոպական Միութեան Առջեւ Ծառացող Սուր Մարտահրաւէրները

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կայացած հանրաքուէի արդիւնքները մէկ կողմէ ցնցիչ են հետագայ իրադարձութիւններու եւ հետեւանքներու տարբեր վարկածներու առաջ քշումով, միւս կողմէ բոլորովին յանկարծակիութեան գործօնով չեն մեկնաբանուիր, շեշտելու համար Մեծն Բրիտանիոյ արդէն իսկ տարիներու վրայ երկարող վերապահութիւնը` համաեւրոպական համաձայնութիւններու եւ կառոյցներու մաս կազմելու առումով: Մեծն Բրիտանիան այսպիսով, որ արդէն մաս չէր կազմեր Եւրոյի գօտիին եւ շենկենեան համաձայնութեան, դուրս կու գայ նաեւ Եւրոպական...

Պատմական Այցելութիւն`  «Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր»

Պատմական Այցելութիւն` «Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր»

«Կը Խոնարհիմ Ողորմութեան Առջեւ Տիրոջ, Որ Կամեցաւ, Որ Հայաստանը Ըլլայ Այն Առաջին Երկիրը, Որ 301 Թուականին Ընդունեց Քրիստոնէութիւնը Իբրեւ Իր Կրօնը» Ս. Էջմիածինի Մէջ Յայտարարեց Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրաւէրով 24 յունիսին եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան հասաւ Հռոմի սրբազան պապը` «Այցելութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսով: Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ...

«Այդ Ողբերգութիւնը` Ցեղասպանութիւնը,  Ցաւօք, Գլխաւորեց Տխուր Ցանկը  Անցեալ Դարու Անմարդկային Աղէտներուն»  Յայտարարեց Ֆրանչիսկոս Պապը

«Այդ Ողբերգութիւնը` Ցեղասպանութիւնը, Ցաւօք, Գլխաւորեց Տխուր Ցանկը Անցեալ Դարու Անմարդկային Աղէտներուն» Յայտարարեց Ֆրանչիսկոս Պապը

Հայաստան տուած այցելութեան ծիրին մէջ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը նախագահական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ դիտել տուաւ, թէ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 տարիներուն ընթացքին հայ ժողովուրդին համար պատմական իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են: «Մենք շնորհակալ ենք մեր հինաւուրց հողին եւ բազմաչարչար ժողովրդին օրհնութիւն բերելու համար», ըսաւ նախագահ Սարգսեան` յիշելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած...

«Լիբանանի Ապագան Ու Ճակատագիրը Կարելի  Չէ Անջատել Սուրիայէն Եւ Իրաքէն»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Լիբանանի Ապագան Ու Ճակատագիրը Կարելի Չէ Անջատել Սուրիայէն Եւ Իրաքէն» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Դիմադրութեան զինուորական թեւի ղեկավարներէն Մուսթաֆա Պատրէտտինի (Զուլ Ֆիքար) նահատակութեան քառասունքին առիթով երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Դիմադրութիւնը կազմակերպեց յիշատակի ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկ, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը կը պաշտպանէ Լիբանանն ու լիբանանցիները: «Լիբանանի ապագան ու ճակատագիրը կարելի չէ անջատել Սուրիայէն եւ Իրաքէն», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա: Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ...

Բրիտանիան Դուրս Կու Գայ  Եւրոպական Միութենէն

Բրիտանիան Դուրս Կու Գայ Եւրոպական Միութենէն

Եւրոպական Միութեան 43 տարի անդամակցելէ ետք, Բրիտանիան պատմական հանրաքուէի մը արդիւնքին լոյսին տակ դուրս կու գայ միութենէն: Անդամակցութեան դադրեցման ի նպաստ քուէարկեցին 17.410.742 քուէարկողներ (քուէներուն 51,9 առ հարիւրը), իսկ անդամակցութեան շարունակման ի նպաստ` 16.141.241 քուէարկողներ (քուէներուն 48,1 առ հարիւրը): Մասնակցութեան համեմատութիւնը 71,8 առ հարիւր էր, ինչ որ 1992-էն ի վեր մեծագոյնն էր: Կալեսն ու բացի Լոնտոնէն Անգլիոյ մեծամասնութիւնը քուէարկեց ի...

Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահները  Խորհրդակցութիւն Ունեցած Են Բանակի  Բարձրագոյն Սպայական Կազմին Հետ

Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահները Խորհրդակցութիւն Ունեցած Են Բանակի Բարձրագոյն Սպայական Կազմին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 յունիսին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Արցախ: Հանրապետութեան հարաւային թեւին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան այցելած են սահմանագիծի կարգ մը հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած են զինուորներուն ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին: Նոյն օրը հայկական երկու պետութիւններուն ղեկավարները մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ ունեցած են խորհրդակցութիւն պաշտպանութեան...

Սարգսեան – Փութին – Ալիեւ  Հանդիպման Ընթացքին.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Լուծումը Զարգացնելու Համաձայնութիւն

Ակնարկ. Վիեննան Վերահաստատուած Է Առանց Բաղադրիչներու Ուղղակի Նշումին

Փեթերսպուրկեան հանդիպումը, պահելու համար քաղաքական տրամաբանութեան հետեւողականութիւնը, պէտք է Վիեննայի շարունակութիւնը նկատուէր: Կարելի է ըսել, որ ընդհանուր առումներով այդպէս ալ եղած է: Փութին - Սարգսեան - Ալիեւ միացեալ յայտարարութեան մէջ փաստօրէն կ՛ըսուի, որ նախագահները վերահաստատած են 16 մայիսին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հայ-ազրպէյճանական վեհաժողովին պայմանաւորուածութիւնները` ուղղուած տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման եւ խաղաղ հոլովոյթի յառաջընթացին նպաստող մթնոլորտի ստեղծման: Ճիշդ է,...

Մանոյեան Դաշնակցութեան Մտահոգութիւնը  Կը Յայտնէ Փաթեթային  Լուծումին` Փուլայինի Վերածուելէն

Մանոյեան Դաշնակցութեան Մտահոգութիւնը Կը Յայտնէ Փաթեթային Լուծումին` Փուլայինի Վերածուելէն

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 21 յունիսին «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին եւ անոր լոյսին տակ հրապարակուած յայտարարութեան, որուն մէջ, ըստ Մանոյեանի, կը խօսուի քանի մը բանի մասին, որոնց իրականացումը ժամանակի ընթացքին կարելի...

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Ընտրական  Օրէնքի Մշակումին Գծով Ոչ Մէկ  Յառաջդիմութիւն Արձանագրեց

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Ընտրական Օրէնքի Մշակումին Գծով Ոչ Մէկ Յառաջդիմութիւն Արձանագրեց

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազգային երկխօսութեան 18-րդ նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Նիստէն բացակայեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահներուն Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Փիեռ Անտրիոյի (Ֆրանսա), Ճէյմս Ուորլիքի (Միացեալ Նահանգներ), ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քափրչիքի հետ: Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուցած է իր տպաւորութիւնները` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներէն:

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ  Հաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան  Անդրադարձող Դասընթացք Մը

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Հաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Անդրադարձող Դասընթացք Մը

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին` «Էյ.Եու.Պի.»-ի մէջ, գործակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, հաստատուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող դասընթացք մը: Ըստ վերջերս հրապարակուած զեկուցումի մը, Լիբանանի մէջ մեծագոյն եւ Միջին Արեւելքի մէջ երկրորդ դիրքը գրաւող նշեալ համալսարանին քաղաքական գիտութեանց (Political Studies & Public Administration) բաժանմունքին մէջ ներառուած դասընթացքին պատասխանատուն է բաժանմունքի դասախօսներէն դոկտ. Ժան Կէօքճեանը: «Հայ-թրքական հակամարտութիւնը» խորագիրով դասանիւթը Հայոց ցեղասպանութեան կողքին պիտի...

Նախագահ Բակօ Սահակեան  Փիեթ Տը Պրույնի Հետ  Քննարկած Է Եխխվ-Արցախ Կապերը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Փիեթ Տը Պրույնի Հետ Քննարկած Է Եխխվ-Արցախ Կապերը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 յունիսին հանդիպում ունեցած է Պելճիքայի խորհրդարանի եւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) անդամ Փիեթ տը  Պրույնի հետ եւ քննարկած է ԵԽԽՎ-Արցախ կապերուն, ազրպէյճան-ղարաբաղեան տագնապի եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ  գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նախագահ Բակօ Սահակեան արժեւորած է նման քննարկումները` ընդգծելով, որ եւրոպական տարբեր պետութիւններու եւ կառոյցներու...

Page 692 of 796 1 … 691 692 693 … 796

Արխիւներ