Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Անդամները` Վանաձորի Մէջ. «Պիտի Պայքարինք Միայն Յաղթելու Համար»

August 29, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vanatso_82816

2 հոկտեմբերին Վանաձորի մէջ տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ` նոր ընտրակարգով:

Շաբաթ, 27 օգոստոսին Վանաձորի մէջ կուսակցութեան անդամներուն, համակիրներուն եւ բնակիչներուն ՀՅԴ-ն ներկայացուց կուսակցութեան կողմէ  առաջադրուած աւագանիի ցուցակը, որ կը գլխաւորէ Նելսոն Մամուլեան:

ՀՅԴ-ն կոչ կ՛ուղղէ վանաձորցիներուն հաւատալու փոփոխութիւններուն եւ յառաջիկայ աւագանիի  ընտրութիւններուն մեծ թիւերով մասնակցելու:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան բնակիչներուն տեղեկացուց, որ նոր սահմանադրութեամբ համայնքներուն շատ աւելի մեծ լիազօրութիւններ տրուած են:

«Ընտրական օրէնսգիրքը մենք փոխեցինք այնպէս, որ պայքարի մէջ մտնեն գաղափարները, ծրագիրները, քաղաքական ուժերը. ասիկա նոյնպէս աննախադէպ է, այսպիսի բան չէ եղած, Վանաձորի մէջ մենք հիմա կը մասնակցինք ընտրութիւններուն` պայքարի մէջ մտնելով քաղաքական ուժերու հետ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Արմէն Ռուստամեան կուսակցութեան անդամներուն, համակիրներուն եւ բնակիչներուն ներկայացուց կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած աւագանիի ցուցակը` Նելսոն Մամուլեանի գլխաւորութեամբ: Վերջինս ըսաւ, թէ իրենք պիտի պայքարին միայն յաղթելու համար:

«Դաշնակցութեան Վանաձորի քաղաքային կոմիտէն իր վրայ կը վերցնէ լիարժէք պատասխանատուութիւնը` քաղաքի կառավարման ղեկը վերցնելու եւ Վանաձորը գրաւիչ ու հարազատ քաղաք դարձնելու յաւակնութեամբ», յայտարարած է ան:

«Մեծ ընելիքներ ունինք», ըսաւ ցուցակի 3-րդ թիւի ներկայացուցիչ Արմենուհի Կիւրեղեան:

Անոր խօսքով` վանաձորցիին խնդիրները իրենց քաջ ծանօթ են, եւ զանոնք լուծելու համար այս ուղին ընտրած է:

«Վանաձորը արդիւնաբերական քաղաք էր, երբեմնի ծաղկուն եւ կանաչ քաղաք էր, երբեմնի մտաւորական քաղաք էր եւ այսօր այդ բոլորին մէջ մենք կորուստ տեսած ենք, յետընթաց տեսած ենք, եւ ատիկա յատկապէս մեզի կը պարտաւորեցնէ այսօր մտնել ընտրարշաւի մէջ, անպայման յաղթել եւ փորձել ետ բերել Վանաձորի հեղինակութիւնը», յայտարարած է Արմենուհի Կիւրեղեան:

2 հոկտեմբերին վանաձորցին պէտք է ընտրէ իր անմիջական ղեկավարը, ըստ կուսակցութեան անդամներուն` այս նոր ղեկավարման համակարգը  ուղղակի կապ ունի 2017-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ:

Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, այս ընտրութիւնները մէկ անձի իշխանութենէն ազատելու եւ հաւաքաբար ղեկավարելու համար լաւ սկիզբ են` լիարժէք խորհրդարանական համակարգ ձեւաւորելու համար:

Կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը պատրաստ է, քարոզարշաւը կը սկսի 9 սեպտեմբերին:

Նախորդը

Ուսանողներուն Կարելիութիւն Պիտի Տրուի Պսակաւոր Արուեստիցը Աւարտել 3 Տարուան Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Հայկական Անօդաչու Սարքի Ջախջախման Մասին Ազրպէյճանի Տարածած Տեղեկութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.