Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցած Է ՀՀԿ-ՀՅԴ Երկրորդ Հանդիպումը

Օգոստոս 27, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arsen-Hampartsoumian_82616

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան «Թերթ»-ի լրագրող Տիգրանուհի Մարտիրոսեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետական եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւնները քաղաքական համագործակցութեան ծիրին մէջ ունեցած են իրենց երկրորդ հանդիպումը` 6 օգոստոսին:

Պատասխանելով հանդիպումի օրակարգին վրայ եղած հարցերուն մասին հարցումի մը` ան ըսած է, թէ քննարկուած են բազմաթիւ հարցեր, ներկայացուած են ընդհանուր մօտեցումներ, տեսակէտներ, բոլոր դրոյթները, որոնք ամրագրուած են համաձայնական կառավարութեան համաձայնագիրով:

Լրագրողը դիտել տուած է, որ նախապէս եւս ըսուած էր, որ պիտի քննարկուի այս դրոյթներու ծրագիր-ժամանակացոյցի իրականացման քայլերուն յաջորդականութիւնը, պիտի մշակուի նաեւ ճամբու քարտէս: Ան ուզած է գիտնալ, թէ ո՞ր փուլին մէջ են այս բոլորը: «Մշակման ընթացքի մէջ են, աշխատանքային փուլի, տակաւին վերջնական տեսքի չեն բերուած: Երբ ձեւաւորուի վերջնական տեսքը, այդ մասին տեղեկութիւն կը փոխանցուի ձեզի», նշած է Համբարձումեան:

Պատասխանելով ճամբու քարտէսի առանցքային դրոյթներուն վերաբերող հարցումի մը` ան ըսած է. «Որեւէ հարց առանձնայատուկ կերպով շեշտելու խնդիր չեմ տեսներ: Շարք մը հարցեր  քննարկուած են, քննարկուած են բոլոր այն հարցերը, որոնք երկուստեք կարեւոր են, այդ շարքին` ներքաղաքական հարցեր, արցախեան տագնապին վերաբերող հարցեր: Քաղաքական բաւական լայն շրջագիծի քննարկում տեղի ունեցած է»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը նշած է, որ նիստը վարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան, իսկ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ըստ անհրաժեշտութեան, յստակ թուականի շուրջ պայմանաւորուածութիւն չէ գոյացած: Խորհուրդի քննարկման շրջանակը ամրագրուած է համաձայնագիրով, ուստի յստակ պարբերականութեան շեշտադրումը ճիշդ չէ:

Լրագրողը հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ գաղտնի կը պահուին նիստերուն վերաբերող մանրամասնութիւնները` թէ՛ անոնցմէ առաջ եւ թէ՛ ետք: «Պարզապէս անոնք աշխատանքային քննարկումներ են, ուստի անհրաժեշտ չի նկատուիր յատուկ տեղեկատուութիւն հրապարակել: Որոշումներու կայացման պարագային այդ մասին համապատասխան տեղեկատուութիւն կը հրապարակուի: Իսկ զուտ աշխատանքային քննարկման մասին չեմ կարծեր, որ իմաստ կայ ամէն անգամ հրապարակումներ կատարելու մէջ: Իսկ գաղտնիութեան մասին ըսեմ, որ եթէ գաղտնի ըլլար, ապա ձեզի հետ այս մասին պիտի չխօսէի», եզրափակած է Արսէն Համբարձումեան:

 

Նախորդը

«Հայկական Աշխարհը Համացանցին Մէջ» Գիտաժողովը Ամփոփեց Իր Աշխատանքները

Յաջորդը

Լեւոն Մնացականեան. «Մենք Տակաւին Կարելիութիւն Կ՛ունենանք Վերադարձնելու Մեր Կորսնցուցած Դիրքերը»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?