Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Պաշտօնական Բացում

Օգոստոս 26, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

synodos_82516

Երէկ` հինգշաբթի, 25 օգոստոս 2016-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ սկիզբ առին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսական նիստերը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի, Պոլսոյ, Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի,  Եգիպտոսի, Պաղտատի , Սուտանի, Պարսկաստանի, Ֆրանսայի, Արեւմտեան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Արժանթինի, Լատինական Ամերիկայի, Յունաստանի, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի թեմերու առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Զմմառու վանքի մեծաւորին:

Սիւնհոդոսի բացման նիստը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մասնակցութեամբ` Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի:

Նիստի ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը շնորհակալական նամակ մը յղեցին Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին` յայտնելով իրենց խորին երախտագիտութիւնը աշխարհի եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն տարածելու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ 2016-ը «Գթութեան տարի» հռչակելուն առիթով:

Առաջին օրուան աշխատանքներու աւարտին Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան կարդաց սիւնհոդոսական նիստերու բացման պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած են սիւնհոդոսական հայրերուն քննարկելիք նիւթերը.

1- Շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան  նուիրուած յանձնախումբի աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրբ հռչակել երանելի Իգնատիոս  եպս. Մալոյեանը:

2- Ուսումասիրել Ֆրանչիսկոս քահանայապետի յորդորները ընտանիքի մասին եւ զանոնք ներկայացնել ու բացատրել  բոլոր հաւատացեալներուն, բայց մանաւանդ երիտասարդներուն:

3- Զարգացնել  ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները` մամուլը, պատկերասփիւռը եւ համացանցը, որպէսզի կարելի ըլլայ եկեղեցական ուսմունքները եւ յորդորանքները տարածել կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն` Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին:

4- Քննարկել  Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրավիճակը, ընդհանրապէս աշխարհի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի ներկայ վերիվայրումներուն եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան լոյսին ներքեւ` դիմագրաւելու համար բազմապիսի հարցերն ու մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան հաւատացեալներուն ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան:

5- Անդրադառնալ հայ երեք յարանուանութիւններու մատուցած ընկերային եւ տնտեսական ծառայութիւններուն` տեղահանուած հազարաւոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ:

Սիւնհոդոսական նիստերու բացման առիթով սիւնհոդոսական հայրերը իրենց ձայնը բարձրացուցին մեծ պետութիւններուն, ՄԱԿ-ին, Արաբական լիկային եւ Մարդու իրաւունքներու միջազգային խորհուրդներուն` մերժելու ահաբեկչական ու բռնութեան բոլոր երեւոյթները, կոչ ուղղեցին, որ գաղթականները վերադառնան իրենց տունն ու հայրենիքը` ցանկալով աշխարհին խաղաղութիւն, արաբական աշխարհին համերաշխութիւն եւ միութիւն, իսկ Լիբանանի քաղաքական կեանքին համար կայունութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել նախագահ եւ նոր էջ բանալ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ, որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան եւ մարդկային եղբայրասիրութեան վրայ:

Աւարտին սիւնհոդոսական հայրերը իրենց աղօթքը բարձրացուցին Զմմառու Տիրամօր եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին, որ ամենակարող Աստուած օրհնէ սիւնհոդոսական աշխատանքները, ուժ եւ կարողութիւն ներշնչէ բոլոր քաղաքական ուժերուն, կառավարիչներուն, որ պատասխանատուութեան ոգիով զինուին եւ համարձակօրէն դէմ կանգնին երկրին դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, իսկ եկեղեցւոյ պատմութեան, Լիբանանի, Միջին Արեւելքի յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուին պայծառ էջեր` լեցուն սիրով ու յոյսով, պահպանելու բոլոր հաւատացեալներուն իրաւունքները:

Յայտնենք, թէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը իր աշխատանքները պիտի աւարտէ ուրբաթ, 2 սեպտեմբեր 2016-ին:

 

 

Նախորդը

Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ. «Հայկական Աշխարհը Համացանցին Մէջ» Խորագիրով Գիտաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Ըստ «Եուկով-Էքոնոմիսթ»-Ի Հարցախոյզին` Թրամփ Քլինթընի Ժողովրդականութեան Ցուցանիշի Առաւելութիւնը Կրճատած Է 5 Տոկոսային Կէտի

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?