Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Մնացականեան. «Մենք Տակաւին Կարելիութիւն Կ՛ունենանք Վերադարձնելու Մեր Կորսնցուցած Դիրքերը»

August 27, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon_82616

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, զօր. Լեւոն Մնացականեան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին վերաբերող հարցազրոյց տուած է «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան: Հարցազրոյցէն հատուածներ թարգմանած է Անի Սահակեան:

Լրագրողը նախ ուզած է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ այդքան մեծ եղած են մարդկային եւ տարածքային կորուստները` հարց տալով, որ կրնա՞յ ատիկա նկատուիլ հետախուզութեան ձախողութիւն. «Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ կորուստները մեծ են: Բնական է, որ մեզի համար իւրաքանչիւր կորուստ անթոյլատրելի է, սակայն մարտական գործողութիւնները դաժան են, որովհետեւ մարդկային եւ տարածքային կորուստներ կը պատճառեն: Այդ պատճառով ըսել` կորուստները շատ եղած են, թէ քիչ, ընդհանրապէս ինչ որ գնահատական տալ` սխալ է: Ազրպէյճանական կողմին  կորուստները շատ աւելին եղած են:

«Ինչ կը վերաբերի հետախուզութեան, ապա մենք օգտագործած ենք մեզի  համար հասանելի բոլոր հետախուզական միջոցները եւ տեղեկութիւն ունեցած ենք հակառակորդի գործողութիւններուն մասին ու քայլերու  ձեռնարկած ենք: Այդ պատճառով կարելի չէ ըսել, որ հետախուզութիւնը ձախողած է: Այնուամենայնիւ, մենք տեղեկութիւն չունէինք, որ այդ  տարողութեամբ յարձակում կրնայ ըլլալ: Այդ իմաստով` որոշ բացթողումներ կան® կարճ ժամանակի մէջ, սակայն, յաջողեցանք  վերադարձնել կարգ մը դիրքեր, եւ վստահ եմ, որ մենք տակաւին  կարելիութիւն կ՛ունենանք վերադարձնելու մեր կորսնցուցած դիրքերը», ըսած է զօր. Մնացականեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ պատերազմի օրերուն երկու կողմերը աշխուժ կերպով անօդաչու սարքեր գործածած են, իսկ հայկական արտադրութեան անօդաչուները ինչպէ՛ս գործած են Ազրպէյճանի կողմէ օգտագործուող իսրայէլեան սարքերուն հետ բաղդատելով, պաշտպանութեան նախարարը ըսած է, որ դժուար է համեմատել սարքերը, քանի որ անոնք ուղղակիօրէն իրարու դէմ չեն կռուիր: «Ամէն պարագայի` մեր կողմէ կիրարկուած անօդաչու սարքերը ցոյց տուին իրենց արդիւնաւէտութիւնը. մեր առջեւ դրուած խնդիրները կատարուեցան», շեշտած է ան:

Լրագրողը հետաքրքրուած է նաեւ` կա՞ն, արդեօք, մեթոտներ, որոնք կ՛օգնեն հակազդելու իսրայէլեան ժամանակակից հակահրասայլային հրթիռային համակարգերուն, որոնք պատերազմի օրերուն մեծ հարց դարձան: Ի պատասխան, Մնացականեան ըսած է. «Վստահաբար, մենք կը կատարելագործենք հակառակորդի հակահրասայլային համալիրներուն հետ պայքարի միջոցները` զանազան ձեւերով: Մենք յոյս կը դնենք ժամանակակից արհեստագիտութեան վրայ»:

Լրագրողը հարցուցած է, թէ ինչի՞ տրամադրուած է սփիւռքի կողմէ հաւաքուած մօտ 8 միլիոն տոլարը, արդեօք բանակը մթերքով, ժամանակակից զինամթերքով ապահովելո՞ւ. Մնացականեան պատասխանած է, որ իրենք այդ բոլորին համար ունին միջոցներ: «Աւելի՛ն. մենք ներդրում կը կատարենք շատ աւելի մեծ գումարներով, քան դուք նշեցիք», ընդգծած է ան:

«Ինչ կը վերաբերի օգնութեան, ապա, վստահաբար, անիկա դրականօրէն ազդած է մեր կարելիութիւններուն վրայ», աւելցուցած է նախարարը:

Լրագրողը ըսած է, որ պատերազմի օրերուն Ազրպէյճան սպառնաց Ստեփանակերտը ռմբակոծել, «Սմերչ» գործածել եւ հարց տուած է, թէ նման պարագայի ի՞նչ պիտի ըլլար Լեռնային Ղարաբաղի պատասխանը: «Եթէ Ազրպէյճան հարուածէ Ստեփանակերտը, ապա պիտի ձեռնարկուին համապատասխան քայլեր: Ինչպիսի՞, թող հանելուկ մնայ: Պատասխանը անհամեմատելի պիտի ըլլայ», հաստատած է զօրավարը:

Լրագրողը հետաքրքրուած է նաեւ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութեամբ: «Անշուշտ, զինուորական գործողութիւններու վերսկսման կարելիութիւնը միշտ կայ, աւելին` անիկա բարձր է: Դատելով հակառակորդի այսօրուան պահուածքէն` ան  տակաւին ամբողջութեամբ չէ հրաժարած նման միտքերէ: Այդ պատճառով որեւէ ժամանակ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը հաւանական է: Այնուամենայնիւ, ապրիլեան պատերազմը կարգ մը  զսպող ազդեցութիւններ ունեցաւ հակառակորդին վրայ: Ատիկա կ՛երեւի  անոնց յայտարարութիւններէն. առաջ կ՛ըսէին, թէ կը յաղթեն 3 օրուան մէջ, այժմ նման բան չեն ըսեր: Յոյս ունիմ, որ ընդհանրապէս կը հրաժարին նման միտքերէ», պատասխանած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարը:

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցած Է ՀՀԿ-ՀՅԴ Երկրորդ Հանդիպումը

Յաջորդը

«Այնքան Ատեն Որ Վնասազերծուած Թափօններու Թաղման Վայրին Ճակատագիրը Կը Մնայ Անորոշ, Մենք Աղբի Ժամանակաւոր Մթերանոցը Փակ Պիտի Պահենք» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.