Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայկական Աշխարհը Համացանցին Մէջ» Գիտաժողովը Ամփոփեց Իր Աշխատանքները

Օգոստոս 27, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Joghov_82616

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 26 օգոստոսին Երեւանի պետական համալսարանի Ռիթա եւ Վարդգէս Պալեաններու անուան դահլիճին մէջ «Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ» գիտաժողովը ամփոփեց իր աշխատանքները:

IMG_9084Joghov3_82616«Սփիւռքը համացանցային հարթակին վրայ» խորագիրով նիստը վարեց Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան: «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը համացանցի ճամբով» նիւթը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց իրենց կայքին մէջ կաթողիկոսութեան կողմէ սփիւռքի հայկական ինքնութեան պահպանման, հոգեւոր դաստիարակութեան նպաստող ծրագիրներուն ու ձեռնարկներուն արտացոլումը: Պետրոս վրդ. Մանուէլեան խօսեցաւ կաթողիկոսութեան գիտական հարուստ ձեռքբերումներուն, փորձառութեան եւ զանոնք զարգացնելու ու տարածելու պատրաստակամութեան, համացանցին մէջ հայկական ներկայութիւնը աշխուժացնելու եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մասին: Ան անդրադարձաւ կաթողիկոսարանի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած նոր կարելիութիւններու գործածութեան փորձառութեան:

Այնուհետեւ զեկուցումով հանդէս եկաւ Զմմառու մայրավանքի փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեան, որ` ներկայացնելով Զմմառու վանքի համացանցային կառոյցը, անդրադարձաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքին, անոր կառուցուածքին, բաժիններուն, կրթական եւ մշակութային գործունէութեան, գրադարանային, թանգարանային հարուստ հաւաքածոյին, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ գործող թեմերու ներկայացման ու լուսաբանման: Զեկուցողը ցաւով նշեց, որ Զմմառու միաբանութեան կայքը իսլամական ծայրայեղականներու կողմէ ենթարկուած է յարձակման, անիկա ներկայ դրութեամբ չի գործեր, սակայն աշխատանք կը տարուի կարելի եղածին չափ շուտ զայն վերականգնելու ուղղութեամբ:

Joghov2_82616Joghov4_82616Լիբանանահայ գաղութի, ազգային ինքնութեան եւ ընկերային ցանցերու մասին զեկուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան հանգամանալից կերպով ներկայացուց լիբանանահայ գաղութին պատմութիւնը, անդրադարձաւ Լիբանանի հոգեւոր կեդրոններու դերին, համախմբուածութեան, Լիբանանի մէջ գործող պաշտօնական կայքերուն մէջ անոնց արտացոլման: Խօսելով ընկերային ցանցերուն մասին` ան անդրադարձաւ անոնց դրական ու բացասական կողմերուն եւ ընկերային ցանցերու նկատմամբ գաղութին վերաբերումին: Իր խօսքի աւարտին ան առաջարկեց ստեղծել համահայկական տեղեկատուական ցանց` նախ եւ առաջ գաղութներուն, կրթական-դաստիարակչական համակարգին մէջ ճշդել դասապահեր` աշակերտները ծանօթացնելով համացանցի դրական եւ բացասական կողմերուն, կրթական համակարգին մէջ ներառել համացանցը օգտագործելու հանրակրթական ծրագիրներ:

Ֆրանսայի ACAM կայքի գործունէութիւնը ներկայացուց Շուշան Փիլիպոսեան, որ անդրադարձաւ կայքի ստեղծման` նշելով, թէ, հակառակ անոր որ կայքը միայն ֆրանսերէնով կը գործէ, բայց եւ այնպէս անիկա լուրջ ուղենշային տուեալներ կը փոխանցէ ֆրանսահայ գաղութին եւ Ֆրանսայի մէջ հայկական հարուստ ժառանգութեան մասին:

«Ընկերային ցանցերուն դերը հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւններու գործունէութեան մարզին մէջ» զեկուցումով հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ հայերու միութեան ներկայացուցիչ Մարիամ Մարտիրոսեան: Ան անդրադաձաւ միութեան ստեղծման ու գործունէութեան: Խօսելով ընկերային ցանցերու դերին բարձրացման մասին` ան նշեց, որ անոնք մեծ կարելիութիւն կ՛ընձեռեն հայեցի բարենպաստ միջավայր ստեղծելու, հակահայկական քարոզչութիւնը կանխելու, ինչպէս նաեւ հայկական մշակոյթն ու արժէքները ընկերային ցանցերուն միջոցով աւելի հասանելի դարձնելու առումով:

Նիստի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան, կառուցողական քննարկում, առաջարկուեցաւ ստեղծել համակարգող մարմին, որ պիտի նպաստէ այս մարզին մէջ տարուող աշխատանքներու համակարգման:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային Կառավարման Եւ Զարգացման Նախարարութեան Մէջ Քննարկուած Են Մարզային Հիւանդանոցներու Խնդիրները

Յաջորդը

Տեղի Ունեցած Է ՀՀԿ-ՀՅԴ Երկրորդ Հանդիպումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?