Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Սպիտակ Տան  Կոչ Կ՛ուղղէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Հարցին Մէջ Որդեգրելու Աւելի Հաւասարակշռուած Մօտեցում

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Սպիտակ Տան Կոչ Կ՛ուղղէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ Որդեգրելու Աւելի Հաւասարակշռուած Մօտեցում

  Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ կ՛ընդլայնէ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի ջանքերը ընդդէմ «մատրիտեան սկզբունքներուն» եւ Սպիտակ տան կոչ կ՛ուղղէ` աւելի հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ վերջնական խաղաղութիւն ապահովելու հարցին մէջ: Ամերիկայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները նամակ յղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ փոխնախագահ Ճօ Պայտընին, որով կոչ կ՛ուղղեն ընդդիմանալու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման...

95 Տարի Ժողովուրդին Ծառայութեան Մէջ.  10 Տարիէ Ի Վեր Ամառնային Դպրոցի  Միջոցով` Հայ Պատանիներուն Կողքին

95 Տարի Ժողովուրդին Ծառայութեան Մէջ. 10 Տարիէ Ի Վեր Ամառնային Դպրոցի Միջոցով` Հայ Պատանիներուն Կողքին

95 տարիներ առաջ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններ իրենց զաւկին` վաղամեռիկ Հաուըրտի յիշատակին, Պուրճ Համուտի մէջ հիմը կը դնէին դարմանատան մը, ուր մանուկներ բժշկական խնամք պիտի ստանային: Փոքր դարմանատունը տարիներու ընթացքին մեծցաւ եւ դարձաւ ընկերային-բժշկական կեդրոն` վայելելով Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) հովանաւորութիւնն ու քաջալերանքը: 95 տարիներ շարունակ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, բժշկական եւ ընկերային...

Ակնարկ.  Միջազգային Ընտանիք + Հայկական Կողմ` Ընդդէմ  Անգարայի Առաջադրած Եռանկիւնին  (Ըստ Անգարայի Առաջադրանքին)

Ակնարկ. Միջազգային Ընտանիք + Հայկական Կողմ` Ընդդէմ Անգարայի Առաջադրած Եռանկիւնին (Ըստ Անգարայի Առաջադրանքին)

  Փութին- Ռուհանի, Փութին- Ալիեւ, Փութին- Էրտողան, Փութին- Սարգսեան անմիջական ժամանակի միջեւ իրար յաջորդող հանդիպումներուն ընդհանուր անունը ինչպէս կը նկատուի Փութինն է: Ասիկա անշուշտ պարզացուած տեսողականութեան արագ նկատումի խաղ չէ եւ կը յուշէ, որ գլխաւոր խաղացողը, հարցերը համադրողը, հրաւիրուող - հրաւիրողը Ռուսիան է, որ յստակ ճիգի մէջ է տարածաշրջանին մէջ իր անշրջանցելիութիւնը վերընդգծելու, գլխաւոր առանցքը իր շուրջ գոյացնելու եւ գործընթացներուն...

Լեւոն Մնացականեան. «Քաջատեղեակ Ենք  Հակառակորդի Ճամբարին Մէջ Տեղի  Ունեցող Գործընթացներէն»

Լեւոն Մնացականեան. «Քաջատեղեակ Ենք Հակառակորդի Ճամբարին Մէջ Տեղի Ունեցող Գործընթացներէն»

11 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան հանդիպում ունեցած է Հանրապետութեան մէջ գործող եւ հաւատարմագրուած զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցած էր բանակային ուսումնական տարուան առաջին կիսամեակին, ապրիլեան զարգացումներուն արդիւնքները ամփոփելու, ինչպէս նաեւ գործունէութեան ընթացիկ եւ յառաջիկայ կարեւորագոյն ուղղութիւնները փոխանցելու առիթով: Նախքան լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելը, բանակի հրամանատարը ներածական խօսքով ներկայացուցած է հաշուետու ժամանակաշրջանին արձանագրուած...

Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ձեռք  Բերուած Համաձայնութիւններու Գործադրութեան  Կը Պատրաստուի Հայաստան

Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւններու Գործադրութեան Կը Պատրաստուի Հայաստան

Հայաստան կը պատրաստուի Վիեննայի ( 16 մայիս) եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (20 յունիս) տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման: Այս մասին յայտարարած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած վերջին հանդիպումին: Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան: «Խօսքը կը վերաբերի...

Ֆրենժիէ Դեսպան Մկրտչեանի Հետ  Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Ֆրենժիէ Դեսպան Մկրտչեանի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը` ներկայութեամբ Ժան Պութրոսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Թարթուսի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ  Հայկական Կեդրոնի Մը

Թարթուսի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Կեդրոնի Մը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, երէկ Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական կեդրոնի մը: Նկատի ունենալով սուրիական տագնապի օրերուն երկրի բախումնային շարք մը շրջաններէն, յատկապէս Հալէպէն Թարթուս տեղափոխուած հայորդիներու մեծ թիւը, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը յարմար նկատեց ապահովել նման կեդրոն մը, որ պիտի ծառայէ տեղւոյն կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան, Քրիստոնէական դաստիարակչական խորհուրդին, շրջանի Շտապ օգնութեան գործադիր...

Արցախի Վերաբերեալ Ռայոնական  Քննարկում` ՀՅԴ Բիւրոյի Կեդրոնին Մէջ

Արցախի Վերաբերեալ Ռայոնական Քննարկում` ՀՅԴ Բիւրոյի Կեդրոնին Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ կառոյցներու ռայոնական քննարկում, որուն նախագահեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Քննարկման մասնակցեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորներ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորներ, Արցախէն եւ Հայաստանէն այլ պատասխանատու ընկերներ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ: Քննարկուեցան արցախեան տագնապին եւ Արցախին վերաբերող այլ...

Մոսկուայի Մէջ Բարձր Մակարդակի  Բանակցութիւններ` Նախագահներ  Սարգսեանի Եւ Փութինի Միջեւ

Մոսկուայի Մէջ Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ` Նախագահներ Սարգսեանի Եւ Փութինի Միջեւ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիա աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ երէկ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ: Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ, անդրադարձած են նաեւ բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման, բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին, եւրասիական տարածքին մէջ համարկումի հոլովոյթներու զարգացման հեռանկարին: Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած...

Լուծարուած Է Ազգային Անվտանգութեան  Խորհուրդի Աշխատակազմը Եւ Ստեղծուած Ազգային  Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարութիւն

Լուծարուած Է Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Աշխատակազմը Եւ Ստեղծուած Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարութիւն

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 օգոստոսին ստորագրած է հրաման մը` «Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմ»  պետական կառավարչական հիմնարկը լուծարելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 25 օգոստոս 2008-ի հրամանին ուժը կորսնցուցած նկատելու վերաբերող: Հրամանով Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարին եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին կը յանձնարարուի մինչեւ 1 սեպտեմբեր նախագահին հաստատման ներկայացնել Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարութեան կանոնադրութիւնը եւ կառուցուածքը` Հայաստանի նախագահին յարակից այլ իրաւական...

Լրագրողները Երկու Ամիս Կու Տան  Իշխանութիւններուն` Բացայայտելու  Բռնութիւն Գործադրողները

Լրագրողները Երկու Ամիս Կու Տան Իշխանութիւններուն` Բացայայտելու Բռնութիւն Գործադրողները

10 օգոստոսին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած լրագրողները բացառաբար ո՛չ թէ տեղեկութիւն կը փոխանցէին տեղի ունեցող իրադարձութեան մասին, այլ հաւաքուած էին «ո՛չ» ըսելու բռնութիւններուն, դատապարտելու լրագրողներուն դէմ կատարուող յարձակումները, պահանջելու անյապաղ պատժել լրագրողներուն մասնագիտական գործունէութիւնը խոչընդոտողները: «Յանուն խօսքի ազատութեան» նշանաբանով հայաստանեան յառաջատար լրատուամիջոցները նախաձեռնած են ստորագրահաւաքի: Նախաձեռնողները 10-է աւելի լրատուամիջոցներ են, որոնց կարգին` «Երկիր»-ը եւ «Երկիր Մետիա»-ն: Ազատութեան հրապարակին վրայ...

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային  Վարչութեան «ԱՅԳ» Երգչախումբը` Հայաստանի Մէջ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան «ԱՅԳ» Երգչախումբը` Հայաստանի Մէջ

5-11 օգոստոսին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «ԱՅԳ» երգչախումբը (30 անդամ) մեկնեցաւ Հայաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնին: 5 օգոստոսին Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնին` երգչախմբային արուեստի օրերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն  ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «ԱՅԳ» երիտասարդական  երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար...

Խմբագրական.  Սեւրի Տրամաբանութիւնը Գերիշխող` Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներուն Մէջ

Խմբագրական. Սեւրի Տրամաբանութիւնը Գերիշխող` Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներուն Մէջ

Սեւրը մեզի համար համազգային պահանջատիրութեան իրաւական հիմքն է, որ պայմանականօրէն զուգորդուած է Միացեալ Հայաստանի սահմանները ճշդած Ուիլսընի իրաւարար վճիռին հետ: Սեւրի պայմանագիրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին այժմէական հնչեղութիւն ունեցած ըլլալուն մասին յայտարարած էր նախագահ Սարգսեան ոչ միայն Ուիլսընի շիրիմին իր տուած այցելութեամբ, այլ ուղղակի նաեւ իրաւարար վճիռի կայացման իննսունամեակին առիթով` յայտարարելով, որ պայմանագիրն ու վճիռը կը ներկայացնեն իրաւական այժմէական նշանակութիւն:...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Սիմոնեան, երէկ այցելեց Սայֆի` հանդիպում մը ունենալու համար Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամներ Փիեռ Ժալըխ եւ Էլիաս Հանքաշ: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան...

Կենսոլորտի Նախարար Մաշնուք Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Կենսոլորտի Նախարար Մաշնուք Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

  Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նախարարութեան խորհրդականները եւ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան: Երկրի քաղաքական կացութեան շուրջ ընդհանուր ակնարկէ մը ետք, քննարկուեցաւ աղբերու հաւաքման, զտման եւ կուտակման կառավարական որոշումը եւ այդ ուղղութեամբ Պուրճ Համուտի մէջ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրերու հետ կապուած աշխատանքներուն...

Օհանեան. «Միակողմանի  Զիջումներու Մասին Կարելի Չէ Խօսիլ»

Օհանեան. «Միակողմանի Զիջումներու Մասին Կարելի Չէ Խօսիլ»

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` անդրադառնալով 10 օգոստոսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ հանդիպման` ըսած է, թէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշումը եւ անկախութիւնը ապահովելն է: Ներկայացնելով Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը` նախարարը ըսած է, որ միակողմանի զիջումներու մասին կարելի չէ խօսիլ. «Փաստ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ծիրին...

ՀՅԴ Երիտասարդականը` Միջազգային  Ֆալքոն Շարժման Լիիրաւ Անդամ

ՀՅԴ Երիտասարդականը` Միջազգային Ֆալքոն Շարժման Լիիրաւ Անդամ

  ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 5-8 օգոստոսին Գերմանիոյ Նիւրենպըրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային ֆալքոն շարժում - Ընկերվարական միջազգայնական դաստիարակչական կազմակերպութեան համագումարը, որուն մասնակցեցան կազմակերպութեան անդամ քանի մը տասնեակ միութիւններու 65 ներկայացուցիչներ: ՀՅԴ Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Նժդեհ Գարագաւորեան («Նոր Սերունդ», Ֆրանսա): Եռօրեայ համագումարին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, ինչպէս` որոշ երկիրներու մէջ նկատուող աջ ծայրայեղականութեան աճ, մարդու...

Հաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

Հաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ 8 օգոստոսին տեղի ունեցած է ամէնօրեայ հաւաք` ի պաշտպանութիւն «Սասնայ ծռեր» խումբին: Քանի մը օրէ ի վեր հանրահաւաքը կը կատարուի ինքնաբուխ կերպով: Նախորդ օրերուն նման հաւաքներու ընթացքին խօսքեր արտասանած են քաղաքացիներ, որոնք իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են երկրին մէջ առկայ խնդիրներուն մասին: Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն թիւը այնքան ալ մեծ չէ: «Ազատութիւն քաղբանտարկեալներուն» եւ «Սասնայ ծռեր»-ու...

Փոխուած Է Ոստիկանութեան Երեւանի  Վարչութեան Պետը

Փոխուած Է Ոստիկանութեան Երեւանի Վարչութեան Պետը

Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ոստիկանութեան մէջ ընթացող ծառայողական քննութիւններուն հետեւանքով, ոստիկանութեան պետի հրամաններով, ոստիկանութեան քանի մը ծառայողներ, որոնց կարգին` ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ Աշոտ Կարապետեան, ենթարկուած են կարգապահական հաշուետուութեան: Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի հրամանով, Աշոտ Կարապետեան զերծ կացուցուած է իր պաշտօնէն: Անոր փոխարէն նշանակուած է Շիրակի մարզի ոստիկանապետ Սարգիս Մարտիրոսեան: Սարգիս Մարտիրոսեան 2015-2016-ին եղած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի...

«Մոսկուան Կը Ցանկայ, Որ Պաքուն Ու Երեւանը  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Փոխզիջումային  Եւ Երկուստեք Ընդունելի Լուծում Գտնեն»  Ըսաւ Փութին

«Մոսկուան Կը Ցանկայ, Որ Պաքուն Ու Երեւանը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Փոխզիջումային Եւ Երկուստեք Ընդունելի Լուծում Գտնեն» Ըսաւ Փութին

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի ձգտի, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին համար գտնեն փոխզիջումային եւ երկուստեք ընդունելի լուծում մը: «Դուք նշեցիք Ղարաբաղի մասին: Ատիկա իրապէս խնդիր մըն է, որ մեզի բաժին հասած է մեր խորհրդային անցեալէն: Գիտեմ` որքան...

Page 683 of 796 1 … 682 683 684 … 796

Արխիւներ