Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան 4 հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:
Կառավարութեան ղեկավարը արդիւնաւէտ նկատած է հայ-ամերիկեան աշխուժ կերպով զարգացող յարաբերութիւնները եւ նշած, որ Հայաստանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներուն հետ ամուր գործընկերային կապերու զարգացման, որոնց կարգին` առեւտուրի եւ ներդրումներու մարզերուն մէջ:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ամերիկեան կառավարութեան կողմէ` Հայաստանի անկախացումէն ի վեր տարբեր մարզերու մէջ բարեփոխումներուն նկատմամբ ցուցաբերուող աջակցութեան համար եւ այդ պարունակին մէջ յատուկ կերպով կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան օժանդակութեամբ ծրագիրներու իրականացումը: Կարէն Կարապետեանի համաձայն, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը ներառեն փոխգործակցութեան լայն շրջանակ, եւ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է քայլերու ձեռնարկելու` առկայ ներուժի լիարժէք գործածութեան եւ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ամերիկեան կառավարութեան կողմէ շնորհաւորած է Կարէն Կարապետեանը` Հայաստանի վարչապետի պաշտօնի ստանձնումին առիթով եւ մաղթած արդիւնաւէտ աշխատանք: Ան համոզում յայտնած է այն մասին, որ Կ. Կարապետեանի ղեկավարած կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմանի կապերու սերտացման ու խորացման:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետը եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը միտքեր փոխանակած են հայ-ամերիկեան համագործակցութեան ընթացքին եւ զարգացման հեռանկարներուն շուրջ: