Մինասեան. «Քաղաքացիները Առանց Միջնորդի Պիտի Կարենան Ներմուծում Ու Արտահանում Իրականացնել»
Կառավարութիւնը 18 օգոստոսին համաձայնութիւն տուաւ «Մաքսային կարգաւորման մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւն եւ լրացումներ կատարելու մասին Հայաստանի օրէնքի նախագիծին եւ զայն ուղարկեց Ազգային ժողով: Նախագիծը պատրաստուած էր Ազգային ժողովի պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանի եւ կառավարութեան առաջարկով: Անդրադառնալով այս օրէնքին` լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ, որոնց կարգին փոքր եւ միջին գործառնութիւններու ներկայացուցիչներ,...



















