Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնրէալի Մէջ. «Մեր Ինքնութիւնը Խաթարող Վտանգներուն Դիմաց Մենք Պիտի Մնանք Կառչած Մեր Գոյութեան Երեք Ամրոցներուն` Եկեղեցի, Ընտանիք Եւ Դպրոց» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հոկտեմբեր 7, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

aram-i-_montreal_10616

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 5 հոկտեմբեր 2016-ին սկսաւ հովուապետական այցելութիւնը Մոնրէալի մէջ: Երեկոյեան, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը: «Հրաշափառ» շարականին երգեցողութեամբ վեհափառ հայրապետը մուտք գործեց Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցի, ուր հայոց հայրապետը կատարեց Կանոնական աղօթք: Արարողութեան ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Քանատայի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, թեմի եկեղեցիներու հոգաբարձութեան եւ գաղութին մէջ գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հոծ բազմութիւն մը:

Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին օրհնաբեր այցելութեան համար եւ յանուն ժողովականութեան ու ժողովուրդին շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին սկիզբը նախ գնահատեց նորընտիր առաջնորդ սրբազանը եւ բեղուն գործունէութիւն մաղթեց անոր: Ապա, անդրադարձաւ տունը ժայռի վրայ շինելու աւետարանական պատուէրին: Վեհափառ հայրապետը կո՛չ ուղղեց հայ եկեղեցին, ընտանիքը եւ դպրոցը շինելու ժայռի վրայ: «Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, սովորական երեւոյթ մը չէ հայ եկեղեցւոյ կողքին հայ դպրոց ունենալու իրողութիւնը: Այս գոյակցութիւնը պատահական երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ եկեղեցի ու դպրոց իրենց առաքելութեան մէջ զիրար կը լրացնեն, կը հարստացնեն, կը հզօրացնեն ու կ՛ամբողջացնեն: Եւ թէ՛ եկեղեցւոյ, թէ՛ դպրոցին սիւնը` մեր գոյութեան սիւնը, հայ ընտանիքն է: Մենք այս երեք տուները պիտի շինենք ու պահենք զօրեղ ժայռի վրայ: Այսօր մենք կոչուած ենք ժայռի վրայ շինուած այս երեք տուներուն կառչած մնալու եւ մեր կեանքը կազմակերպելու անոնց շուրջ», պատգամեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Եկեղեցական արարողութեան եւ հայրապետական պատգամի աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով ստացան հայոց հայրապետին օրհնութիւնը, մինչ դպրաց դասերը եւ Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ «Նոր ծաղիկ» երգչախումբը հրամցուցին հոգեւոր եւ ազգային երգերու փունջ մը:

Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտուն, վեհափառ հայրապետը, իր շքախումբին ու Մոնրէալի գաղութին մէջ գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան մանկամսուր, Ս. Յակոբ վարժարանի մանկապարտէզ, Սարաֆեան նախակրթարան եւ Պասմաճեան երկրորդական վարժարան, ուր ողջունեց աշակերտները եւ յորդորեց հայերէն խօսիլ, հայօրէն ապրիլ եւ հայաբար զգալ: «Հայ դպրոցը պարզ շէնք չէ: Հայ դպրոցը ոգի է` մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց է: Մենք ա՛յս ոգիով կը սնանինք եւ կը շաղախուինք հայ դպրոցին մէջ, որպէսզի հայաբար ապրինք», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց հայ ծնողները, ուսուցիչները, բարերարները եւ պատասխանատուները, որոնց հսկայական զոհողութեամբ կը պահուի հայ դպրոցը:

Ապա, վեհափառ հայրապետը իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Լաւալի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն նուիրուած յուշարձանը, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց եւ «Պսակիչ սրբոց» աղօթքը կատարեց:

 

 

Նախորդը

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 36-րդ Հատորի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Վերջին Հրաժեշտ` Սուրիահայ Երկու Նահատակներուն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?