Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեանը Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի Անդամներուն. «Մենք Ձեզի Նախօրօք Այդ Վստահութիւնը Կու Տանք»

Հոկտեմբեր 7, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

rusdamian_10616

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի անդամներու եւ նախագահի ընտրութեան հարցին վերաբերեալ ՀՅԴ խմբակցութեան տեսակէտը Ազգային ժողովի ամպիոնէն ներկայացուց խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«Առաջին անգամն է մեր պատմութեան մէջ, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ կը ձեւաւորենք նոր կազմով` Ազգային ժողովի միջոցով, եւ  այս կարգը, արդէն կեանքի կոչուելով ու կամաց-կամաց թափ հաւաքելով, վստահ եմ, որ մեզի պիտի բերէ այն արդիւնքին, որուն մենք կը ձգտէինք, երբ սահմանադրական փոփոխութիւններ կը կատարէինք, Ընտրական օրէնսգիրքը կը մշակէինք: Ես համաձայն չեմ այն միտքին, թէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը այդքան կարեւոր առաքելութիւն չունի, մեծ գործ չունի, պէտք է տեղերէն հաւաքէ  տուեալները եւ ամփոփէ: Ատիկա բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան աւելցուց, որ սահմանադրութեան առաջին յօդուածը, որ կը վերաբերի  Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին, շատ յստակ կը սահմանէ, թէ ինչ գործառոյթներ պէտք է ունենայ յանձնախումբը: «Պէտք է ըլլայ անկախ եւ  կազմակերպէ ընտրութիւններուն օրինականութիւնը: Հիմա ամբողջ հարցը այն է` մենք տուա՞ծ ենք բաւարար գործիքներ` այդ ամէնը  իրականացնելու համար: Իսկապէս, մենք սահմանադրօրէն պէտք է օժտենք այդ համակարգը անհրաժեշտ բոլոր այն մեքանիզմներով, որ ան  կարենայ լիարժէքօրէն կազմակերպել ու իրականացնել գործառոյթները», ըսաւ Ռուստամեան:

Անոր խօսքով` Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ունի շատ մեծ առաքելութիւն` պէտք է կարենայ վերականգնել սասանուած հաւատքը մեր ընտրութիւններուն նկատմամբ, պէտք է կարենայ ձեւաւորել ժողովրդավարական ընտրութիւններու աւանդութիւնը:

Ըստ Ռուստամեանի, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի  անդամները շատ լաւ գիտեն, որ եկող Ազգային ժողովը ունի կարելիութիւն, եւ եթէ իրենք նախատեսուած խնդիրները չլուծեն, երեք հինգերորդով յետս կոչելու կարելիութիւնը կ՛օգտագործուի: «Քաղաքական ուժերը կը կազմակերպեն ու կ՛իրականացնեն  ընտրութիւնները, եւ քաղաքական ուժերը ունին լուրջ վերահսկողութիւն, եւ եթէ մենք` քաղաքական ուժերս, եկող ընտրութիւններուն իսկապէս մասնագէտ ու կարող մարդոցմով ապահովենք բոլոր ընտրատեղամասերը, վստահ եմ, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ոչինչ կը մնայ ընել, որ իր սրբազան լիազօրութիւնները իրականացնէ անխափան կերպով», ըսաւ Ռուստամեանը` յիշեցնելով, որ հինգ քաղաքական ուժ ստորագրած է փոփոխութիւններու եւ կեղծիքներու դէմ դնելու մեքանիզմներու հետ կապուած փաստաթուղթ:

Ռուստամեան նաեւ նշեց, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը  լուրջ առաքելութիւն ունի այն իմաստով, որ եթէ հանրապետութեան  շարք մը ընտրատեղամասերու մէջ եղած են ընտրութիւններ, եւ քանի մը  ընտրատեղամասերու մէջ լուրջ խախտումներ եղած են, պէտք է այնպէս կատարուի, որ յստակ թիւ որոշուի, թէ քանի՛ ընտրախախտման պարագային կարելի է ընտրութիւնները անվաւեր նկատել: «Այս մարմինը ունի իսկապէս լրջագոյն առաքելութիւն` Հայաստանի մէջ  վերականգնել հաւատքը ընտրութիւններուն նկատմամբ: Մենք ձեզի  այդ վստահութիւնը կու տանք, եւ կողմ ենք ձեր այս կազմի պահպանման», եզրափակեց Ռուստամեանը:

 

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Պիտի Այցելեն Շրջան

Յաջորդը

Տիգրան Մուկուչեան` Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի Նախագահ

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?