Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պունտըսթակի Պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ Մէջ Անդրադարձած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Խնդիրին

Հոկտեմբեր 6, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

bundestag-delegation_10416

Թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելութեան ծիրին մէջ Թուրքիա գտնուող Պունտըսթակի պատուիրակութիւնը եւ թուրք պաշտօնատարներ անդրադարձած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին:

Պունտըսթակի պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամներէն կազմուած պատուիրակութիւնը Ինճիրլիք մեկնելէ առաջ հիւրընկալուած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, ապա Գերմանիոյ դեսպանատունը մամլոյ ասուլիս կազմակերպած է:

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Գերմանիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Քարլ Լամերս նշած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նաեւ Պունտըսթակի որդեգրած ցեղասպանութեան բանաձեւը:

Ան նշած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Քահրամանի եւ Պունտըսթակի նախագահ Լամերթի միջեւ կատարուած նամակագրութեան մը մէջ եւս անդրադարձ կատարուած է տուեալ խնդիրին: Փոխնախագահը յոյս յայտնած է, որ այդ նամակագրութեան մէջ տեղ գտած տեսակէտները այսուհետեւ հայկական բանաձեւի հարցին մէջ դրական զարգացումներու հիմք պիտի հանդիսանան:

«Իբրեւ խորհրդարան` դաշնակցային խորհրդարանը, բնականաբար, իրաւունք ունի որոշակի դիրքորոշում ունենալու 100 տարի առաջ տեղի ունեցած այդ դէպքերուն վերաբերեալ: Մենք կը հաւատանք, որ ապագային պէտք է նայիլ` ելլելով ինքնին այդ որոշումին սկզբունքներէն, եւ պէտք է միջոցներու ձեռնարկել, որպէսզի այդ դէպքերը այլեւս չկրկնուին», ըսած է Լամերս: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ նշեալ սկզբունքով շարժելու պարագային կարելի պիտի ըլլայ կողմերուն միջեւ դրական երկխօսութիւն ձեւաւորել:

Լամերս նշած է նաեւ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Եուսուֆ Պայազըթ կարծիք յայտնած է, թէ հայկական հարցը կը շահարկուի տարբեր քաղաքական նպատակներով: Ատոր ի պատասխան` գերմանացի պաշտօնատարը յիշեցուցած է, որ դաշնակցային խորհրդարանը իրաւունք ունի տուեալ հարցին վերաբերեալ որոշակի քաղաքական մօտեցում դրսեւորելու:

«Ո՛չ դաշնակցային խորհրդարանը, ո՛չ ալ կառավարութիւնը այս հարցին մէջ հակառակ կարծիք արտայայտած են: Թուրքիան, ինչպէս նախապէս, կը շարունակէ պնդել, որ խնդիրը ուսումնասիրուի պատմաբաններու կողմէ: Իսկ մենք նշեցինք, որ այս հարցին մէջ խորհրդարանները եւս խօսքի իրաւունք ունին», ըսած է Լամերս:

 

Նախորդը

Պունտըսթակի Փոխնախագահ Զինկհամմեր. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Պունտըսթակի Որոշումը Վերջնական Է Եւ Անփոփոխ»

Յաջորդը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Պէտք Է Անոնց Մէջէն Ընտրենք Մարդոց, Որոնք Առաքելութիւն Կը Կատարեն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?