Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Եկէք Չշփոթենք Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Համապետական Ընտրութիւններուն Հետ»

Հոկտեմբեր 5, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vartanian_100516

4 հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ զրուցած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, որ ամփոփած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն արդիւնքները: Ըստ անոր, այս ընտրութիւնները որակական առումով տարբեր էին նախորդներէն` քաղաքականացած ըլլալով, մրցակցութեան բարձր մակարդակով, ինչ որ դրական կը նկատուի:

«Կարծես թէ ճնշումներու եւ մեծ թիւով ընտրախախտումներու վերաբերեալ ահազանգեր չկային, ատիկա ալ յուսադրող է», ըսած է Վարդանեան:

Խօսելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն արդիւնքներուն մասին` ան նշած է, որ Դաշնակցութիւնը չէ ունեցած ոեւէ համայնքապետ, որ գործող էր, եւ որ չէ վերընտրուած: Կայ 2-3 դէպք, որ կը վերաբերի միաւորուած համայնքներուն, օրինակ` Շիրակի մարզին մէջ, ուր 10-11 համայնք միաւորուած են, եւ ուր փոքր համայնքի մը մէջ Դաշնակցութիւնը ունեցած է համայնքապետ մը, որ չէ վերընտրուած:  Եղած են նաեւ համայնքներ, ուր ՀՅԴ-ին պաշտպանած թեկնածուները յաղթած են 17-20 տարուան գիւղապետերուն` Գեղարքունիքի մարզի Գեղամաւան գիւղին եւ Կոտայքի մարզի Զովունի գիւղին մէջ:

Գիւմրիի ու Վանաձորի ընտրութիւններուն առնչութեամբ Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ Դաշնակցութիւնը բաւարարուած չէ արդիւնքներով: Եթէ Վանաձորի մէջ ՀՅԴ-ն կրցաւ յաղթահարել 6,4 առ հարիւրի շեմը, որ, ըստ Վարդանեանի, դարձեալ ցած արդիւնք է, ապա Գիւմրիի մէջ ՀՅԴ-ն նոյնիսկ այդ շեմը չյաղթահարեց: «Բնականաբար, Վանաձորի ու Գիւմրիի արդիւնքներէն դժգոհ ենք», դիտել տուած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ արդիւնքներ կ՛ակնկալէին` Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ Գիւմրիի մէջ ՀՅԴ-ի խումբը բաւական աշխուժ կերպով աշխատած է, թեկնածուներուն ցանկերը եղած են  բաւական ներկայանալի: Այսպէս` ցանկը գլխաւորողը բժիշկ Աշոտ Կուրղինեանն էր, որ իր յատկանիշներով ու մտածողութեամբ շատ աշխուժ թեկնածու էր, երկրորդ դիրքին վրայ էր Գիւմրիի մէջ յայտնի ակադեմիկոս Սերկէյ Նազարէթեանը, որ ճանչցուած է իբրեւ լուրջ գիտնական եւ հեղինակութիւն ունեցող մարդ, երրորդը Արաքսիա Մարգարեանն էր, որ արուեստաբան է, դասախօս, գիտութիւններու թեկնածու, այսինքն` Դաշնակցութիւնը փորձած է ներկայանալ նոր դէմքերով եւ որոշ չափով տարբեր յատկութիւններ ունեցող թեկնածուներով` նկատի ունենալով Գիւմրիի որոշակի պառակտուածութիւնը տարբեր խումբերու եւ թաղային հեղինակութիւններու միջեւ:

«Ցաւօք, այս մեքանիզմը կարծես թէ չաշխատեցաւ, ես վստահ էի, որ Գիւմրիի մէջ մենք նուազագոյնը 10 առ հարիւր ձայն պիտի հաւաքէինք, բայց եկէք այստեղ ալ անկեղծ ըլլանք մինչեւ վերջ. եթէ մենք նայինք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն եւ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուող  համամասնական կուսակցական ցուցակներով ընտրութիւններուն, կը տեսնենք, թէ ի՛նչ խառնուրդ կը յառաջանայ` դեռ մինչեւ վերջ քաղաքականացուած չէ, եւ դեռ էական նշանակութիւն ու ազդեցութիւն ունին տեղական թաղային հեղինակութիւններու, տարբեր խմբաւորումներու շահերը: Քուէարկութիւններն ալ անոնցմով կ՛առաջնորդուին: Այստեղ մենք մտածելու, վերլուծելու լուրջ խնդիր ունինք: Ես արդէն յանձնարարած եմ մեր տեղական կառոյցներու  պատասխանատուներուն, որ ամբողջական վերլուծութիւն ներկայացնեն թէ՛ Վանաձորի, թէ՛ Գիւմրիի համար, համաչա՞փ են, արդեօք, բաշխուած մեր ձայները, թէ՞ կան տարբերութիւններ: Լուրջ հետեւութիւններ պէտք է ընենք», ըսած է Աղուան Վարդանեան:

Լրագրող մը հարցուցած է, որ Գիւմրիի ընտրութիւններուն ոչ գոհացուցիչ արդիւնքներուն մէջ Դաշնակցութիւնը արդեօք Շիրակի մարզպետի թերացումը կը տեսնէ՞. Ա. Վարդանեան ըսած է, որ պէտք չէ մեկնիլ այն կանխատրամադրուածութենէն, թէ մարզպետը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի ձայն ապահովէ իր կուսակցութեան համար: «Մենք չենք մեկնիր այդ կանխադրոյթէն: Եթէ միւս բոլոր պարագաներուն մենք կը բողոքենք այլ մարզպետներու գործունէութեան դէմ, եկէք նոյն բանը չկատարենք այստեղ: Մենք կը մեկնինք այն կանխադրոյթէն, որ մարզպետը պէտք է աշխատի, իր գործառոյթները կատարէ, ոչ թէ կուսակցութեան համար ձայն բերէ: Եւ իր գործառոյթները լաւ կատարելով` նաեւ համակրանք շահի դէպի իր ներկայացուցած կուսակցութիւնը: Արդեօ՞ք այս կարճ ժամանակին մէջ Շիրակի մարզպետը կրցաւ ատիկա կատարել, կրնամ ըսել, որ` ոչ, բայց եկէք չմեկնինք միւս կանխադրոյթէն», ըսած է Աղուան Վարդանեան:

Լրագրող մը հարցուցած է. «Արդեօք ՀՀԿ-ի հետ քաղաքական համագործակցութիւնը այս ընթացքին իր արդիւնքը տուա՞ւ, թէ՞ ՀՅԴ խոստումները չիրականացան, եւ ունեցանք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու այն արդիւնքը, որ արձանագրեց ՀՅԴ-ն»: Ի պատասխան` Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ այն խնդիրները, որոնք ձեւակերպուած են ՀՀԿ-ՀՅԴ քաղաքական համաձայնագիրին մէջ, երկրին համար ամէնէն անհրաժեշտ եւ ճիշդ ընտրուած ուղղութիւններն են, որոնք կը բխին նոր սահմանադրութենէն: Ըստ Վարդանեանի, ակնյայտ է, որ Դաշնակցութիւնը այդտեղ ուշացած է եւ յստակ ու ճշգրիտ արդիւնքներ չունի, բայց ակնյայտ է նաեւ այն, որ Դաշնակցութիւնը ունի հիմք` նոր կառավարութեան ձեւաւորմամբ խնդիրները յստակ ձեւով մատնանշելու:

«Վստահ եմ, որ այդ առումով դրական սպասելիքներ պիտի յառաջանան, նաեւ` 2017-ի ընտրութիւններուն համար: Եկէք չշփոթենք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները եւ համապետական ընտրութիւնները»:

Ընտրական խախտումներուն վերաբերեալ ահազանգերուն գծով Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ, նախորդ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն հետ բաղդատելով, չկան էական փաստեր լուրջ ընտրակեղծիքներու վերաբերեալ:

Լրագրողները հարցուցած են շրջան ընող այն խօսակցութիւններուն մասին, որոնց համաձայն, Դաշնակցութիւնը եւս ընտրակաշառք բաժնած է, յատկապէս` Կապանի մէջ: «Ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ ե՛ւ Կապանի, ե՛ւ Վանաձորի, ե՛ւ Գիւմրիի մէջ, ե՛ւ որեւէ տեղ Դաշնակցութիւնը ընտրակաշառքով ձայներ չէ փորձած հաւաքել: Այսօրուան տարբեր քաղաքական ուժերու ունեցած ֆինանսական կարելիութիւններու պայմաններուն մէջ փորձել նիւթապէս մրցակցիլ, ուղղակի լուրջ չէ, անիմաստ է եւ ինքնին կը նշանակէ դատապարտուածութիւն: Մենք այդ քայլին երբեք չենք դիմեր», դիտել տուած է Աղուան Վարդանեան:

 

Նախորդը

Հայաստանի Վարչապետն Ու Դեսպան Միլզը Քննարկած Են Երկկողմանի Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Վերահսկուողէն Դէպի Անձեւ Քաոս` Սուրիական Տարածքներու Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?