Ռուհանի. «Իրան Կը Պաշտպանէ Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութիւնը Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Ուղղուած Քայլերը»
«Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի կիրակի օր Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ իր երկիրը կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պատրաստ է աշխուժ դերակատարութիւն ունենալու հայ-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ: Ան ըսած է, որ Իրան կը պաշտպանէ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը եւ կը հաւատայ շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման: Ազրպէյճանական...




















