Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Տարբեր Որոշումներ, Տարբեր Շարժառիթներ` Առանց Դասեր Տալու

Հոկտեմբեր 8, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

agnarg_10816

Հալէպի ողբերգական պատկերներուն, արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն ի տես հայ հասարակական դաշտը բնականաբար կ՛ալեկոծուի: Հաւանաբար բնական է նաեւ այն, որ ժողովրդային մակարդակով պատահարներուն դիմաց ընդվզումի տրամադրութիւնները հասցէներ փնտռեն, թիրախներ եւ եղածին պատասխանատուութիւնը բարդեն ամէնէն առաջ պատասխանատու կողմերու ուսերուն: Եւ որովհետեւ այսօրուան հասարակութիւնը առիթ ունի նաեւ հրապարակային արտայայտուելու, զանգուածներուն իր տեսակէտը, բողոքը, ընդվզումը հասանելի դարձնելու, գրառումները, մեկնաբանութիւնները եւ քննարկումները կ՛ողողեն ելեկտրոնային դաշտը, եւ պէտք է ընդունիլ, այո՛, կը ստեղծեն որոշ հանրային կարծիք:

Երեւոյթին մէկ կարեւոր բաժինը սակայն պէտք է ընկալել ո՛չ թէ պատասխանատու խօսքի տարածում, ո՛չ թէ ստուգուած տեղեկութիւններու հիման վրայ հաւաստի լրատուութիւն, այլ բազմաթիւ մարդոց միջեւ նոյն նիւթին շուրջ անմիջական խօսակցութիւններու ընդհանուր պատկեր:

Մարդկային-հոգեբանական առումով նոյնքան ըմբռնելի է, որ յոռետեսութեան պահերը գերակշիռ ըլլան երիտասարդ ու պատանի զոհերու դիմաց եւ տիրէ ընդհանուր յուսահատական կամ անտիրութեան մատնուած ըլլալու մթնոլորտ մը:

Այս բոլորը սակայն ժողովրդային մակարդակի վրայ բնական են, հասկնալի: Մինչ, այս համընդհանուր մթնոլորտը փոխելու, բարոյահոգեբանական վիճակը բարձրացնելու, վիրաւորներուն բուժօգնութիւն տրամադրելու, անպատսպարները տեղաւորելու եւ ստեղծուած վտանգին դիմաց կարելի համապատասխան միջոցառումներ որդեգրելու համար կան միացեալ շտապներ, հոգեւոր-ազգային պատասխանատու մարմիններ, կազմակերպութիւններ, ինքնապաշտպանութեան գործին լծուած նուիրեալներ:

Պէտք է նկատել նաեւ ա՛յս իրականութիւնը. եւ եթէ իրաւամբ, աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ եւ անոր տարողունակութեամբ մարտեր են, որոնք կը մղուին Հալէպի մէջ` ներգրաւելով գերտէրութիւններու  բանակներն ու օդուժը, ապա բնականաբար կը շեշտուի պատերազմական գործողութիւններու աւարտին մասին կանխատեսումներ ընելու բարդութիւնը:

Եւ երբ փակուղիի մէջ յայտնուած ըլլալու համոզումով եւ յատկապէս իրադարձութիւններու տրամաբանական շարունակականութիւնը կորսնցուցած ըլլալու փաստով առնուելիք քայլերու անորոշութիւնը տիրապետող կը դառնայ, ապա հերթական անգամ ծայր կ՛առնեն ողբի գրառումներու շարքը, «պէտք էր»-ի տեսաբանութեան բազմաթիւ օրինակները, դատապարտումները, երբեմն հասցէական, յաճախ ալ անհասցէ բողոքները:

Վանելով ռազմադաշտէն հեռու` դաս տալու փորձութիւնը, փորձենք յետպատերազմեան սուրիահայութեան այսօրուան աշխարհագրութեան համապատկերը ուրուագծել: Թէեւ այստեղ թիւերը շատ կարեւոր են, բայց յստակ է, որ շարժունակ թուաբանութեան մասին է խօսքը` տրուած ըլլալով, որ արտահոսքը չէ կասեցուած եւ անոր մէկ կարեւոր համեմատութիւնն ալ ներքին բնոյթ ունի: Ուրուագիծ բառը պատահականօրէն չ՛օգտագործուիր այս պարագային, որովհետեւ հասկնալի պատճառներով կը բացակային վիճակագրական թիւերը:

Արտահոսքի առաջին կանգառը Լիբանանն է հասկնալիօրէն: Առանց բացառելու դէպի Թուրքիա կամ Յորդանան անցած համասուրիական գաղթականական ալիքին ներառուած հայ տարրերը, պէտք է ըսել, որ իբրեւ զանգուածային երեւոյթ` այդպէս է: Նոյնիսկ Երեւան մեկնող զանգուածին համար առաջին կանգառը Լիբանանն է` տրուած ըլլալով, որ Դամասկոսի կամ Լաթաքիոյ օդակայանները գրեթէ զրկուած են միջազգային թռիչքներ իրականացնելու կարելիութենէն:

Սակայն Լիբանանը տարանցիկ կանգառ է ոչ միայն դէպի Երեւան ուղեւորուողներուն համար, այլ նաեւ դէպի Քանատա յատկապէս, նուազ չափով Միացեալ Նահանգներ, Շուէտ, Գերմանիա կամ եւրոպական քաղաքներ. վերջերս նաեւ` Աւստրալիա:

Համասուրիական գաղթականական հսկայական ալիքը, որ բախեց եւրոպական տարբեր երկիրներու ծովափները, այս ուրուագծումէն դուրս կ՛իյնար ամբողջովին, եթէ ողբերգական պատահար պատահած չըլլար սուրիահայ ընտանիքին, որ պատահական նաւով փորձած էր հասնիլ Եւրոպա:

Քանատայի եւ Աւստրալիոյ գաղթականական բաժանմունքներուն որդեգրած յատուկ քաղաքականութեան հետեւանքով Երեւանէն դէպի Պէյրութ վերադարձի որոշակի հոսք նկատուեցաւ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն, որոնք թղթաբանական հարցերը լուծելու եւ ապա ընդունող երկիր մեկնելու համար դարձեալ տարանցիկ կանգառ նկատեցին Լիբանանը:

Երեւանէն կար նաեւ ուղղակի անցում դէպի եւրոպական քաղաքներ, որոնք յատուկ օրէնքներ ունին ճգնաժամի բերումով իրենց երկիրները յայտնուած գաղթականներուն կացարան տրամադրելու, կեցութեան արտօնագիր շնորհելու եւ նաեւ աշխատանք ապահովելու: Այս կարգավիճակին մէջ էին եւ են նաեւ սուրիահայեր, որոնց մէկ մասը Եւրոպա հասած է Երեւանէն:

Արտահոսքի պատճառով Սուրիան ձգած հայութիւնը հիմնական այս ուղղութիւններով շարժած է եւ այդ շարժունակութիւնը կը շարունակէ պահել յատկապէս տարանցիկ միջավայրերէ դէպի վերջնական կանգառներ մեկնելու ծրագիրներով: Շարժունակութիւնը կը վերաբերի նաեւ ներքին տեղափոխութիւններուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերին Հալէպին: Շատ հասկնալի պատճառներով Հալէպէն որոշ թիւ մը մեկնած է Դամասկոս, Քեսապ, բայց առաւելաբար Լաթաքիա, Թարթուս: Հրապարակուած տեղեկութիւններու համաձայն, Քեսապի տարհանումէն ետք, մեծ չէ տարբերութիւնը վերադարձողներուն եւ նախքան տարհանումը Քեսապի մէջ ապրող հայերու թիւերուն: Համեմատաբար նուազ է դէպի Գամիշլի ներքին գաղթականութեան ընթացքը, չըսելու համար, որ գրեթէ աննկատ է:

Մինչ, պատերազմի կիզակէտին յայտնուած Հալէպի մէջ համեմատական խաղաղութեան հաստատման առընթեր կը շարունակուի կազմակերպ կեանքը հոգեւոր, միութենական, կազմակերպական մակարդակներու վրայ. երբ ողբերու շարքին միացողներ  «Հալէպ մարդ չէ մնացած» յայտարարութիւնները շրջանառութեան մէջ դնեն, պէտք է տեսնեն նաեւ այս իրականութիւնը. ամէնէն ցուցիչ եւ ամէնէն առարկայական թիւը միաւորուած դպրոցներու աշակերտութեան թիւն է, որ տրամաբանական թիւով բազմապատկուելու պարագային, ճիշդ է` կը շեշտէ նօսրացումը, բայց կը շրջէ նաեւ քաղաքին ամայացած ըլլալը:

Մնացողները ունին իրենց որոշումներուն տարբեր շարժառիթներ:

Անոնք, որոնք խորապէս համոզուած են, որ իրենք պէտք է շարունակեն կառչած մնալ իրենց ծննդավայրին:

Անոնք, որոնք կալուածներու եւ ինչքերու տիրութիւն ընելու պարտաւորութեան տակ են:

Անոնք, որոնք սուրիական բանակին մէջ ծառայող զաւակ ունին:

Անոնք, որոնք տարէց եւ տեղափոխութեան ի վիճակի չեղող պարագաներ ունին:

Անոնք, որոնք որեւէ հնարաւորութիւն չունին:

Այս շարժառիթներն ալ պէտք է նկատի ունենան իբրեւ տրամաբանական իրականութիւն` «ինչո՞ւ տակաւին հոն կը մնաք»-ի տեսակէտը քարոզողները: Իսկ «ինչո՞ւ տակաւին գաղութը կը պահէք» ըսողները եւս կրնան պատկերացնել, որ համայնքի մնացորդացը ամբողջ կարաւաններով, օդանաւերով տարհանելը նոյնիսկ եթէ որոշուի, ապա իրականացնելը իրատեսական չէ, պարզ այն պատճառով, որ մարդիկ, կամ առնուազն որոշակի հատուած մը իրենց կամքով որոշած են մնալ: Հեռու չէ համոզիչ ըլլալէն նաեւ այն տրամաբանութիւնը, որ այլ երկիր մեկնելու միջոցի կարելիութիւն չունեցողները նման ճգնաժամերու  կրնան տեղափոխուիլ սուրիական ծովեզերեայ քաղաք կամ Քեսապ, ուր անպայման տեղւոյն հայ համայնքի դասաւորումները անպատսպար չեն ձգեր եկողները, ինչպէս ըրին Լաթաքիոյ ազգային մարմինները քեսապահայութեան:

Այդպէս էր նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: Արտահոսքը մնայուն էր, մնայուն էր նաեւ մնացողներու երեւոյթը, թաղամասերն ու կառոյցները պաշտպանողներու երեւոյթը: Այստեղ անշուշտ տարբերութիւնը այն էր, որ չկար Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը: Բայց այդ պայմաններուն մէջ նոյնիսկ կար խորհրդային կարգերով կառավարուող մեր երկրի օժանդակութիւնը ամէնէն օրհասական պահերուն:

Այդ օժանդակութիւնը թէ՛ հայրենիք հասած սուրիահայերուն եւ թէ՛ դէպի Սուրիա, հոն մնացող հայրենակիցներուն կը շարունակուի կատարուիլ: Միջազգային ընտանիքին որոշած եւ յապաղող օժանդակութիւններէն շատ աւելի առաջ, շատ աւելի գործնական եղանակներով: Տարբեր խնդիր է անշուշտ, որ մենք ազգովին որքանո՞վ յաջողեցանք այդ արտահոսքը զանգուածային ձեւով ուղղորդել դէպի հայրենիք, այնտեղ յատկապէս աշխատանքի հարցը լուծելով, առանց մոռնալու, որ այդ խնդիրը ամբողջ հայրենաբնակ ժողովուրդին ալ կը վերաբերի:

Պաշտօնական Երեւանը միջազգային ընտանիքին կը յիշեցնէր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը թիւով երրորդ եւրոպական երկիրն է, որ կ՛ընդունի սուրիացի գաղթականներ: Արդէն սկսած է երեւիլ, գուցէ յապաղած, հայեցակարգային այն մօտեցումը, որ գաղթականներ ընդունելու եւ համապատասխան հաւաքական կացարաններ տրամադրելու համար միջազգային ֆոնտեր պէտք է ֆինանսաւորեն Երեւանը:

Դժբախտաբար զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները կը յուշեն այն, որ աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուած սուրիական պատերազմը եւ Սուրիոյ ճակատագիրի ճշդումը դեռ մեծ հանգոյցներու մէջ խճճուած են: Ցնցումներ կ՛ակնկալուին տակաւին եւ ցնցումները իրենց հետ կը սփռեն մահ եւ աւեր: Այս բոլորին արդիւնքը աւանդական, կազմակերպ ամէնէն հայատրոփ համայնքի մը նօսրացումն է, բայց ոչ վերացումը:

Ողբերը, դատապարտումները, օդին մէջ արձակուած յայտարարողական կրակոցները կացութենէ բան չեն փոխեր: Իրատեսական մօտեցումը համոզել կու տայ, որ ո՛չ մեկնողները, ո՛չ ալ մնացողները յայտարարութիւններու կամ կոչերու շարժառիթներէ կ՛առնեն իրենց որոշումները: Մարդիկ կան, որոնք հասկնալիօրէն չեն ուզեր իրենց ֆիզիքական կեանքերը վտանգուած պահել եւ կը ձգեն իրենց միջավայրը, ամէն գնով: Այստեղ որեւէ մեղադրանք չի կրնար ըլլալ: Մարդիկ ալ կան, որոնք տարբեր պատճառներով կը շարունակեն մնալ: Անոնցմէ որոշ մաս մը որոշած է բառացի իմաստով ամէն գնով կառչած մնալ  նոյն միջավայրին:

Հարցերը միագոյն բացատրելը հեռու է առարկայականութենէ: Շարժառիթներն ու որոշումները տարբեր են, ինչպէս մեկնողներուն, այնպէս նաեւ մնացողներուն: Ճգնաժամերու ընթացքին պատասխանատուութիւններ բարդելու գործով չեն զբաղիր, իսկ բնաւ` խուճապ ստեղծելու: Օրհասական պահերու դիմակայումը սառնասրտութեամբ հաւաքականութիւն մը նուազագոյն վնասով դուրս բերելու գլխաւոր եւ միակ առաջադրանքը կ՛ունենայ: Բոլոր պատասխանատու կողմերուն համար: Իսկ պատասխանատու կողմերը թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է եւ թէ՛ ոչ միայն համայնքը, այլեւ համահայկական կառոյցները ընդհանրապէս:

«Ա.»

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ . «Կը Մերժենք Հանրապետութեան Նախագահը Կաշկանդող Որեւէ Պայման» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Յաջորդը

Սարգիս Ադամեան` Յաղթական Կոլի Հեղինակ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?