Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Մենք Մարզպետ Չենք Նշանակած, Որ Անոր Միջոցով Ձայն Ապահովենք»

Հոկտեմբեր 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

fotorcreated-64

7 հոկտեմբերին խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչը ստիպեց իշխանութիւնները կտրուկ փոփոխութիւններ կատարելու, ըսած է, որ այսօր բոլորին համար յստակ է, թէ ի՛նչը պէտք է փոխուի, եւ որքան ալ նախորդ կառավարութիւնները փորձած են բան մը ընել, չեն կրցած հարցերը լուծել այն կշռոյթով, որքան արագութեամբ անոնք կուտակուած էին:

«Խնդիրները մեծ արագութեամբ կը կուտակուին, ուստի համակարգային փոփոխութիւններ պէտք են, ներիշխանական խաղի կանոններու  փոփոխութիւն պէտք է, եւ դուք կը տեսնէք, թէ ի՛նչ աշխուժ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ անոր, նոր վարչապետը բաւական լուրջ, ոչ մէկ թապուով կաշկանդուած լրջագոյն հոլովոյթի սկսած է, եւ այդ փոփոխութիւնները պէտք է ըլլան յստակ տրամաբանուած ու նպատակային` բոլոր խնդիրները արձանագրելով, թէ ո՛ր մարզին մէջ ի՛նչ խնդիր կայ, ինչպէ՛ս եւ որքա՛ն ժամանակի մէջ կարելի է զայն լուծել:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ արդեօք յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւննե՞րը ստիպեցին կտրուկ փոփոխութիւններու դիմելու. Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է, որ փոփոխութիւններ կատարելու հիմնական պատճառը այն է, որ այսպէս կարելի չէ շարունակել այլեւս: Հայաստանի մէջ դիզուած էին լրջագոյն մարտահրաւէրներ, որոնք կա՛մ շատ դանդաղ կերպով կը լուծուէին, եւ կամ ընդհանրապէս չէին լուծուեր: Ահա, թէ ինչո՛ւ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ կը հեռանայ, որպէսզի դուռ բացուի փոփոխութիւններուն համար: Պատգամաւորին համաձայն, այսօր նշանակուած է վարչապետ մը, որ յստակօրէն սահմանած է, թէ ելակէտը ի՛նչ պէտք է ըլլայ` յայտարարելով, որ տնտեսութիւնը շատ ծանր վիճակի մէջ է:

Արմէն Ռուստամեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ճի՞շդ են այն տեղեկութիւնները, որ Դաշնակցութիւնը դժգոհ է Շիրակի դաշնակցական մարզպետ Յովսէփ Սիմոնեանէն, որովհետեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտութիւններուն ՀՅԴ-ն ցած արդիւնքներ ունեցաւ, ըսած է, որ նախ եւ առաջ մարզպետին գործառոյթը ձայներ ապահովելը չէ:

«Մենք մարզպետ չենք նշանակած, որ անոր միջոցով ձայն ապահովենք, կամ ան պէտք է երթար ձայներ հաւաքէր: Մարզպետին խնդիրը այն է, որ ան կարենայ տուեալ մարզին մէջ յառաջացած խնդիրներուն ժամանակին լուծում տալ` հայեցակարգուած ձեւով, եւ այդ միջոցով նուաճել բնակչութեան յարգանքը: Արդիւնքը` կը շահէր այն կուսակցութիւնը, որ ինք կը ներկայացնէ: Ընտրութիւններուն մարզպետի ուղղակի դերակատարում մենք չենք դիտարկած, չենք ալ դիմեր այդ ձեւին, որովհետեւ մենք կ՛ուզենք ատկէ ազատել երկիրը, որ ընտրութիւններուն չկիրարկուին տարբեր վարչական լծակներ: Եթէ այդ ձեւը որդեգրուէր, այլ արդիւնքներ պիտի տեսնէինք, ինչպէս ատիկա տխուր աւանդութեան միջոցով կը տեսնենք այլ տեղեր», ըսած է Արմէն Ռուստամեան: Միեւնոյն ատեն ան նշած է, որ Դաշնակցութիւնը արդէն յայտարարած էր, որ դժգոհ է այս ընտրութիւններէն:  Ռուստամեանի համաձայն, այս տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները մրցակցային էին, կայացած, կային դրական միտումներ:

«Հիմա մենք քննութիւն նշանակած ենք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մեր արդիւնքները վերլուծելու համար, եւ այդ պատկերին հետ կապուած մենք կու տանք մեր որոշումը, որ կը վերաբերի ամէն մէկուն ունեցած դերակատարութեան, հաշուետուութիւն պէտք է ներկայացնեն բոլոր օղակները», ըսած է Ռուստամեան:

Ըստ անոր, առհասարակ քաղաքական պայքարին մէջ պարտութիւնը բնական երեւոյթ է, անիկա կրնայ ունենալ դրական արդիւնք լուրջ քաղաքական ուժին համար, որովհետեւ պարտութիւնը չ՛արտօներ, որ քաղաքական ուժը մեծամիտ դառնայ, յոխորտացող յայտարարութիւններ կատարէ, այլ կը պարտադրէ, որ սխալներդ դիտես բաց աչքով:

Դաշնակցութեան համար այս ընտրութիւնները կարեւոր էին, անոնց ընդմէջէն ստուգում կատարուեցաւ նախ եւ առաջ մինչեւ յաջորդ Ազգային ժողովի ընտրութիւններ: Սակայն Դաշնակցութիւնը չ՛ընդունիր միւս ծայրայեղութիւնը, թէ այս ընտրութիւնները արտացոլացումն էին յաջորդ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքներու պատկերին: Ըստ ՀՅԴ-ին, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն իրենց ներկայացուցչութիւնը աւելցած է, ուստի կարելի չէ այդ համեմատութեամբ ՀՅԴ-ի արդիւնքները ձախողութիւն նկատել: «Ազնիւ, անկեղծ կը վերլուծենք արդիւնքները, եւ կու տանք մեր որոշումները: Ինչ կը վերաբերի հրաժարականներուն, ատիկա ինքնագլուխ չի կատարուիր, ատիկա Գերագոյն մարմինի որոշումներով կ՛ըլլայ», ըսած է Ռուստամեան:

Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է այս ընտրութիւններուն, մասնաւորաբար Վանաձորի ու Գիւմրիի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին:

Լրագրող մը հարցուցած է, որ Ռուստամեան կը պատկերացնէ՞, որ ՀՀԿ-ն Վանաձորի մէջ ընդդիմադիրի կարգավիճակի մէջ ըլլայ, ան պատասխանած է, որ եթէ բոլորը միանան, ապա ՀՀԿ-ն ընդդիմադիրի կարգավիճակ ձեռք պիտի բերէ:

«Բոլոր խաղաքարտերը այսօր ընդդիմադիր դաշտին ձեռքն են: Այդ առումով ալ դրական կը նկատեմ, որ առաջին անգամ ըլլալով հանրապետութեան երրորդ քաղաքին մէջ արձանագրուած է արդիւնք մը, երբ ոչ իշխանական ուժերը ունին կարելիութիւն նշեալ քաղաքին մէջ իշխանափոխութիւն կատարելու: Եւ ի՞նչ պէտք է խանգարէ անոնց, որ ատիկա կատարեն: Գիտեմ, որ ինչ որ համաձայնութիւններ արդէն կան, բայց ես այդ առնչութեամբ փորձառութիւն ունենալով, չէի շտապեր ատիկա վերածել 17 ձայնի: Քուէարկութիւնը փակ, գաղտնի պիտի ըլլայ: Կը բացուին տուփերը, կը տեսնենք արդիւնքները: Ես իսկապէս կ՛ուզեմ, որ այդտեղ ըլլայ 18 ձայն», ըսած է Ռուստամեան:

Ան հաստատած է, որ Դաշնակցութեան վարքագիծը չէ փոխուած, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ան իշխանութիւն է, թէ` ընդդիմութիւն: ՀՅԴ-ն ունի իր յստակ ծրագիրները, որոնցմով կ՛առաջնորդուի` արձանագրելով յաջողութիւններ:

«Անոնք, որոնք ատեն մը դէմ էին սահմանադրական փոփոխութիւններուն, կրնան վայելել սահմանադրական փոփոխութիւններուն արդիւնքները, սակայն չեն ամչնար, որ Դաշնակցութիւնը քարկոծած են: Նոյնը` Վանաձորի եւ Գիւմրիի մէջ  ստեղծուած իրավիճակն է, որովհետեւ եթէ չըլլային սահմանադրական փոփոխութիւնները, այդ փոփոխութիւններուն կարելիութիւնը պիտի չըլլար, երբ ընդդիմութիւնը կը միաւորուի եւ յատուկ քաղաքի մը մէջ իշխանութիւնը իր ձեռքը կ՛առնէ: Եւ նոյնը կրնայ ըլլալ խորհրդարանին մէջ», ըսած է Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Օժանդակութիւնները Հասան Հալէպ

Յաջորդը

Փենթակոն Խոստացած Է Միջոցներու Ձեռնարկել Սուրիոյ Մէջ «Էս-300»-Ներու Տեղակայման Առնչութեամբ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?