Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերահսկուողէն Դէպի Անձեւ Քաոս` Սուրիական Տարածքներու Վրայ

Հոկտեմբեր 5, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շ.Գ.

angarg_100416

Վերահսկուողէն անձեւ քաոսի անցումի նախադրեալները կը յուշէին ռազմական այն գործողութիւնները, որոնք արձանագրուեցան Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, անցեալ օրերուն:

Համաձայնեցուած զինադուլը անպայման պիտի ընդհատուէր, ռուս-ամերիկեան ո՛չ միայն յայտարարողական, այլ նաեւ գետնի վրայ ռազմական միջնորդաւորուած երեւոյթով, անուղղակի, ըստ էութեան ուղղակի, բախումներու հետեւանքով:

Ամբողջ խնդիրը կը կեդրոնանար այն պահանջին վրայ, որ անընդհատ ռուսերը կ՛արծարծէին` տարանջատել ընդդիմադիր զինեալները ահաբեկչական խմբաւորումներէն: Դէպքերը այնպէս կ՛ընթանային, որ հակակառավարական ուժերու գրոհներու պահերուն մշուշ կը ստեղծուէր զինեալ տարրերու ինքնութեան վրայ, անոնց պատկանած կազմակերպութիւններուն առումով:

Իրադրութիւնները կը յուշէին, որ ՏԱՀԵՇ-ը տակաւին իբրեւ գործիք գործառոյթ ունէր իրականացնելիք` արգելակելու համար կառավարական ուժերու յառաջխաղացքը կամ անոնց կողմէ ռազմավարական  նոր գօտիներ նուաճելու գործընթացը:

Ռուսական կործանիչներու գործողութիւնները կեդրոնացան Հալէպ քաղաքին վրայ` շրջանը ամբողջ մաքրելու ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութենէն եւ ազդեցութենէն:

Փաստօրէն ամիսներ առաջ ռուսական զինուժին կողմէ յայտարարուած սուրիական տարածքներէ հեռանալու յայտարարութիւնը այս ձեւով արմատապէս եւ գործնապէս չեղեալ կը նկատուէր: Ռուսերը կը շարունակեն վերահսկել սուրիական ծովեզերքը իրենց ռազմանաւերով, Դամասկոսը, ռազմավարական այլ կարեւոր տարածքներ եւ հիմա ալ որոշած են ՏԱՀԵՇ-էն մաքրել սուրիական կարեւորագոյն քաղաքը:

Լափիրինթոսային իրավիճակ ստեղծուած է այս առումով: Մէկ կողմէ Անգարան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կ՛ուզէ ստեղծել անվտանգութեան գօտի, կը ներխուժէ Ճարապլոս եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմելու պատրուակով չէզոքացման գործողութիւններ կ՛իրականացնէ քիւրտերու դէմ. միւս կողմէ` Ուաշինկթընը թոյլ չի տար, որ Անգարան անարգել իրականացնէ իր զինուորաքաղաքական առաջադրանքը. ան թէ՛ կը զսպէ քիւրտերուն յառաջխաղացքը եւ թէ՛ միաժամանակ քրտական խաղաթուղթը կ՛օգտագործէ Թուրքիոյ դէմ:

Մինչ Մոսկուան մերձեցման եւ թէկուզ կարճաժամկէտ համաձայնութիւններով կ՛արտօնէ Թուրքիոյ մուտքը Սուրիա. ասոր փոխարէն Անգարան կը համաձայնի Մոսկուայի հետ, որ վերջինը կեդրոնանայ Հալէպի վրայ:

Պատահական չէ, որ Անգարան համեմատաբար գէթ առ երեւոյթ աւելի կրաւորական պահուածք ունէր վերջին իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Եւ նոյնքան պատահական չէ, որ Անգարայի մօտ կանգնած զինեալ խմբաւորումներ իբրեւ քաղաքական առաջադրանք յայտարարած էին Սուրիոյ ապառուսականացման եւ ապաիրանացման կարգախօսը` այս անձեւ քաոսի ստեղծման ծրագիրին տալու համար դիմադրութեան շարժումի ծխածածկոյթ:

Երեւոյթները կը յուշեն, որ զինեալ ընդդիմութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն տարանջատումը այս հանգրուանին պիտի չըլլայ: Այլ` ՏԱՀԵՇ-ը գործիքաւորելու վարքագիծը պիտի շարունակուի որոշ ժամանակի համար:

Ամէնէն մշուշոտ դերը Անգարային կը վերաբերի: Մէկ կողմէ Մոսկուայի հետ մերձեցած Անգարան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին պիտի շարունակէ ներառել քիւրտերը: Ահա այստեղ է նաեւ, որ տարանջատումը յստակացնելու պահանջներ պէտք է դրուին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ անհաշտ պատերազմ յայտարարողներու կողմէ: Անգարայի խաղը  այս երկկողմանի լարախաղացութեամբ շուտով կը սպառի: Հակառակ մերձեցումներուն եւ հակառակ ներխուժման արտօնութիւններուն, Անգարայէն զատ ոչ մէկ ուժ իբրեւ ահաբեկչական միաւորներ կը նոյնացնէ ՏԱՀԵՇ-ն ու քիւրտերը:

Բարդ մեկնաբանելի այս իրավիճակը  կը նշէ մէկ պարզ իրողութիւն: Ստեղծման ընթացքի մէջ է անձեւ քաոս, որ գուցէ վերջնական ծրագիրի իրականացման համար անհրաժեշտ հանգրուան է:

 

 

 

Նախորդը

Վարդանեան. «Եկէք Չշփոթենք Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Համապետական Ընտրութիւններուն Հետ»

Յաջորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Յայտարարուած Են «Հայրերի Հող» Կարճ Տեւողութեամբ Ժապաւէններու Մրցումին Արդիւնքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?