Բեմին վրայ փայլողը «Բամբիռ» հայկական խումբն էր, սրահը` ռոք երաժշտութեան երկրպագուներով լեցուն, իսկ մթնոլորտը` բարձր տրամադրութեամբ յագեցած: Հակառակ երաժշտութեան նորարարական ոճին, հայ մշակոյթն էր, որ կը ներկայացուէր հայկական խումբի մը կողմէ, որ մեծ անուն եւ հռչակ ունի Հայաստանի ու արտասահմանի մէջ:
«Բամբիռ» խումբին ելոյթը, որ կազմակերպուած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբ»-ին կողմէ, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 8 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբ»-ի նախագահ Վանա Գասարճեան: Ան ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթեց բոլորին «Բամբիռ»-ի ելոյթին առիթով եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ակումբը կը նպատակադրէ հայկական արուեստը, պատմութիւնը, մշակոյթը ներկայացնել ոչ միայն Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի շրջանակներուն մէջ, այլեւ լիբանանեան լայն հասարակութեան, իսկ այս համերգը կու գայ ապացուցելու այդ ձգտումը: Խօսքի աւարտին Վ. Գասարճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակած են ելոյթի կազմակերպման ու կայացման, աշակերտութեան, բարեկամներուն եւ վերջապէս հովանաւորներուն:
Սիրալիր եւ ջերմ ծափողջոյններով ներկաները դիմաւորեցին «Կարապալա» խումբը, որ երկար բացակայութենէ ետք բեմ բարձրացաւ եւ փունջ մը վերամշակուած գեղեցիկ երգերով ձեռնարկին բացումը կատարեց:
Վերջապէս, երիտասարդութեան կողմէ երկար սպասուած ռոք խումբը արդէն բեմին վրայ էր. Նարեկ Բարսեղեան, Արիկ Գրիգորեան, Արման Քոչարեան եւ Վարդան Փարեմուզեան իրենց մատուցած երաժշտութեան մէջ օգտագործած էին հայկական ժողովրդական երգեր, միջնադարեան երգերու ժամանակակից գործիքաւորումներու մշակումով հրաշալի մեկնաբանութիւններ: Երաժշտութեան ուժգնութիւնն ու կշռութային համաչափութիւնը իւրայատուկ մեկնաբանութիւններով ուղղակի հմայեցին ներկաները: Ի վերջոյ, հայ մշակոյթը արդիական ոճով կը ներկայացուէր` նոր սերունդին ճաշակը գոհացնելու:
Ուշագրաւ էին խումբի անդամներուն հարազատ հիւմըրային մէջբերումները, որոնք առաւել կը համեմէին ելոյթը:
Պէտք է ըսել, որ համերգը արժանացաւ երիտասարդութեան մեծ համակրանքին, որ թարգմանուեցաւ երկար ծափահարութիւններով, խանդավառ բացագանչութիւններով եւ «պրաւօ»-ներով: