5 հոկտեմբերին Երեւանէն Սուրիա հասած է մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկրորդ օդանաւը: Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութեան ծրարներուն վրայ գրուած է. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»:
Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն Սուրիա մեկնած մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկրորդ օդանաւը ճամբած են Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վարդան Մակարեան եւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իւան Վոլինքին: