Գլխաւոր լուրեր

Պահանջելով Ծրագիրի Ամբողջական Գործադրութիւնը`  Կ՛առկախուի Աղբերու Ընդունումը Պուրճ Համուտի Մէջ

Պահանջելով Ծրագիրի Ամբողջական Գործադրութիւնը` Կ՛առկախուի Աղբերու Ընդունումը Պուրճ Համուտի Մէջ

  Երէկ երեկոյեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր գումարած նիստին ընթացքին որոշեց ցնոր տնօրինութիւն առկախել աղբերու ընդունումը Պուրճ Համուտի մէջ յատկացուած յատուկ հողամասին վրայ, ուր պիտի կառուցուի տեսակաւորուած աղբի թափօններու թաղման վայրը, եւ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: Հաղորդագրութիւն 17 յուլիս 2015-ին Նաամէի աղբանոցին փակումով Լիբանան մուտք գործեց մութ փակուղի մը, երբ Նաամէի աղբանոցը փակուեցաւ, առանց աղբերու հարցը լուծելու յստակ այլընտրանքներու: Աղբի...

Աբրահամեան. «Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք  Բերուած Է Հայ-Իրանական Սահմանին Վրայ  Ազատ Տնտեսական Գօտի Հիմնելու Շուրջ»

Աբրահամեան. «Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք Բերուած Է Հայ-Իրանական Սահմանին Վրայ Ազատ Տնտեսական Գօտի Հիմնելու Շուրջ»

Հայ-իրանական սահմանին վրայ ազատ տնտեսական գօտիի հիմնումը նոր կարելիութիւններ կը բանայ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար: «Բազէ-2016» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին ընթացքին այս մասին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: «Սոչիի մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու  վարչապետներու վերջին հանդիպումին ընթացքին մենք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած ենք հայ-իրանական սահմանին` Մեղրիի շրջանին մէջ, ազատ տնտեսական գօտի հիմնելու մասին: Ասիկա շատ կարեւոր...

Խորհրդակցութիւններ Սիսի  Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ

Խորհրդակցութիւններ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ

Անցնող օրերուն, Արամ Ա. կաթողիկոս շարք մը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին շուրջ, Ժընեւի մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 27 ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ մէջ դատ բացած էր` պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանի պատմական կալուածը: Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն միջեւ ստեղծուած նոր պայմաններն ու անոնց հաւանական...

ՀՅԴ Երիտասարդական Շրջանային  Բանակումը Սկսաւ Կիպրոսի Մէջ

ՀՅԴ Երիտասարդական Շրջանային Բանակումը Սկսաւ Կիպրոսի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու  շրջանային բանակումը իր աշխատանքները սկսաւ 22 օգոստոս 2016-ին, Կիպրոսի Թրոտոս լեռնաշղթայի բանակավայրերէն մէկուն մէջ: Բանակումին կը մասնակցին կուսակցական 13 շրջաններէ աւելի քան 65 երիտասարդներ: Մասնակիցներ կան Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Ֆրանսայի, Շուէտի, Հոլանտայի, Բրիտանիոյ, Արցախի, Հայաստանի, Կիպրոսի եւ այլ շրջաններէ: Բանակումի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 22 օգոստոսի...

Ակնարկ.  Թուրքմենական Եւ Քրտական  Գործօնները  Ռուս-Թրքական Ժամանակաւոր  Մերձեցման Լոյսին Տակ

Ակնարկ. Թուրքմենական Եւ Քրտական Գործօնները Ռուս-Թրքական Ժամանակաւոր Մերձեցման Լոյսին Տակ

  Սուրիական պատերազմի խճանկարը կը թուի, որ աւելի բարդ մեկնաբանելի համապատկեր կը պարզէ: Հալէպի շրջանի նախ կառավարական ուժերու կողմէ շրջափակումը, ապա զինեալ խմբաւորումներու կողմէ այդ շրջափակումին ճեղքումն ու շրջանին հակառակ ուղղութեամբ իրողական շրջափակումը եւ աւելի ուշ դարձեալ կառավարական ուժերուն կողմէ Հալէպի ապաշրջափակումը ենթադրել կու տան, որ ուժերու հիմնական որեւէ տեղաշարժ չէ արձանագրուած տակաւին. շրջափակում-ապաշրջափակում այս պարանաձգութիւնը, որ իւրովի գոյավիճակի (սթաթիւս...

«Աղմկելէ Հեռու Կատարուած Լուռ  Եւ Հանդարտ Աշխատանքը  Աւելի Արդիւնաւէտ Կրնայ Ըլլալ»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Աղմկելէ Հեռու Կատարուած Լուռ Եւ Հանդարտ Աշխատանքը Աւելի Արդիւնաւէտ Կրնայ Ըլլալ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Պուրճ Համուտի մէջ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրի կառուցման իմաստով Փաղանգաւոր կուսակցութեան ցուցաբերած մերժողական կեցուածքին եւ անոր կողմէ գործադրուող նստացոյցին մասին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ աղմկելէ հեռու կատարուած լուռ եւ հանդարտ աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ: «Բոլորս լաւ կը յիշենք, որ անցեալ տարի...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Եւ Նախարար  Սէյրան Օհանեան Քննարկած Են  Բանակաշինութեան Առնչուող Հարցեր

Նախագահ Բակօ Սահակեան Եւ Նախարար Սէյրան Օհանեան Քննարկած Են Բանակաշինութեան Առնչուող Հարցեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ  հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպման մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, նախարար Լեւոն Մնացականեան, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան...

Նախարար Լեւոն Մկրտչեանի Հրամանով`  Դպրոցներու Տնօրէններու Եւ Ուսուցիչներու Հետ  Խորհրդակցութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան

Նախարար Լեւոն Մկրտչեանի Հրամանով` Դպրոցներու Տնօրէններու Եւ Ուսուցիչներու Հետ Խորհրդակցութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան

2016-2017 ուսումնական տարին նախապատրաստուած սկսելու, հանրակրթական դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն անհրաժեշտ մեթոտական օգնութիւն կազմակերպելու նպատակով` Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան հրաման ստորագրած է` 25-էն 30 օգոստոսին  մարզերուն եւ Երեւան քաղաքին մէջ հանրակրթական դպրոցներու  ուսուցիչներու եւ տնօրէններու օգոստոսեան խորհրդակցութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ: Հրամանին համաձայն, հանրակրթական դպրոցներու տնօրէններու  խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու, տեղւոյն իրավիճակին ծանօթանալու եւ չլուծուած խնդիրներուն վերաբերեալ առաջարկներ մշակելու նպատակով`...

Վրաստանի Մէջ Կանխարգիլուած Է Ռուսիայէն  Հայաստան Երկարող Կազի Խողովակաշարի  Ականահարման Փորձը

Վրաստանի Մէջ Կանխարգիլուած Է Ռուսիայէն Հայաստան Երկարող Կազի Խողովակաշարի Ականահարման Փորձը

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Կրուզիա անլայն»-ը, կը հաղորդէ, որ Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները խափանած են Սուկուրամ գիւղին մօտ Ռուսիայէն Հայաստան երկարող կազի խողովակաշարին ականահարման փորձը: Ձերբակալուած են Վրաստանի 7 քաղաքացիներ, որոնց շարքին` Փոթի քաղաքի պարեկային ոստիկանութեան աշխատակից Լեւան Մամփորիան: Անոնք կը մեղադրուին ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու յանցանքով: Լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Վրաստանի անվտանգութեան ծառայութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ ձերբակալուածները...

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Անկախութեան Օրուան Առիթով ՀՅԴ-ն  Պիտի Կազմակերպէ Զօրակցական Հաւաք

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան Օրուան Առիթով ՀՅԴ-ն Պիտի Կազմակերպէ Զօրակցական Հաւաք

  Սեպտեմբերը տօնական եւ յոբելենական է հայկական զոյգ պետութիւններուն համար: Մինչ 21 սեպտեմբերին պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակը, ամսուան սկիզբը կ՛ամբողջանայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման քառորդ դարը: 2 սեպտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հռչակեց իր անկախութիւնը, որ արդէն 10 դեկտեմբերին ամրագրուեցաւ համաժողովրդական հանրաքուէով: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առիթով, «Յանուն Արցախի անկախութեան եւ միասնութեան» կարգախօսին ներքեւ Հայ յեղափոխական...

Կիւլենականներու Հետապնդման Արշաւի Ծիրին Մէջ.  Ձերբակալուած Է Հրանդ Տինքի Սպանութեան Հարցով  Վճիռ Արձակած Դատաւոր Ռուստեմ Էրեըլմազ

Կիւլենականներու Հետապնդման Արշաւի Ծիրին Մէջ. Ձերբակալուած Է Հրանդ Տինքի Սպանութեան Հարցով Վճիռ Արձակած Դատաւոր Ռուստեմ Էրեըլմազ

Թուրքիոյ մէջ կիւլենականներու ձերբակալման արշաւի ծիրին մէջ վերջերս արգելափակուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչուող դատական վճիռ արձակած Ռուստեմ Էրեըլմազ` Պոլսոյ ծանր յանցագործութեանց 14-րդ դատարանի նախագահը: Տինքի սպանութեան հարցով  Էրեըլմազի արձակած վճիռը բեկանուած էր 2013-ին եւ ընթացք առած էր նոր դատավարութիւն: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, դատաւոր Էրեըլմազ ձերբակալուած է Մանիսա նահանգի Սալիհլիի ոստիկանութեան կողմէ, Պաքըրքէօյի եւ Ուրֆայի դատարաններուն հաւանութեամբ: Ան մեղադրուած է...

«Արցախ Երբեք Մաս  Պիտի Չըլլայ Ազրպէյճանին»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի  Երեսփոխան Ֆրանք Էնկել

«Արցախ Երբեք Մաս Պիտի Չըլլայ Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխան Ֆրանք Էնկել

«Արցախը Ազրպէյճանին մաս չի կազմեր եւ երբեք ալ մաս պիտի չըլլայ» յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկել «Նիուզ»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Եթէ դուն նախայարձակ պատերազմի կը ձեռնարկես ու կը պարտուիս, կարելի չէ վերադառնալ նախապէս տիրած կարգավիճակին, այլապէս Քալինինկրատը մինչեւ հիմա  Քէօնիքսպերկ կը կոչուէր» ընդգծած է Էնկել: Արցախի գծով Ազրպէյճանը դատապարտող Եւրոպական խորհրդարանի կեցուածքի մը գծով հարցումին անդրադառնալով`  Ֆրանք Էնկել ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Սուրիոյ Հայութեան Գծով  Իր Խորհրդակցութիւնները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Սուրիոյ Հայութեան Գծով Իր Խորհրդակցութիւնները

Ժընեւի մէջ, Երեքշաբթի 16 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան, Սուրիոյ տագնապին գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ տեսնուելէ ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան գծով: Այս ծիրին մէջ, դարձեալ Ժընեւի մէջ, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ միջ-եկեղեցական այն կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, որոնք Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին (ՄԱԵԽ) ճամբով իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն: Յայտնենք,...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան  Միութիւններն Ու Տարեկան Բանակումը  «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Հռչակման 25-Ամեակ». Երէց Պատանիներու  Տարեկան Բանակում

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Տարեկան Բանակումը «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակ». Երէց Պատանիներու Տարեկան Բանակում

  ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպած «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակ» պատանիներու բանակումը, կրտսեր պատանեկան շարքերով սկսած երեքշաբթի, 9 օգոստոսին, ապա շարունակուեցաւ 14-21 օգոստոսին, այս անգամ երէց պատանիներուն համար` Այնճարի մէջ: Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ կիրակի, 14 օգոստոսին` ներկայութեամբ 137 պատանիներու: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Արազ Նաշալեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց բանակումի նիւթին կարեւորութիւնը`...

Ակնարկ.   Պուրճ Համուտի Մէջ` Առանց  Ցուցադրական Արարքներու

Ակնարկ. Պուրճ Համուտի Մէջ` Առանց Ցուցադրական Արարքներու

Պուրճ Համուտի մէջ թափուող աղբերու հարցին գծով մամլոյ ասուլիսներ, պատասխան յայտարարութիւններ եւ կողմնակի ելոյթներ կը շարունակեն գրաւել լրատուամիջոցներու եւ բնականաբար յատկապէս Մեթնի ժողովուրդին ուշադրութիւնը: Փաղանգաւոր կուսակցութեան ցուցադրած զգայնութիւնը այս խնդիրին նկատմամբ իր բացատրութիւնները ունի եւ այս պարագային կը թուի, որ քարոզչաքաղաքական գլխաւոր թիրախը Մեթնի ժողովուրդն է. միջավայր մը, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան գործունէութեան առանցքային բաժինն է: Այս զգայնութեան ցուցադրութիւնը չսահմանափակուեցաւ մամլոյ...

Մանոյեան. «Արեւմուտքի Համար Հայաստանը  Շատ Աւելի Վստահելի Ընկեր  Կրնայ Ըլլալ, Քան Թուրքիան

Մանոյեան. «Արեւմուտքի Համար Հայաստանը Շատ Աւելի Վստահելի Ընկեր Կրնայ Ըլլալ, Քան Թուրքիան

19 օգոստոսին «Մեդիա կենտրոն»-ին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, որ խօսած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, շրջանին ու Հայաստանի մէջ անոնց ունենալիք հաւանական ազդեցութեան, Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ Թուրքիոյ կապերուն մասին: Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ ձախողած զինուորական յեղաշրջման փորձին` Մանոյեան յայտնած է, որ միւս...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղ.  Պանք Օթոմանի Գրաւման  120-Ամեակի Հանդիսութիւն

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղ. Պանք Օթոմանի Գրաւման 120-Ամեակի Հանդիսութիւն

120 տարի... եւ դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդները կը շարունակեն երգելով փառքը հիւսել Պանք Օթոմանի գրաւման պատմակշիռ իրողութեան, կը շարունակեն դաստիարակուիլ հայու ազգային- գաղափարական ինքնագնահատման ուղիով: 120 տարի... եւ դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդները կը շարունակեն կոփուիլ այն բացարձակ ճշմարտութեամբ, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան յեղափոխական զէնքը կրնայ բանալ նոր հորիզոններ, կրնայ հարուածել թշնամին բոլոր ճակատներուն վրայ եւ բոլոր պայմաններուն մէջ կրնայ խրոխտ պահել հայու ազատատենչ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Քուէյթի Թեմը Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմը Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Անցնող շաբաթավերջին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Քուէյթի թեմի եւ շրջակայ երկիրներու հայոց առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեանը եւ Ազգային առաջնորդարանի ու շրջանին մէջ գործող զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները: Պատուիրակութիւնը զեկուցում տուաւ շրջանին մէջ տարուած ազգային-եկեղեցական գործունէութեանց մասին եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Քուէյթի մէջ նոր եկեղեցւոյ ու Ազգային առաջնորդարանի կառուցման հոլովոյթին: Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը...

Պուրճ Համուտի Հանրային Պարտէզի  Հանդիսաւոր Բացում Եւ Մարաշ Թաղի  Վերանորոգման Աշխատանքներու Ստուգում

Պուրճ Համուտի Հանրային Պարտէզի Հանդիսաւոր Բացում Եւ Մարաշ Թաղի Վերանորոգման Աշխատանքներու Ստուգում

Վեց ամսուան վերակառուցման աշխատանքներէ ետք, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը նախանցեալ օր պաշտօնապէս եւ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեց հանրային պարտէզի մը, որուն վերանորոգման աշխատանքները կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով, գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն կից գտնուող հանրային պարտէզի բացումին ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է  ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 օգոստոսին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամ Արմէն Ռուստամեանը: Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, արծարծուած են հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր:

Page 681 of 796 1 … 680 681 682 … 796

Արխիւներ