Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետը Կը Յանձնարարէ Ուսումնասիրել Փտածութեան Վտանգ Պարունակող Ոլորտները

October 14, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

garabedian_101316

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 13 հոկտեմբերին եւս կառավարութեան նիստը սկսած է յանձնարարութիւններով` հիմնականին մէջ ակնարկելով փտածութեան վտանգներուն:

Օրինակ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, ըստ վարչապետին, չէ բացառուած, որ իր ֆինանսաւորած ծրագիրներուն արդիւնաւէտութեան հետեւած չըլլայ. «Կը յանձնարարեմ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու  նախարարին` տասնօրեայ ժամկէտի մէջ ուսումնասիրել մարզական հասարակական կազմակերպութիւններուն մարզական բնոյթի ձեռնարկներ կազմակերպելու, պարգեւատրումներ կատարելու համար պետական պիւտճէէն յատկացուող գումարներու ծախսման արդիւնաւէտութիւնը, ընդհանրապէս անոնց հիմնաւորուածութիւնը եւ կրճատելու անարդիւնաւէտ եւ չհիմնաւորուած ծախսերը»:

Նիստէն ետք նոր նշանակուած նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան ըսած է, թէ տեղեակ չէ` չարաշահման կասկածներ կա՞ն, թէ՞ ոչ, եւ փութացած է հեռանալ: Ան միայն ըսած է հետեւեալը. «Եթէ յանձնարարուած է ուսումնասիրել, կ՛ուսումնասիրենք եւ կը պատասխանենք: Այս պահու դրութեամբ ծախսուած գումարներու օգտակար գործողութեան գործակիցը պէտք է ստուգուի»:

Կառավարութեան ղեկավարը լուսարձակի տակ առած է նաեւ հանրակրթութեան մարզը: Մասնաւորաբար` այդ մարզին մէջ աշխատող անձերու ազգակցական կապերն ու շահերու բախումը. «Եօթնօրեայ ժամկէտի մէջ ներկայացնել առաջարկներ հանրակրթութեան հաստատութիւններու ընտրութեան հոլովոյթին մէջ ազգակցական կապերու, հովանաւորչութեան եւ շահերու բախման երեւոյթներու բացառման ուղղութեամբ: Ինչի՛ մասին է խօսքը, բոլորդ շատ լաւ կը հասկնաք. մայր ու աղջիկ նոյն դպրոցին մէջ… Պէտք է տարբերակել` ուր է առարկայականը, ուր` ենթակայականը»:

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Կը Կազմէ Կամաւորականներու Պահեստային Գումարտակ

Յաջորդը

2018-ի Մոնտիալ. Հարաւային Ամերիկայի Գօտի. Պրազիլ Յաղթեց, Արժանթին` Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.