Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու Եւ Բարեկամներու Ծանօթութեան Անդրանիկ Հաւաք

Հոկտեմբեր 11, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

amv1_101016

Երէկ` երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի յարկին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի բարերարներու եւ բարեկամներու անդրանիկ հանդիպումը, որուն ներկայ էին Ազգային առաջնորդարանի բարեկամներ, բարերարներ, առաջնորդարանի ծրագիրներուն զօրավիգ կանգնող հայորդիներ:

Հաւաքը սկսաւ վարժարանի կառուցման աշխատանքներու ամբողջ ընթացքը ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ:

amv5_101016Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Ան Ազգային վարչութեան անունով  ողջունեց առաջնորդարանի բարեկամներն ու բարերարները, ապա իր խօսքին մէջ ըսաւ,  թէ Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանը վերջին 60-70 տարիներուն իր տեղն ու դերը ունեցած է լիբանանահայութեան պատմութեան, պայքարին, Հայ դատի պաշտպանութեան եւ ազգի արժանապատուութեան պահպանման գործին մէջ: Ան նշեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ կազմաւորուած սերունդները պատիւ բերած են հայ ազգին, իսկ այսօր եկած է ժամանակը, որ նոր սերունդները նոյն պատրաստուածութեամբ, նոյն կարողականութեամբ եւ արդի ժամանակներուն պատշաճող պայմաններու մէջ ստանան նոր ուսում, նոր կրթութիւն  եւ հայութեան ապագան երաշխաւորող նոր տուեալներով օժտեն հայ հասարակութիւնը: Յ. Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ տարուած հսկայ աշխատանքը գաղութի ապագային համար կը կատարուի, հետեւաբար համայն  հայութեան եւ նաեւ հայրենիքին համար:

Ան իր խօսքին աւարտին խորին յարգանք եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այն ժողովականներուն, որոնք անցնող 20-25 տարիներուն իրենց մտածումներով հիմը դրած են նման արդիական դպրոցի ծրագիրի մշակման եւ իրականացման, շինարարական յանձնախումբերուն, որոնք ոգի ի բռին աշխատած են կառոյցի համալրման համար: Յ. Հաւաթեան ըսաւ նաեւ, թէ հանդիպումներու շարքը նախատեսուած է իրականացնել ընթացիկ ամսուան մէջ, որ ազգայինները, պատասխանատուները, ժողովուրդի տարբեր խաւերու ներկայացուցիչները իրազեկ դառնան տարուած աշխատանքին եւ մասնակցութիւն բերեն աշխատանքի համալրման, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ լիբանանահայութիւնը, որովհետեւ այս կառոյցը հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան գործին համար է:

Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Նախանձախնդիր ենք, որ այս կառոյցը անպայման իր նոր կարելիութիւններուն կողքին անձնակազմի եւ կրթական պատասխանատուներու իմաստով պիտի համալրուի նոր եւ մասնագէտ, արդի մանկավարժական բոլոր սկզբունքները իւրացուցած անհատներով, որոնց համար նախանձախնդիր է մեր ազգային առաջնորդարանի կառոյցը»:

amv3_101016Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ շինարարական յանձնախումբին մաս կազմած Վահան Գասարճեան: Ան ըսաւ. «Յամառօրէն կառչած մնացինք այս դժուարին աշխատանքին եւ ամէն ճիգ ի գործ դրինք, որ ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի, ու կառուցման աշխատանքները սկսին: Բնական է, որ ամէն նոր ծրագիրի իրականացման ճամբան լեցուն կ՛ըլլայ խոչընդոտներով եւ գործը դժուարացնող խրթին պարագաներով, բայց մենք ձեռք-ձեռքի տալով յաղթահարեցինք ամէն դժուարութիւն ու մէջտեղ բերինք այս հսկայ ու հայութեան համար չափազանց անհրաժեշտ կառոյցը: Հիացած եմ այս կառոյցով եւ հպարտ եմ, որ ես ալ մասնակցութիւնս բերած եմ անոր կառուցման` շինարարական յանձնախումբին մաս կազմելով:

amv4_101016Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ հանգանակիչ մարմինի ատենապետ Վրէժ Սապունճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանին, հոգեւոր առաջնորդներուն, հայ քաղաքական գործիչներուն, ապա ըսաւ. «Հպարտ եմ, որ հայութեան քաղաքականութիւնը կը թեքի դէպի ուսում, որ առաջնահերթութիւն է: Աշխարհը հետզհետէ անկայուն կը դառնայ, կ՛աղքատանայ եւ եկամուտի զգալի նուազում կ՛արձանագրուի: Իսկ մենք այս բոլորին ականատես ըլլալով պէտք է առաջ երթանք ուսումնառութեամբ: Ուսումն է մեր ապագան: Մեր սերունդները պէտք է բարձրորակ ուսում եւ կրթութիւն ստանան, որպէսզի զարգանանք»:  Վ. Սապունճեան խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են վարժարանի կառուցման աշխատանքներու յաջողութեան, եւ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք տակաւին պիտի օգնեն եւ ներդրում ունենան կառոյցի համալրման մէջ:

amv2_101016Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Հաւաթեան- Մարտիրոսեան: Ան ըսաւ, որ դպրոցը ապագայ հայ սերունդները կերտելու միակ եւ լաւագոյն կռուանն է: Մենք պիտի աշխատինք մանկավարժական նոր տեսութիւններ օգտագործելով հայ աշակերտներու նկարագիրը կազմաւորել, որպէսզի վաղուան սերունդը անպայման ունենայ ստեղծագործ միտք, քննական մտածողութիւն, եւ ստեղծագործելու հրաշալի կարողութիւն եւ հմտութիւն: Իր խօսքի աւարտին Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` իրենց  գործակցութեան եւ ներդրումին համար:

Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը օրհնաբանական աղօթք կատարեց: Ապա իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանը բացառիկ իրագործում մըն է հայ հաւաքականութեան համար: Անիկա կը վերաբերի վաղուան կեանքին, հայ սերունդներու նկարագիրի կազմաւորման գործին: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Ազգային առաջնորդարանը տնտեսական ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ քաջութիւնը ունեցած է դիմելու նման լուրջ աշխատանքի, որպէսզի հայութեան նկարագիրը պահպանուի եւ գալիք ժամանակներուն անիկա կերտուի մատղաշ սերունդին մէջ, որպէսզի հայ ազգը իրաւունք ունենայ ըլլալու պատնէշին վրայ:

«Մեր դպրոցները ունեցած են անհատ բարեկամներ, բարերարներ, բայց մեր դպրոցները ոտքի կանգնած եւ պահուած են մեր ժողովուրդին ընդհանուր մասնակցութեամբ: Կասկած չունինք, որ ամէն մարդ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ ներդրում պիտի ունենայ դպրոցի մը կերտման աշխատանքին մէջ, որպէսզի հայ հաւաքական կեանքը ուղղուած մնայ դէպի ազգային իտէալները եւ դարաւոր երազները», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը, ապա խօսքը ուղղելով ներկաներուն եզրափակեց. «Վա՛րձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք փոթորիկներ դիմագրաւելով առիթ ընծայեցին, որ կրթական այս հսկայ համալիրը իրականութիւն դառնայ: Դպրոցը կարիք ունի բարերարներու, բարեկամներու, կարիքը ունի դպրոցի առաքելութեան հաւատացողներու. շնորհակալ եմ, որ կը միանաք այդ խումբին»:

Յայտնենք, որ Ազգային միացեալ վարժարանի բարերարներու եւ բարեկամներու հանդիպումները պարբերաբար պիտի շարունակուին այս ամսուան ընթացքին, եւ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 14 հոկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի յարկին մէջ:

 

Նախորդը

Յիշատակի Եւ Յարգանքի Երեկոյ` Նուիրուած Վաստակաւոր Բեմադրիչ Եւ Դերասան Պերճ Ֆազլեանի

Յաջորդը

Սուրիա. Վարչապետ Իմատ Խամիս Հանդիպում Ունեցաւ Դամասկոսի Երեսփոխաններու Հետ Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մաս Կը Կազմէր Նաեւ Դոկտ. Նորա Արիսեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?