Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Ղեկավար Ժըպրան Պասիլը

Հոկտեմբեր 12, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

minister-gebran-bassil-tachnag-party_101116

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Րաֆֆի Աշգարեան եւ Յակոբ Հաւաթեան, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, ընկերակցութեամբ` կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի եւ երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլայի ու Զիատ Ասուատի:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին երեսփոխան Յ. Բագրատունի ողջունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան այցելութիւնը եւ նշեց, որ քննարկուած են նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու անոր կապուած վերջին զարգացումները` աւելցնելով, որ լուրջ աշխատանք կը տարուի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրելու հանրապետութեան նախագահ` իբրեւ լիբանանցիներուն մեծամասնութեան ներկայացուցիչը:

«ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն մնայուն կապի մէջ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութեան եւ բարեկամ նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ, սակայն այս այցելութիւնը առիթ մըն էր նախագահական ընտրութեան թղթածրարը աւելի խոր ուսումնասիրելու», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ խորհրդակցութիւնները նորութիւն չեն` նկատի ունենալով, որ իրենք քաղաքական նոյն ուղեգիծը կրող համախմբումին մաս կը կազմեն:

«Այս այցելութեամբ մենք կը փոխանցենք պատգամ մը` լիբանանեան քաղաքական կեանքը բաղկացնող իւրաքանչիւր բաղադրիչի կարեւորութեան մասին, յատկապէս երբ ոմանք մեկուսացումի եւ հեռանալու վիճակներ կ՛ապրին: Երբ մենք ազգային լայն համաձայնութիւններ կը գոյացնենք, կը պաշտպանենք այդ համաձայնութեան մաս կազմող բոլոր կողմերը եւ կը պաշտպանենք զիրար: Իսկ այս իրականութիւնը ժխտող մնացեալ բոլոր յայտարարութիւնները անճիշդ են: Մեր սկսած քաղաքական ըմբոստութեան միտք բանին այն է, որ դուրս գանք այս հասկացողութիւններէն եւ համոզուինք, որ կրնանք միատեղ գործել, որովհետեւ Լիբանան կրնայ ներառել բոլորը: Այս պահը համախմբուելու եւ միասնականութիւնը ամրապնդելու պահն է», ըսաւ Պասիլ:

Ան աւելցուց, որ ոմանք պէտք է ընտելանան այն գաղափարին, թէ բոլորս մուտք պիտի գործենք զօրութեան ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին պիտի վնասեն լուսանցքային եւ տկար կողմերը: «Անշուշտ այս իրականութիւնը չի վերաբերիր հին կուսակցութեան եւ հին հոսանքին, որոնց զօրութիւնը կը բխի անոնց ներկայացուցչութենէն: Ո՛վ որ իսկական ներկայացուցչութիւն ունի, կրնայ ներկայ գտնուիլ եւ մասնակցիլ որեւէ հոլովոյթի, իսկ այս իրականութեան հակասող որեւէ կեցուածք ազգային եւ քաղաքական յարաբերութիւնները խանգարելու փորձ մըն է, որ պէտք է վիժի յայտնուած վայրկեանին», ընդգծեց Պասիլ:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հանդիպումը տկարներու հանդիպո՞ւմ կը նկատէ, Պասիլ ըսաւ. «Ես նման արտայայտութիւն չունեցայ, իսկ անոնք, որոնց անունները նշեցիր, տկար անձնաւորութիւններ չեն, այլ` հզօր»:

Պըրրիի կողմէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը մերժելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ յայտնեց, որ այդ մասին Պըրրիի գրասենեակը յստակացում հրապարակած է` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրը ազատ է իր ընտրութեամբ: «Իսկ այն կանոնները, որոնց համար մենք կը պայքարինք, բոլոր լիբանանցիներուն միջեւ հաւասարութեան հիման վրայ հաստատուելիք գործակցութիւնն է: Երբ այս կանոնը գործադրուի, ապա լիբանանցին արդար կերպով կը շարունակէ իր կեանքը», դիտել տուաւ Պասիլ:

Հարիրիի ճիգերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ նշեց. «Ճիգերը իրականութեան կը վերածուին, երբ անոնց տէրերը այդ ճիգերը ի գործ կը դնեն կամովին, իսկ գործակցութիւնը կ՛ենթադրէ փոխադարձ ջանքեր, որոնց արդիւնքներէն կրնայ օգտուիլ ամբողջ երկիրը: Մենք կ՛աշխատինք ստեղծել ազգային իսկական միասնականութիւն մը. եթէ կրցանք այդ նպատակին հասնիլ, Լիբանանի համար թիրախներ կ՛արձանագրենք, այլապէս` կորուստը մեծ կ՛ըլլայ, եւ լիբանանցիները անոր գինը սուղ կրնան վճարել», եզրափակեց ան:

Նախորդը

«Հալէպահայերը Դեղորայքի Եւ Նիւթական Միջոցներու Կարիք Ունին» «Արմէնփրես»-ին Կ՛ըսէ Աւետիս Կիտանեան

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?