Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՀԿ-ն Եւ ՀՅԴ-ն Վանաձորի Մէջ Դաշինք Կը Կազմեն

October 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

fotorcreated-62

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Վանաձորի աւագանիին մէջ համագործակցութեան մասին որոշում տուած են:

«Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՀԿ-ի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը:

Վերջինս նշեց, որ Հանրապետականն ու Դաշնակցութիւնը իրարու հետ աշխատելու մեծ փորձառութիւն ունին, իսկ այս տարի ստորագրուած քաղաքական համագործակցութեան մասին յուշագիրը կարելիութիւն կու տայ համագործակցելու նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակին վրայ:

Մանրամասնելով` Արմէն Աշոտեանը ըսաւ, որ երկու կուսակցութիւններու կառոյցները Վանաձորի մէջ բանակցած են եւ ունին որոշում սատարման մասին:

«Վստահ եմ, որ համագործակցութեան այս դաշինքը հիմք պիտի հանդիսանայ Վանաձորի հետագայ զարգացման շուրջ կառուցողական միացեալ աշխատանքի համար», նշեց Արմէն Աշոտեան:

Ըստ ՀՀԿ-ի փոխնախագահին, ՀՀԿ-ՀՅԴ գործընկերութիւնը կը յաղթահարէ  քաղաքական անջրպետները, որովհետեւ կայ Վանաձորը զարգացնելու ցանկութիւն:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանն ալ «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ ցաւօք, Դաշնակցութիւնը աւագանիի երկու անդամ կ՛ունենայ Վանաձորի մէջ, որոնք երկուշաբթի օրուան (երէկուան) աւագանիի նիստին պիտի քուէարկեն գործընկեր ՀՀԿ-ի թեկնածուին օգտին:

Նշենք, որ ՀՀԿ-ի ու ՀՅԴ-ի համագործակցութեան արդիւնքով երկու ուժերը աւագանիին մէջ կ՛ունենան 15 աթոռ:

Վանաձորի Քաղաքապետ Ընտրուեցաւ
ՀՀԿ
-ի Թեկնածու Մամիկոն Ասլանեան

Վանաձորի աւագանիին կողմէ քաղաքապետի ընտրութեան քուէարկութիւնը կատարուեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2016-ին: Յաղթեց ՀՀԿ-ի թեկնածու Մամիկոն Ասլանեան` 19 ձայնով, իսկ Քրիստ Մարուքեան հաւաքեց 14 ձայն:

Նշենք, որ երեք ուժեր` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, «Լուսաւոր Հայաստան»-ը եւ «Հայկական վերածնունդ»-ը համաձայնած էին պաշտպանել Քրիստ Մարուքեանի թեկնածութիւնը: Քուէարկութեան արդիւնքները ցոյց տուին, որ երեք ուժերը ներկայացնող աւագանիի  անդամներէն 5-ը խախտած են համաձայնութիւնը եւ քուէարկած են Մամիկոն Ասլանեանի օգտին:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Շիրակի Մարզպետին Նկատմամբ Քննութիւն Բացած Է

Յաջորդը

Արցախ. «Քաղաքական Ուժերը Պէտք Է Կողմնորոշեն Հանրութիւնը` Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Վահրամ Բալայեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.