Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Այժմու Աշխարհամարտի Տեղայնացուած Տարբերակը

Հոկտեմբեր 11, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

agnarg_101116

Եմէնի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պատահածները եւ անոնց զուգահեռ կատարուող յայտարարութիւններու առաստաղին աննախադէպօրէն բարձրացումը եւ տակաւին այդ ուղղութեամբ առօրեայ կշռոյթով արձանագրուող մագլցողականութիւնը հետեւողներուն միտքին մէջ կը մրճահարեն համաշխարհային պատերազմի առաջնորդուելու մտավախութիւնը:

Որքան ալ քաղաքականօրէն տրամաբանենք, որ յայտարարութիւնները միշտ չէ, որ առնչութիւն ունին առնուող քայլերուն հետ, այսուհանդերձ իրադարձութիւնները նման մտավախութեան ժողովրդային մակարդակի վրայ ենթահող գտնելու հիմնաւորումներ կ՛ապահովեն:

Միաժամանակ մտածողութիւնները կը կրկնեն նաեւ այն տեսութիւնը, որ երրորդ աշխարհամարտ կայանալու պարագային, չորրորդը ընդմիշտ տեղի չ՛ունենար, որովհետեւ երկրագունդի մարդկութիւնը լայնածաւալ, համակողմանի  պատերազմի բռնկման պարագային բռնած կ՛ըլլայ ինքնաոչնչացման ուղին:

Այս առումով ալ անտրամաբանական չի թուիր միւս վարկածը, թէ գերարդիական զէնքերը պատերազմներու ընթացքին օգտագործուելու համար չեն, անոնք կը ծառայեն զօրահանդէսներուն ցուցադրուելու, զինուորական ճարտարարուեստի ճամբով գերշահոյթներ ապահովելու, հակառակորդ կողմեր զինելով շուկան անընդհատ աշխուժ պահելու համար: Եւ պատահական չէր, որ ցուցադրական ռազմափորձի մը ընթացքին գործածուած զինատեսակներուն համարժէք արտադրանքներ գնուէին ռազմափորձը իրականացնող ուժին հակադրուած կողմէն: Եւ այսպէս շարունակ, նորաձեւութեան տողանցքներու նման յաճախորդութիւն ներգրաւելով:

Տնտեսական ճգնաժամերու խորացման պարագային, զինուորական շուկայի այս օրինաչափութիւնը բաւարար չէր ըլլար: Շահոյթներուն համար կը ճշդուէին նոր աստիճանաչափեր, նոր նշաձողեր, որոնց հասնելու համար արտակարգ մեթոտ պէտք էր:

Ահա այս անհրաժեշտութենէն կը բխէր պատերազմ յառաջացնելու հրամայականը: Պատերազմ յառաջացնելու ենթահողի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէր ժողովուրդներու միջեւ լարուածութեան ստեղծումը. զուգահեռ, սահմաններու խորտակելիութիւնն ու դիւրաբեկութիւնը ապահովելը, որ իր հերթին դուռ պիտի բանար ոչ օրինական զինեալ տարրերու քանակային ներթափանցումներուն տուեալ երկիրներ: Յետոյ անշուշտ, այդ զինեալներուն համար թափանցման գործողութիւնները իրականացնելու համար մնայուն յենակէտերու ապահովում, ֆինանսաւորում, աջակցութիւն, եւ տուեալ երկրէ այս ընթացքի սկիզբի ճանապարհի հարթում:

Չմոռնանք նաեւ այն, որ զինատեսակներու կարեւոր մասը օգտագործման ժամկէտներ ունին եւ ամբողջ զինապահեստանոցները չեն, որոնք ռազմափորձերու համար միայն կ՛օգտագործուին: Զանգուածային սպառման շուկաները նման քանակութեամբ զինատեսակներու` պատերազմներն են:

Պատերազմներուն միջամտելու, իբրեւ թէ կանխարգիլելու, զինադադար հաստատելու-բեկանելու եւ նմանատիպ մնացեալ բոլոր կարգախօսները` ժողովրդավարացնելու, նոր քարտէսագծումներ կատարելու, մարդկային իրաւունքներ հաստատելու, զանգուածային ոչնչացման զէնքերը չէզոքացնելու համար կատարուող զինուորական գործողութիւնները Իրաքէն մինչեւ Լիպիա, Եմէն, Սուրիա եւ աշխարհի որեւէ անկիւն, զինական ապրանքատեսակներու սպառման համար փաթեթաւորման  եւ ծանուցողական բաժնին մասնիկներն են պարզապէս:

Նշուած տարածաշրջանին մէջ գործիքները սիւննի -շիի գերլարուած իրավիճակ ստեղծելն է, Եմէնի մէջ կարմիր գիծ հատող հրթիռակոծումը, Հալէպի մէջ կործանիչներու գործած աւերը, քրտական գործօնը, ներխուժումները, սահմաններու անպաշտպանուածութիւնը, անձնասպանական արարքները, կրօնական ծայրայեղականութեան շահարկումով իբրեւ թէ նոր պետութիւն ստեղծելու ծրագիրը եւ այդ ծրագիրին դէմ սահմանափակ պատերազմ մղելու առաջադրանքը:

Այս բաղադրիչներու հանրագումարը քաոսային վիճակն է, յաճախ կառավարելի, երբեմն վերահսկողութենէ դուրս գալու նախանիշեր փոխանցող, այնուամենայնիւ զինուորական շուկան գերաշխուժ պահող:

Եթէ այս տրամաբանութիւնը ընդունինք, ապա ընդունած կ՛ըլլանք, որ հակառակ ահազանգներուն գերտէրութիւնները ոչ թէ կ՛առաջնորդուին լայնածաւալ կործանիչ պատերազմի, այլ տեղայնացուած պատերազմներու եւ քաղաքական ու ֆինանսական գերշահոյթներու ապահովման աշխատանքը շարունակելու համար:

Միջինարեւելեան տարածաշրջանը տեղայնացուած համաշխարհային պատերազմի տարբերակն է, որ յայտնաբար կը յատկանշէ մեր ժամանակներու պատերազմները. իսկ ա՛յս տարածաշրջանը պատերազմական շուկայի ամէնէն պարարտ ենթահողներէն կը նկատուի` նկատի ունենալով թէ՛ ժողովուրդներու, թէ՛ համայնքներու, թէ՛ դաւանանքներու, թէ՛ մշակոյթներու տարբերութիւններուն եւ հակասութիւններուն վրայ հիմնուած եւ արտաքին ներշնչումներով գերլարուած իրավիճակը:

Ռազմաքաղաքական այս  ենթահողին վրայ գերուժերը կ՛իրականացնեն չյայտարարուած պատերազմներ` ստեղծելով իրենց կողմէ կառավարելի քաոս: Միայն թէ ներկայիս համարկուած աշխարհի պարագային արդեօք  քաոսը կարելի՞ է պահպանել գծուած շրջանակի մէջ: Գաղթական արտագաղթեալներու պարագան կասկածի տակ կը դնէ այս մտայնութիւնը: Մանաւանդ որ այլ տարածաշրջաններ ներգաղթեալներու հետ նոր վայրեր կը թափանցեն իրենց խնդիրները` զանոնք գործնականացնելով  ահաբեկչութիւններու, սեփական վարքի  պարտադրումի եւ այլ ձեւերով: Այլ խօսքով` տեղայնացուած պատերազմները բոլոր իրենց ցանկալի հետեւանքներուն հետ ունին նաեւ պումերանկի յատկութիւն, որ ո՛ւր եւ ի՛նչ ձեւով ալ հարուածէ, կրնայ չտեղաւորուիլ կառավարելի քաոսի նախագիծին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Վարդան Յարութիւնեան` Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի Նոր Նախագահ

Յաջորդը

Հրաչ Եաքան Մասնակցեցաւ Մարսէյի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?