Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոյեան Տապան»-ն Ու «Ազդակ»-ը Համացանցի Վրայ Պիտի Հեռարձակեն Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովին Քառօրեայ Նիստերը

October 15, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

nt-aztag_101416

20-24 հոկտեմբեր Երեւանի եւ ապա Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը, զոր կազմակերպած են Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւնը, Հայաստանի լրագրողներու միութիւնը եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարներ ու լրագրողներ, օտարալեզու հայկական եւ ոչ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներ:

Ելոյթներ ունենալու եւ համաժողովի մասնակիցներուն հարցումներ ուղղելու համար պէտք է կապուիլ «Նոյեան տապան» լրատուական կեդրոնին հետ` «Սքայփ»-ի հետեւեալ հասցէով. [email protected]

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը 20-24 հոկտեմբերին պիտի հոգայ համաժողովի մասնակիցներուն գիշերային կեցութեան եւ սնունդի ծախսերը:

Համաժողովին ընթացքին տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, այցելութիւններ պիտի կատարուին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատմամշակութային վայրեր:

Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին նիւթերը պիտի ընդգրկեն հետեւեալ ուղղութիւնները.

– Սփիւռքի ներգրաւման միջոցները Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաշինութեան աշխատանքներուն մէջ

– Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական – սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան ուղիները

– Տեղեկատուական միացեալ համակարգի նախադրեալները եւ համապատասխան մեքանիզմները

– Համահայկական ներուժի հաւաքագրում եւ ուղղորդում` դէպի հայոց պետականութեան ամրապնդում

– Սփիւռքեան կառոյցները կամուրջ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տարբեր պետութիւններու յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ

– Սփիւռքը Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակից` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն մէջ

– Հայաստան-Արցախ-սփիւռք` 25-ամեայ համագործակցութեան հանրագումարները եւ հետագայ ընելիքները

Համաժողովի աշխատանքներուն կարելի է մասնակցիլ դիմելով կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ առցանց:

Համաժողովի համացանցային հեռարձակումը կը կազմակերպեն «Նոյեան տապան» լրատուական կեդրոնը (Երեւան), «Ազդակ» օրաթերթը (Լիբանան) եւ «Քոննեքթ թու քոմիունիքէյշըն» ընկերութիւնը (Միացեալ Նահանգներ): Կը խնդրենք հարցումներու պարագային դիմել Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւն` [email protected]  հասցէով, կամ հեռաձայնել +374 60 351121 կամ +1 818 646-10-72:

Համաժողովին ամբողջ ընթացքը կարելի է դիտել համացանցով` Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան կայքին միջոցով, հետեւեալ հասցէով. http://mediaforum.am/?page_id=390&lang=hy,

«Նոյեան տապան» լրատուական կեդրոնի կայքին միջոցով, հետեւեալ հասցէով.http://nt.am/am/sppages/22/

«Ազդակ» օրաթերթի կայքին միջոցով` https://www.aztagdaily.com/

«Քոննեքթ թու քոմիունիքէյշըն»-ի կայքին միջոցով` https://www.connecttotv.com/

Բոլոր լրատուամիջոցները, որոնք կը փափաքին հեռարձակել համաժողովին աշխատանքները, քոտը ստանալու համար կրնան դիմել Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւն:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Դամասկոսի Մէջ Թուրք-Սուրիական Հանդիպումի Մը Կարելիութի՞ւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.