Անդրադառնալով մարզպետներու փոփոխութեան եւ այն դիտարկումին, որ մարզպետի պաշտօնէն ազատ կացուցուած են մարդիկ, որոնք մեծ նշանակութիւն ունեցած են իշխանութեան համար, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցին նշեց. «Աստուած կը տեսնէ անոնց կատարածը, եւ ըստ այդմ ալ բոլորը իրենց վարձքը կը ստանան»:
Անդրադառնալով Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի պաշտօնանկութեան` Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ ինք եւս անհրաժեշտ կը նկատէր Սիւնիքի մարզպետի փոփոխութիւնը. «Երբ ան նշանակուեցաւ, բաւական լուրջ ընդվզում կար, հիմա որ պաշտօնանկ եղած է, անոնք որոնք դէմ էին, գոհ պէտք է ըլլան»:
Շիրակի մարզպետին վերաբերեալ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը նշեց. «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Շիրակի մարզպետին նկատմամբ քննութիւն բացած է, որմէ ետք ուսումնասիրութիւններու հիմամբ որոշում կը տրուի»: