Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հալէպահայերը Դեղորայքի Եւ Նիւթական Միջոցներու Կարիք Ունին» «Արմէնփրես»-ին Կ՛ըսէ Աւետիս Կիտանեան

October 12, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

avedis-guidanian_101116

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական կացութեան լոյսին տակ Լիբանան եկած սուրիահայերուն կարգավիճակին:

«Ընդհանուր առմամբ, վերջին մէկ տարուան ընթացքին սուրիահայերու հոսքը դէպի Լիբանան քիչ մը նուազած էր, որովհետեւ, Լիբանանի օրէնսդրական փոփոխութեան լոյսին տակ, Սուրիոյ քաղաքացիներուն մուտքը դժուարացած էր: Հակառակ ասոր, սուրիահայերը կը շարունակեն գալ Լիբանան: Երբեմն կարելիութիւն չունին ամբողջ ընտանիքով գալու, այդ պարագային կու գան երիտասարդները եւ կը դիմեն հայկական կառոյցներուն, որպէսզի կարենան աջակցութիւն ստանալ մուտքի հարցերուն առնչութեամբ», ըսաւ Աւետիս Կիտանեան` նշելով, որ Լիբանանի հայկական կառոյցները կարելի եղածին չափ օգտակար կը դառնան անոնց:

Լիբանան հասնող սուրիահայերը կ՛ունենան տարբեր խնդիրներ` բնակարանի, դպրոցներու, ինչպէս նաեւ առողջապահական հարցեր, որոնց լուծման գծով աշխատանք կը տարուի: Բացի այս բոլորէն, օգնութիւն կը տրամադրուի նաեւ Սուրիա գտնուող ընտանիքներուն:

«Մենք կեդրոնացած ենք այնտեղ գտնուող մարդոց դեղորայք ապահովելու, նիւթական օգնութիւն տրամադրելու վրայ: Նիւթական ծանր կացութեան մէջ եղողներ կան: Ըսեմ, որ մեր կողմէ մթերք տեղափոխելը այդքան ալ դիւրին չէ, նաեւ` հոն եղողներուն համար ասիկա մեծ պահանջ չէ: Սուրիահայերուն համար, բացի ապահով ըլլալէն, դեղերու չգոյութիւնը իսկական հարց է, մենք կը փորձենք դեղեր ուղարկել», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի վերջոյ սուրիահայերը չե՞ն ուզեր դուրս գալ Սուրիայէն, կամ` կ՛ուզեն, բայց միջոցներ չունի՞ն, Աւետիս Կիտանեան նշեց, որ երկու տարբերակներն ալ կան: Ըստ անոր, կան բազմաթիւ հայեր, որոնք միջոցներ ունենալու պարագային դուրս կու գան Հալէպէն, սակայն կան մեծ թիւով ընտանիքներ ալ, որոնք կը փափաքին մնալ Հալէպ` յուսալով, որ օր մը Սուրիոյ վիճակը կը բարելաւուի:

Լիբանան գտնուող սուրիահայերու թիւին մասին խօսելով` Աւետիս Կիտանեան ըսաւ, որ 3 ամիս առաջ Լիբանանի մէջ կը բնակէին 8-10 հազար սուրիահայեր, որոնք որեւէ ձեւի օժանդակութիւն ստացած են Լիբանանի հայկական կազմակերպութիւններէն: Կան նաեւ 2-3 հազար հայեր, որոնք ընդհանրապէս չեն դիմած այդ կազմակերպութիւններուն: Աւետիս Կիտանեան նշեց, որ Լիբանան ապրող հայերու ճշգրիտ թիւ ներկայացնելը դժուար է, քանի որ եղած են տեղաշարժեր: Շատեր մեկնած են Արեւմուտք կամ Հայաստան: Ըստ Աւետիս Կիտանեանի, մնայուն կերպով փորձ կը կատարուի չքաջալերել Արեւմուտք տեղափոխուիլը:

 

Նախորդը

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց «Ճինիշեան» Կեդրոն

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Ղեկավար Ժըպրան Պասիլը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.