Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց «Ճինիշեան» Կեդրոն

October 12, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

jinishian1_101116

Երէկ` երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Ճինիշեան» կեդրոն այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան` նպատակ ունենալով ծանօթանալ կառոյցի բազմաշերտ գործունէութեան:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն Փոլին Սաղըրեան, որ նախ շնորհաւորեց 25-ամեակը Հայաստանի վերանկախացումին եւ Արցախի անկախութեան` Հայաստանին, Արցախին եւ Լիբանանին մաղթելով խաղաղ ու կայուն տարիներ եւ մնայուն բարգաւաճում` անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ:

Ապա ան անդրադարձաւ 22 յուլիսին Լիբանանի «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի 50-ամեակի նշումին, այս առիթով «Յոյսի առաքելութիւն» պատմական հատորին հրատարակութեան եւ տեսերիզին պատրաստութեան, որոնց նպատակն էր հանրութիւնը մօտէն առնչել «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի պատմութեան եւ ներկային:

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը մեծ ընտանիք մըն է, որ կը գործէ գլխաւորաբար Միջին Արեւելքի եւ 24 տարիներէ ի վեր Հայաստանի մէջ:   Բարերար Վարդան Ճինիշեանի կտակին գործադրութեամբ` «Ճինիշեան»-ի տեղական խորհրդատու մարմինը պէտք է կրէ միջեկեղեցական պատկանելիութեան բնոյթ: Այս պատկերը առիթ կ՛ընծայէ գաղափարներու բազմազանութեան եւ անոնց համադրումին: Միասնական այս հարազատ մթնոլորտը մեծապէս կը նպաստէ ծրագիրներու հեզասահ իրագործումին:

«Վարդան Ճինիշեանի համար հայուն ծառայել կը նշանակէր առիթ ընծայել, որ իր ազգակիցները ըլլան առողջ, կեանքի պայքարին մէջ յաջողակ, կրօնական-բարոյական արժէքներու տէր, յառաջդիմելու ատակ անձեր:  Ան զանազանութիւն դրած էր իրագործուելիք ծրագիրներուն մէջ` անմիջական օժանդակութիւնը վերապահելով տարեցին ու հիւանդին եւ զարգացողական ծրագիրները` երիտասարդ գործունեայ սերունդներու պատրաստութեան», ըսաւ Փոլին Սաղըրեան:

Սաղըրեան աւելցուց, որ կառոյցին գործունէութիւնը կը տնօրինուի Միացեալ Նահանգներու խորհրդատու մարմինին եւ ընդհանուր վարիչ տնօրէնին կողմէ, հսկողութեամբ` Երիցական եկեղեցւոյ, որուն վստահուած էր կտակին գործադրութիւնը: Ներկայիս, Լիբանանի մէջ այս գործը կը կատարեն 13 պաշտօնեաներ` 3 ընկերային ծառայողներ, 2 դեղագործներ, հաշուապահ, եւ այլն. նաեւ այցելու բժիշկ եւ օգնական հիւանդապահ:

jinishian_101116

Դեսպանը շրջագայեցաւ կեդրոնին մէջ, անոր տրուեցան համապատասախան բացատրութիւններ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր գործունէութիւնը փաուըր փոյնթի վրայ ներկայացուեցաւ:

Անկէ ետք իր սրտի եւ գնահատանքի խօսքը արտասանեց դեսպան Մկրտչեան, որ ցաւ յայտնեց «Ճինիշեան»-ի 50-ամեակի հանդիսութեան մասնակից չդառնալուն համար: Ան շեշտեց, որ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին եւ անոր հիմնադիրին գաղափարներն ու տեսլականները վեհ են եւ հոգեհարազատ, որովհետեւ կը փաստեն, որ համայնքը անտարբեր չէ իր զաւակներուն նկատմամբ, այլ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի հասնի անոնց կարիքներուն, թեթեւցնէ անոնց ծանր առօրեան: «Դուք այս վեհ առաքելութիւնը յաջողութեամբ իրականացուցած էք», հաստատեց դեսպանը` շեշտելով, որ կէս դարու գործունէութիւնը արդէն բաւական խօսուն փաստ է այս իրականութեան եւ այն յաջողութեան, որ կարելի եղած է արձանագրել  նուիրական աշխատանքին ու հետեւողականութեան շնորհիւ: Սամուէլ Մկրտչեան դրուատեց նաեւ Հայաստանի մէջ «Ճինիշեան»-ի տարած գործունէութիւնը, որովհետեւ այսպիսով կառոյցը հաւասարապէս աջակցած կ՛ըլլայ համայն հայութեան:

Իր խօսքը եզրափակելով` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը յոյս յայտնեց, որ առկայ բոլոր դժուարութիւնները լուծուին, եւ կառոյցը  շարունակէ իր նուիրական գործը` անձնակազմով եւ այլ անդամներով, որոնք իրենց թանկագին ժամանակը կը տրամադրեն եւ կամաւորաբար աջակից կը դառնան կառոյցի գործունէութեան: Ան հաստատեց, որ ինք եւ դեսպանատունը եւս պատրաստ են քաջալերելու «Ճինիշեան»-ի ծրագիրները:

 

Նախորդը

Հրթիռակոծուած Է Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանը

Յաջորդը

«Հալէպահայերը Դեղորայքի Եւ Նիւթական Միջոցներու Կարիք Ունին» «Արմէնփրես»-ին Կ՛ըսէ Աւետիս Կիտանեան

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.