Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ 14 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի սեղմ կազմով նիստը` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի, Խըրխըզիստանի նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւի, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի, Ղազախստանի վարչապետ Պաքիճան Սակինթայեւի եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի մասնակցութեամբ: Նիստը վարած է Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին մէջ 2015-2016-ին նախագահութիւնը ստանձնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ողջունելով նստաշրջանի մասնակիցները եւ նշելով, որ այս ժողովով կ՛եզրափակուի Հայաստանի նախագահութիւնը ՀԱՊԿ-ի մէջ, նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանի համար կարեւոր է, որ երեւանեան վեհաժողովը յաջողութեամբ կայանայ:
«Մենք փորձած ենք ամէն ինչ ընել, որպէսզի մեր միացեալ աշխատանքը ըլլայ բովանդակալից եւ արդիւնաւէտ` թէ՛ կազմակերպութեան մէջ մեր երկիրներու փոխգործակցութեան օգտին եւ, ընդհանուր առմամբ, նպաստէ ՀԱՊԿ-ի զարգացման:
«Այսօր կ՛ակնկալուի մեր կողմէ աւելի կանուխ ընդունուած պայմանաւորուածութիւններու եւ փաստաթուղթերու քննարկում` անոնց ընդունումը նկատելով մօտակայ ապագային մեր զարգացման ուղենիշները», ըսած է հանրապետութեան նախագահը` յոյս յայտնելով, որ նիստերը ըլլան արդիւնաւէտ:
ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Նշանակումը Յետաձգուած Է
ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հարցը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող կազմակերպութեան հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յետաձգուած է:
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու նեղ կազմով քննարկումէն ետք ընդլայնուած նիստին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` դիտել տալով, որ այդ հարցը վերցուած է օրակարգէն:
Ան աւելցուցած է, որ այդ հարցին պիտի անդրադառնան տարուան աւարտին, Ռուսիոյ մէջ:
Անդրադարձ` Միջազգային Իրավիճակին Եւ
Հաւաքական Անվտանգութեան Ապահովման Արդիական Հարցերուն
Սեղմ կազմով նիստին յաջորդած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը, զոր կրկին վարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նիստին քննարկուած են ՀԱՊԿ-ի նախորդ տարուան վեհաժողովներու որոշումներուն գործադրութեան ընթացքը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան մէջ նախագահութեան ընթացքին Հայաստանի կողմէ ճշդուած առաջնահերթութիւնները:
Նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած երկու տասնեակ հարցերու ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է միջազգային իրավիճակին եւ հաւաքական անվտանգութեան ապահովման արդիական հարցերուն, դիտարկուած են մինչեւ 2025-ի համար ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան ռազմավարութեան եւ ՀԱՊԿ ճգնաժամային արձագանգման կեդրոնի ստեղծման վերաբերեալ որոշումներու նախագիծերը, ՀԱՊԿ գործունէութեան կատարելագործման, ինչպէս նաեւ միջազգային ահաբեկչութեան հակազդեցութեան վերաբերեալ որոշումներու գործադրութիւնը:
2016-2017-ին ՀԱՊԿ-ի մէջ նախագահութիւնը ստանձնած է Պիելոռուսիոյ Հանրապետութիւնը:
Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգով ստորագրուած են նաեւ կազմակերպութեան ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացման, զինուորական մարդուժի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու արձագանգման համակարգի զարգացման վերաբերող փաստաթուղթեր:
Նիստի աւարտին ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա եւ Հայաստանի նախագահը տուած են մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նշած են, որ նիստին ընթացքին հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խաղաղ ուղիով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներուն ղեկավարները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն հիմամբ ձեռք բերուած տագնապի լուծման ուղղուած պայմանաւորուածութիւններուն:
«Այդ պայմանաւորուածութիւններուն նպատակն է տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան առաջքը առնելը, իրավիճակի կայունացման եւ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շարունակականութեան համար պայմաններ ստեղծելը: Նիստին ընթացքին հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բացառապէս խաղաղ ուղիով լուծելու անհրաժեշտութիւնը», ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Երկրի ղեկավարին համաձայն, կառոյցի անդամ երկիրներու ղեկավարները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու տագնապի լուծման աշխատանքին, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ «ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան Հելսինքեան եզրափակիչ աքթ»-ի, մասնաւորապէս` ուժ եւ սպառնալիք չգործածելու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի եւ իրաւահաւասարութեան վրայ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան լիագումար նիստի պաշտօնական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները տեղեակ պահած է սեղմ կազմով նիստին քննարկուած հարցերուն մասին:
«Իմ կարծիքովս, մենք կատարեցինք բաւական արդիւնաւէտ եւ անկեղծ քննարկում այն հարցերուն շուրջ, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուին մեր գործերուն եւ կ՛ազդեն մեր երկիրներու անվտանգութեան հարցերուն վրայ, նաեւ անդրադարձ կ՛ունենան շրջանային մակարդակին վրայ եւ աւելին: Ի հարկէ, խօսած ենք նաեւ այն մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն մասին, որոնց դէմ յանդիման կանգնած է համաշխարհային հանրութիւնը, նախ եւ առաջ նկատի ունիմ ահաբեկչութեան եւ բռնութեան աննախադէպ բռնկումը, որուն համար որեւէ արդարացում չի կրնար ըլլալ», հաստատած է նախագահ Սարգսեան: