Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ երրորդ կողմի առջեւ պարտաւորութիւն չէ ստանձնած եւ պիտի չստանձնէ փոխելու Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը», երէկ յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: «Ինչպէս նախապէս, այդպէս ալ հիմա, այդպիսի հարց իբրեւ փոխհամաձայնեցուած օրակարգի հարց գոյութիւն չունի մեր քննարկումներուն մէջ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ/կամ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու հարցը բացառապէս ներքաղաքական օրակարգի եւ մեր ժողովուրդի որոշելիքն է», նշեց նախարարը: Պաքուն կը շարունակէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար իբրեւ նախապայման դնել Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, մասնաւորապէս հանել Անկախութեան հռչակագիրը, ուր յիշատակում կայ Լեռնային Ղարաբաղի մասին: Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ տարածքային պահանջներ...

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Կազայի վերաբերող ամերիկեան նախագիծին գործադրութեան առաջին փուլ անցումը կայացած է արդէն: Այս նախադրեալը կը խօսի իրադարձութիւններու արագութեան մասին: Յայտնապէս ամերիկեան ճնշումը զօրաւոր է թէ՛ համաձայնութիւնը պարտադրելու եւ թէ՛ անոր կիրարկումը չուշացնելու: Այս առումով ալ պատահական չի թուիր, որ պատանդներու ազատ արձակումը կը զուգադիպի Շարմ Շէյխի վեհաժողովին: Շարմ Շէյխի ժողովին նպատակը պաշտօնապէս Կազայի համաձայնութիւնը վաւերականացնել է եւ անոր գործադրութիւնը երաշխաւորելը: Ձեւաչափը...

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Շարմ Շէյխ ուղղուելու ընթացքին նշեց, որ «ամբողջ աշխարհը խանդավառ է, եւ այս պահը Միջին Արեւելքի համար խաղաղութիւն կը նշանակէ»` աւելցնելով. «Միջին Արեւելքի մէջ շատ իւրայատուկ ժամանակաշրջանէ կ՛անցնինք»: «Կազայի համաձայնութեան երկրորդ փուլին շուրջ բանակցութիւնները սկսան», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Համաձայնութիւնը տեղի պիտի չունենար, եթէ Իրան հիւլէական զէնք մը ունենար»: «Կը կարծեմ, որ Իրան շարժումին պիտի...

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ այցելեց Իսրայէլ եւ Քնեսեթին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Ներկայ պահը նոր միջին Արեւելքի պատմական արշալոյսն Է»` աւելցնելով, որ գերիներու փոխանակման գործարքը «անկարելի ձեռքբերում մըն էր, որ իրողութեան վերածուեցաւ»: «Իրագործեցինք այն, ինչ որ ըսուեցաւ, թէ անկարելի է, եւ պատանդները վերադարձուցինք: Այս յաղթանակներուն մեծ պարգեւը ամբողջ Միջին Արեւելքի շրջանի խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումն է», նշեց...

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Կովկասի մահմետականներու վարչութեան ղեկավար, շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէ կրկին մեղադրանքներ հնչեցուցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հասցէին` պնդելով, որ Հայ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքը «ապակառուցողական քարոզչութեան միջոցով ամէն ինչ կ՛ընեն», որպէսզի «խաթարեն խաղաղութեան գործընթացը»: Փաշազատէ այդ մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հանդիպման ժամանակ: Ըստ Ազրպէյճանի պետական լրատուամիջոցներուն, ազրպէյճանցի կրօնական առաջնորդը աւելցուցած է. «Մինչ երկու երկիրներու...

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Տնտեսական լրագրողներու միութեան պատուիրակութեան առջեւ յայտնեց. «Լիբանան վտանգուած չէ, եւ տնտեսական բոլոր ցուցանիշերը դրական են»` աւելցնելով. «Շրջանի ընդհանուր մթնոլորտը կարգաւորման մթնոլորտ է»: «Չենք կրնար շրջանին մէջ ներկայ հոլովոյթէն դուրս մնալ, անիկա տագնապներու լուծման հոլովոյթ է, եւ անպայման անոր մաս պէտք է կազմենք, որովհետեւ այլեւս չենք կրնար յաւելեալ պատերազմի, քանդումի, սպանութեան տոկալ», ըսաւ ան:...

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Եգիպտոսի նախագահական պալատը շաբաթ երեկոյեան յայտարարեց, որ այսօր Շարմ Շէյխի մէջ պիտի գումարուի Խաղաղութեան վեհաժողով` նախագահութեամբ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ աւելի քան 20 պետութիւններու ղեկավարներու: Նախագահական պալատը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Վեհաժողովին նպատակը Կազայի պատերազմին վերջ տալը, Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերը ամրապնդելը եւ շրջանային անվտանգութեան...

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի այս տարուան դափնեկիր Մարիա Քորինա Մաչատոն իրեն հեռաձայնած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու յայտնած է. «Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրը ինծի հեռաձայնեց: Ան ըսաւ, որ մրցանակը կ՛ընդունի ի պատիւ ինծի, որովհետեւ ես անոր արժանի եմ»: Թրամփ նշած է, որ ինք անկէ չէ...

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Շաբաթ գիշեր կատաղի մարտեր տեղի ունեցած են Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի 2600 քիլոմեթրնոց սահմանի առնուազն հինգ հատուածներու մէջ, կան բազմաթիւ զոհեր, ներառեալ քաղաքային անձեր: Փաքիստանի զինուած ուժերը յայտարարած են, որ սպաննած են աւելի քան 200 աֆղան զինուորներ, իսկ վիրաւորներուն թիւը շատ աւելի մեծ է: Փաքիստանեան կողմէն, ըստ զինուած ուժերու յայտարարութեան, զոհուած է 23 զինուոր, վիրաւորուած է 28-ը: Քապուլի մէջ «Թալեպան» շարժումի...

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը շաբաթ արշալոյսին իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Մսայլեհ գիւղաքաղաքին վրայ: Իսրայէլեան ռմբաձիգներ աւելի քան 10 յարձակումներ գործեցին` թիրախաւորելով Մսայլեհ-Նաժարիէ մայրուղին եւ անոր մերձակայ հովիտը, ինչ որ շրջանին մէջ գտնուող շարք մը ճարտարագիտական կառոյցներու հսկայական վնասներ պատճառեց: Թիրախաւորուած վայրին մէջ կը գտնուէին քարշակներ: Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց. «Մեր ուժերը յարձակում գործեցին հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատկանող դիրքի մը...

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ռուբէն Խարազեան իր հաւատարմագիրներուն պատճէնը յանձնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիին: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ներկայիս վիճակը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան խորացման եւ զարգացման հեռանկարներն ու ոլորտները: Դեսպան Խարազեան իր զրուցակիցին ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը` նշելով,...

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Թարգմանչաց շարժումի հերթական նշումը այս օրերուն, կը թելադրէ քաղաքական ոսպնեակով փորձել դիտարկել այդ օրերուն գործող իշխանութեան, թագաւորութեան (իմա՛ պետութեան) դերակատարութիւնը: Այսպէս. Վռամշապուհ թագաւորն ու արքունիքը  առաջադրած էին ` Ա.- Աջակցիլ Մաշտոցին եւ Պարթեւին հայ գիրերու ստեղծման գործին մէջ պետական որոշումին գործադրութեան: Բ.- Խրախուսել դպրոցներու եւ թարգմանչական կեդրոններու հիմնումը Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ: Գ.- Պետական հովանաւորութիւն եւ պաշտպանութիւն ապահովել նոր գիրերով...

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Հայ եկեղեցին հանդիսաւորապէս կը յիշատակէ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը եւ այս առիթով երախտագիտութեամբ պատիւ կ՛ընծայէ` հայ գիրերու գիւտի հեղինակ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին ու անոնց անմիջական աշակերտներուն ու հետեւորդներուն, որոնք 5-րդ դարէն սկսեալ սեփական գիր ու գրականութեան ճամբով ո՛չ միայն մտքի լոյս բերին հայ ժողովուրդին ու կերտեցին հայոց մշակութային ոսկեդարը, այլեւ սեփական մշակոյթով երաշխաւորեցին մեր...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր հաստատութիւններու այցելութիւններու` նպատակ ունենալով մօտէն ծանօթանալ անոնց տարած գործունէութեան, տրամադրած ծառայութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Այս ծիրին մէջ, ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, այցելեց Ազգային Միացեալ վարժարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վեքիլեանի եւ հաշուական պատասխանատու Սարգիս Աւետիսեանի...

Լիբանան Այցելելով`  Շիպանի.  «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ  Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»

Լիբանան Այցելելով` Շիպանի. «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի երէկ այցելեց Լիբանան: Ան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ: Ռաժժի հանդիպումի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց.  «Սուրիական եւ լիբանանեան կողմերուն մօտ յանձնառութիւն գոյութիւն ունի, եւ յարգանք Լիբանանի պետութեան նկատմամբ` չմիջամտելու անոր ներքին հարցերուն, եւ ասիկա դրական հոլովոյթ է»: «Շիպանիի հետ համաձայնեցայ...

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան

Իսրայէլեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան: Այսպիսով,  համաձայնութիւնը մտաւ ուժի մէջ, եւ իսրայէլեան բանակը սկսաւ գործադրել Կազայէն իր հեռացման առաջին փուլը: Նախքան այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Մենք վճռական զարգացումի մը մէջ ենք, եւ պայքարեցանք իրագործելու համար պատերազմի նպատակները, որոնց կարեւորագոյնը բոլոր գերիները ստանալն է, եւ ատիկա պիտի իրագործենք»: «Մեր նպատակը պիտի...

Ակնարկ.  Կազայէն Անդին Եւ Կազայի Ետին

Ակնարկ. Կազայէն Անդին Եւ Կազայի Ետին

Կազայի շուրջ ամերիկեան համաձայնութեան առաջին փուլի իրականացման գործընթացը կը նախանշէ նախադրեալներ, որ տարածաշրջանը կը թեւակոխէ նոր շրջափուլ: Պէտք չէ աճապարել անշուշտ բացարձակ հաստատումներ կատարելու եւ վերջնական եզրայանգումներ յայտարարելու: Այդ նախադրեալներուն ձեւաւորման համար նկատի պէտք է առնել քանի մը հանգամանք: Առաջին. Միացեալ Նահանգներու կողմէ նախագիծի մշակումը, Իսրայէլի վարչապետին Ուաշինկթըն կանչուիլը, պաշտօնական Թել Աւիւի արագ համաձայնիլը եւ Համասին ժամկէտ փոխանցուիլը տուեալներ են,...

Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Առաջին Փուլին Շուրջ Համաձայնութիւն

Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Առաջին Փուլին Շուրջ Համաձայնութիւն

Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ Շարմ Շէյխի բանակցութիւններուն մէջ միջնորդները հինգշաբթի արշալոյսին յայտարարեցին, թէ երկու կողմերը գոյացուցած են համաձայնութիւն մը, որ պիտի արտօնէ դադրեցնել Կազայի պատերազմը: Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հինգշաբթի արշալոյսին յայտնեց, որ Իսրայէլ եւ Համաս շարժումը Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան առաջին փուլի գործադրութեան բոլոր կէտերուն ու մեքանիզմներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են, ինչ որ պիտի յանգեցնէ Կազայի պատերազմի դադրեցման: Նախարարութեան...

Նոպելեան Կոմիտէն Խաղաղութեան Մրցանակի Դափնեկիրը Ընտրած Է Կազայի Համաձայնութեան Կնքումէն Առաջ

Նոպելեան Կոմիտէն Խաղաղութեան Մրցանակի Դափնեկիրը Ընտրած Է Կազայի Համաձայնութեան Կնքումէն Առաջ

Նոպելեան կոմիտէն երկուշաբթի օր գումարած է իր վերջին նիստը եւ ընտրած այս տարուան Խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիրները, նախքան Կազայի համաձայնութեան կնքումը: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Օսլոյի Նոպելեան հիմնարկի ներկայացուցիչ Էրիք Օսհայմին: Ան յայտնած է, որ կոմիտէն երբեք չի բացայայտեր, թէ ե՛րբ որոշումը կու տայ: Լրատու գործակալութիւնը կ՛ընդգծէ, թէ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի ապագայ դափնեկիրին վերաբերեալ որոշումը տրուած է...

Վուչիչ Թուրքիան Մեղադրած Է ՄԱԿ-ի Կանոնադրութիւնը Կոպտօրէն Խախտելու Յանցանքով

Վուչիչ Թուրքիան Մեղադրած Է ՄԱԿ-ի Կանոնադրութիւնը Կոպտօրէն Խախտելու Յանցանքով

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ սարսափած է Թուրքիոյ վարքագիծէն, որուն շրջագիծին մէջ ինքնահռչակ Քոսովոյի Հանրապետութիւնը կը զինէ հազարաւոր քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Ես սարսափած եմ Թուրքիոյ վարքագիծէն եւ անոր` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 1244 բանաձեւի կոպիտ խախտումէն, ինչպէս նաեւ Փրիշթինայի իշխանութիւններու շարունակական զինումէն: Այժմ բացարձակապէս յստակ է, որ Թուրքիան Արեւմտեան Պալքաններուն մէջ կայունութիւն...

Page 68 of 795 1 … 67 68 69 … 795

Արխիւներ