ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, շաբաթ, 6 դեկտեմբերին, Երեւանի «Դուին» պանդոկի «Միուզիք հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն` նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին:
Այս տարի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Յանուն հայի, յանուն պետութեան» կարգախօսին ներքեւ` ընդգծելով ՀՅԴ աշխարհայեացքը, գաղափարական հիմքերը եւ արժէքները:
Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կուսակցականներ, համակիրներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի ու Արցախի պետական քայլերգներով, հնչեց նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգը:
Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան իր խօսքը սկսաւ աղօթքով, ապա ներկաներուն փոխանցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութիւնը, որուն մէջ նշուած էր. «Մենք գոհունակութեամբ կը յիշենք եւ կ՛ուզենք յիշատակել այս 135 տարիներու ճանապարհին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կարեւոր դերը: Սա առաքելութիւն մըն է, որ սկսած է 19-րդ դարու վերջին, անցած է ամբողջ դժուարին 20-րդ դարը, եւ այսօր ալ իր առաքինութեան կարիքը ունինք: Հայը եղած է, կայ ու պիտի մնայ, թող աշխարհը իմանայ»:
Ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
«Մենք կողմնակից ենք արժանապատիւ խաղաղութեան, ոչ թէ զիջումներով հայրենակործան պայմանագիրներուն: Վտանգուած են Հայ առաքելական եկեղեցին, հայրենիքը, պետութիւնը», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:
«Հսկայական խռովքի մէջ են մեր ժողովուրդի զաւակներէն անոնք, որոնք հայու սիրտ կը կրեն, ապրած են ու մասնակից եղած են յաղթանակներու կերտման ու այսօր ականատես են եւ հիասթափուած են Արցախի յանձնումէն մինչեւ Հայաստանի մէջ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ կամքին ենթակայ զիջումներ, սփիւռքը պառակտող քայլերէն, հայրենասիրութեան ծաղրանքէն ու արժեհամակարգի ազգային ըմբռնողութեան խորտակմամբ: Ընթացքը դադար չունի ու գահավէժ կը շարունակուի` թիրախաւորելով Հայ առաքելական եկեղեցին, եկեղեցւոյ սպասաւորներուն նկատմամբ դաւադրական քայլերով ժողովրդահաճոյ յերիւրանք փրփուրներով նպատակ ունենալով փշռել հայ ժողովուրդի ու անոր հայրենիքի գոյատեւումը ապահոված ողնաշարը», ըսաւ ան:
Շնորհաւորելով ներկաները` Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց. «Դաշնակցութիւնը անցեալ ունեցող, ներկայով ապրող, ապագայի կազմակերպութիւն է: Մեր գաղափարները այսօր առաւել քան պահանջուած են, քանի որ Հայաստանը ճակատագրական ջրբաժանի առջեւ է, իսկ հայկական ինքնութիւնը դարձած է համակարգային հարուածի թիրախ` թէ՛ դուրսէն, թէ՛ ներսէն:
Եւ մենք շատ յստակ թէ՛ դուրսի, թէ՛ ներսի հակահայ ուժերուն կ՛ըսենք` դուք կրնաք հալածել Դաշնակցութիւնը, դուք կրնաք բանտարկել դաշնակցականները, սահմանափակել ՀՅԴ գործունէութիւնը, բայց դուք չէք կրնար սպաննել դաշնակցականութիւնը` մեր էութիւնը, տեսակը: Աւելի՛ն, իրականութեան մէջ դուք չէ՛ք կրնար նոյնիսկ խաթարել մեր կազմակերպութեան գուրծունէութիւնը: Դաշնակցութեան արեւը մայրամուտ չունի»:
Հանդիսութեան ցուցադրուեցան փաստավաւերագրական ժապաւէններ, որոնք կը ներկայացնէին ՀՅ Դաշնակցութեան անցած ուղին, ազատագրական պայքարի կարեւոր փուլերը, ինչպէս նաեւ ներկայիս գործունէութիւնը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին առիթով ողջոյնի, շնորհաւորանքի, գնահատանքի եւ քաղաքական զօրակցութեան ուղերձներ յղած էին շարք մը կուսակցութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:
Երեկոյի գեղարուեստական բաժինին մէջ հնչեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր:


