Լիբանանի մէջ յառաջիկայ զարգացումներուն մասին կան հակոտնեայ տեղեկութիւններ: Լրատուական հաղորդագրութիւնները երբեմն պաշտօնական, այլ պահերու` անպաշտօն, կ՛ուզէին փոխանցել, որ զէնքի մենաշնորհումի պայմանաժամի օղակը սկսած է սեղմուիլ: Թել Աւիւ նոյնիսկ պայմանաժամ կը ճշդէր Նոր տարին եւ կը յայտնէր, որ եթէ զինաթափումը մինչ այդ տեղի չունենայ, ապա Իսրայէլ պիտի դիմէ բռնի ուժի կիրարկումին:
Զէնքի մենաշնորհումը չիրականանալու պարագային նոյնը կը հաստատէր Ուաշինկթընը: Բոլոր ակնկալութիւնները լիբանանեան կառավարութենէն են` քաջատեղեակ ըլլալով, որ խնդիրը շատ աւելի տարողունակ միջպետական յարաբերութիւններով կը լուծուի:
Այս բոլորը օղակը սեղմելու կը նպաստեն, ճնշումները զօրացնելու եւ ենթադրեալ ռազմական յարձակումները արդարացնելու: Առաջադրուածը հարաւային շրջանին մէջ յատուկ անվտանգային գօտի ստեղծելն է: Այդ յատուկ գօտին նախ առաջադրուած տարածքը անբնակելի եւ անօգտագործելի դարձնելն է: Բացառելը` ժողովուրդի վերադարձը: Հետեւաբար այս տրամաբանութեամբ ալ լիբանանեան կողմին պարտաւորութիւնները չեն աւարտիր Հըզպալլայի նահանջով, զինաթափումով եւ լիբանանեան բանակի տեղաբաշխումով ու նոր դիրքաւորումներով: Այդ գօտիի ստեղծումը առաջադրանք է յայտնաբար, որմէ պիտի չուզէ հրաժարիլ Իսրայէլ:
Այս առումով լիբանանեան մամուլի հրապարակած նիւթերը, որոնց համաձայն` ՄԱԿ-ի մարդասիրական բաժանմունքը զգուշացուցած է գաղթականական նոր ալիքի բարձրացումէն, կը համընկնի այս առաջադրանքին հետ: Ըստ այդ հրապարակուած նիւթերուն, ՄԱԿ-ի համապատասխան բաժանմունքը կը խօսի հարաւի շրջանէն, Պեքայի հովիտէն եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն գաղթականական նոր զանգուածի տեղահանման մասին:
Հակոտնեայ բաժինը հետեւեալն է: Իսրայէլի վարչապետին գրասենեակը կը հաղորդէր, որ յատուկ աշխատանքային խումբ պիտի ուղարկուի լիբանանցի կառավարական պաշտօնատարներու հետ հանդիպման համար` աւելցնելով, որ ատիկա երկու կողմերուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու հաստատման հիմք պիտի ծառայէ: Այս լուրին հետեւողը կրնայ ենթադրել, որ կողմերը արդէն իսկ հաստատած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ հիմա կ՛անցնին տնտեսական համագործակցութեան: Կայ տեղեկատուութիւն միջնորդաւորուած բանակցութիւններու մեկնարկի մասին:
Յաւելեալ լուրեր այս մասին լոյս կը սփռեն այլ տեղ մթագնելով բուն գործընթացներուն տեսանելիութիւնը: Ամերիկեան կայքեր կը խօսին ներդրումային գօտիի ծրագիրի մասին հարաւային շրջանին մէջ. տնտեսական գօտի, ուր հիմնականին մէջ շինարարական ծրագիրներ պիտի իրականացուին: Այդ ծրագիրները կը կապուին Միացեալ Նահանգներու նախագահին անուան հետ:
Ներդրումային-տնտեսական, հետեւաբար վերաշինութեան հետ բոլոր կապուած ծրագիրները պայմանական են: Պայմանը զէնքի մենաշնորհումն է, դիրքերու լքումը եւ անոր հետ կապուած ածանցեալ խնդիրները:
Այս հակասական լուրերը զիրար ամբողջացնող կ՛ըլլան, եթէ քաղաքականօրէն կարդանք պաշտօնական թէ անպաշտօն աղբիւրներու հրապարակած նիւթերը: Ռազմական գործողութիւններով թէ տնտեսական ներդրումներով առաջադրանքը ճշդուած անվտանգային գօտին ձեւաւորելն է: Տնտեսական գօտին, եթէ պիտի կայանայ, ենթադրաբար ապահովական գօտիէն դուրս պիտի ըլլայ: Իսկ այդ գօտին, ինչ տեսք ալ ունենայ, ըստ հրապարակուած ծրագիրներուն կ՛առաջադրէ բացառել ժողովուրդի վերադարձը: Այլ խօսքով` նոր շինարարական ծրագիրները այդ գօտիէն դուրս պիտի ըլլան:
«Ա.»


