Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ դէմ ՀՀ իշխանութիւններուն սանձազերծած յարձակումներուն ու հալածանքներուն եւ հակազգային գործունէութեան ի տես, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն բացարձակապէս անընդունելի կը գտնէ այդ բոլորին հեղինակ անձը արժանացնել Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.-ի յատուկ ուշադրութեան, ինչ որ արդարօրէն յառաջացուցած է Սփիւռքի եւ Հայրենիքի հայ հանրութեան բուռն ընդվզումը: Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցածը ծրագրուած յարձակում է ոչ միայն Հայ եկեղեցուոյ, այլ հաւատաւոր ողջ...

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2025-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը: Հանդիպումին ներկայ էր Կեդրոնական կոմիտէի անդամ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան: Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ շնորհաւորելու նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն եւ անոր ներկայացուցիչը: Հանդիպումին քննարկուեցան ներքին եւ շրջանային զարգացումները` անվտանգութեան, քաղաքական, տնտեսական, ընտրական եւ ընկերային հարցերու գծով, որոնք ուղղակիօրէն ազդեցութիւն կ՛ունենան լիբանանցիներու կենսամակարդակին...

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Աքս Սէյր» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Քաղաքականութիւնը բան մըն է, ընտրութիւնները` այլ բան: Քաղաքական ընտրանքները հաստատ սկզբունքներ են, իսկ ընտրական դաշինքները` փոփոխական շահեր»: «Փոխան սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան «մեր Լիբանանը, ձեր Լիբանանը» արտայայտութիւնները եւ Լիբանանի նկատմամբ տարբեր խումբերու հակասական պատկերացումները լսելը ցաւալի է: Մենք կը նախընտրենք ամբողջ հայրենիքի...

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Նախագահ Աուն վարչապետին հետ քննարկեց երկրին մէջ ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի կացութիւնը: Քննարկուեցան նաեւ Շարմ Շէյխի խորհրդաժողովէն ետք շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի յառաջիկայ շաբթուան նիստի պատրաստութիւնները: Սալամ առանց յայտարարութիւն կատարելու մեկնեցաւ Պաապտայի պալատէն եւ ուղղուեցաւ Այն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Օգտուելով ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Սամ Կարապետեանի Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` Նորվեկիոյ մէջ կազմակերպած ծրագիրին մասնակցութեան առիթէն, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Նորվեկիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի եւ Նորվեկիական Քրիստոնէական-ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Եոնաս Սայետին: Հայ դատի մարմինը նորվեկիացի երեսփոխանին ուշադրութեան յանձնեց, որ 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնագիրին իբրեւ նպատակ կը նշուի «արդար, համապարփակ եւ...

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Քոնկրեսի «Փիս Էքթ»-ին առնչութեամբ Հայ դատի դիրքորոշումը նենգափոխուած ձեւով  կը մեկնաբանուի եւ շրջանառութեան մէջ կը դրուի, յատկապէս հայաստանեան լրատուադաշտին մէջ Հայ դատի համակարգը հարուածելու նպատակով: Արձանագրենք, որ կայ հետեւողական վարքագիծ վարկազրկելու Հայ դատի աշխատանքները` զանոնք ներկայացնելով իբր թէ հակապետական աշխատանքներ: Անկախ անկէ, որ Հայ դատ հասկացողութիւնը այսօր կը ներկայացուի իբրեւ ժամանակավրէպ, առաւելապաշտ եւ «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան հակադրուած հայեցակարգ եւ համակարգ,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը կը շարունակէ հայ համայնքի կառոյցներուն իր շրջագայութիւնը: Այս նախաձեռնութիւնը առիթ կը ստեղծէ մօտէն ծանօթանալու կառոյցներու գործունէութեան եւ դիմագրաւուած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիմք կը հանդիսանայ համագործակցութեան հարթակի մը ստեղծումին: Այս ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեանի եւ անդամ`...

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իսրայէլ մէկ խօսքովս կրնայ Կազայի մէջ կռիւը շարունակել, եթէ Համաս զինադադարի համաձայնութիւնը չյարգէ»: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.»-ը: «Կազայէն գերիներու ազատագրումը չափազանց կարեւոր բան էր, եւ Համաս ներկայիս կը միջամտէ եւ կ՛ոչնչացնէ բիրտ աւազակախումբերը», նշեց Թրամփ:  

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Տիոտաթօ Ապանիարան եւ անոր յայտնեց, որ Լիթանի գետէն հարաւ լիբանանեան բանակի անդամներուն թիւը այս տարեվերջին պիտի հասնի 10 հազար զինուորի` իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն ետք հարաւային սահմանին վրայ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար: Բանակը նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ պիտի աշխատի` գործադրելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բոլոր կէտերը, ինչպէս նաեւ ստանձնելու...

Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ

Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ

Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռօշեան երէկ կալանաւորուեցաւ: Փաստաբան Երեմ Սարգսեան յայտնեց, որ դատարանը բաւարարած է քննիչի միջնորդութիւնը` կալանք 2 ամիս ժամկէտով: Սրբազանը կը մեղադրուի քրէական օրէնսգիրքի 210-րդ յօդուածի 5-րդ մասով նախատեսուած արարքով` ընտրական իրաւունքին խոչընդոտելը` իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները օգտագործելով, եւ 236-րդ յօդուածի 3-րդ մասով` հաւաքներուն մասնակցելուն հարկադրելը` կրկին լիազօրութիւնները օգտագործելով: Նախանցեալ օր իրաւապահները գործողութիւններ իրականացուցած էին Հայ առաքելական...

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան ընդունեց «Անկախներ Լիբանանի համար» հանդիպման պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Րաֆֆի Մատէեանի, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2025-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնի մէջ, ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեանի եւ անդամ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց նոր ընտրուած Կեդրոնական կոմիտէն եւ ներկայացուցիչը: Մատէեան իր խօսքը սկսաւ Հայկական հարցէն` շեշտելով հայերու եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը իբրեւ կամուրջ` լիբանանցիներուն միջեւ: Քննարկուեցան...

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Երէկ ձերբակալուեցաւ Արագածոտնի թեմի Սաղմոսավանքի հոգեւոր հովիւ Փառէն քհնյ. Առաքելեան, բերման ենթարկուեցան շարք մը այլ հոգեւորականներ, որոնց կարգին` Արագածոտնի թեմի առաջնորդը: Թէ ո՞րն է ձերբակալութիւններուն պատճառը, Մայր աթոռի Ս. Էջմիածինի բանբեր Եսայի քհնյ. Արթենեան ըսաւ, որ իրենք մանրամասնութիւններէն տեղեակ չեն, եւ որ իրենք ալ պէտք է որոշ պարզաբանումներ ստանան: Ամէն պարագայի Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէնը բարձրաստիճան հոգեւորականներու ձերբակալութիւններն ու...

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Համաս պիտի հրաժարի իր զէնքէն, եւ եթէ այդ մէկը չկատարէ, «մենք զայն պիտի զինաթափենք, եւ զինաթափումը տեղի պիտի ունենայ արագ կերպով եւ թերեւս բռնի ուժով»: Թրամփ Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Համաս կարգ մը աւազակախումբեր ոչնչացուց, եւ ատիկա ինծի մեծ անհանգստութիւն չի պատճառեր»: «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան փափաքի մակարդակին նմանը չտեսայ», աւելցուց ան:...

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Համաձայնութիւն գոյացուցինք խաղաղութեան առիթ ընծայելու, եւ ծրագիրին քսան կէտերը չափազանց յստակ են»: «Հարցը միայն գերիներու վերադարձին չի վերաբերիր, այլ անոր կը յաջորդէ նաեւ զինաթափումը եւ զինուորական ներկայութեան վերացումը», նշեց ան: «Համաձայնութիւն գոյացուցինք ծրագիրին առաջին մասը գործադրելու եւ անոր երկրորդ բաժինի խաղաղ գործադրութեան առիթ ընծայելու», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:...

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ ընդունեց Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը: Փութին հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութիւնը լաւ արդիւնքներ պիտի տայ»: «Երկու երկիրներու միացեալ յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքը, եւ մենք պատրաստ ենք շարք մը ծրագիրներ իրականացնելու», նշեց Փութին: Նախքան այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Մոսկուա այցելութեան ընթացքին պաշտօնապէս Ռուսիոյ պիտի դիմէ...

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ երկուշաբթի երեկոյեան գումարուեցաւ Կազայի մէջ խաղաղութեան վեհաժողովը` նախագահութեամբ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, մասնակցութեամբ պետութիւններու եւ շրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններու աւելի քան 31 ղեկավարներու: Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Քաթարի ղեկավարները ստորագրեցին Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ համաձայնութեան վերաբերեալ համապարփակ փաստաթուղթ մը: Թրամփ վեհաժողովի բացման իր խօսքին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց...

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նշեց. «Աշխատանք պիտի տանինք Կազայի մէջ միջազգային ուժ տեղակայելու եւ պիտի օգնենք պաղեստինեան ապահովական ուժերու մարզումին` ներքին ապահովութեան պահպանման համար»: «Ասիկա պատմական օր մըն է, եւ մեր դիմաց կան փուլեր, որոնց ուղղութեամբ պէտք է աշխատիլ», նշեց Մաքրոն: «Միայն մէկ անձ կրնար Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն զսպել, ան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն է», ըսաւ ան` աւելցնելով....

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Ամերիկեան «Տը Նեշընըլ» օրաթերթը հաղորդեց, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը քննարկէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթթապի անունները ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներու ենթակայ անուններու ցուցակէն ջնջելու օրինագիծ մը: «Միացեալ Նահանգներու բանաձեւած օրինագիծը 9 հոկտեմբերին քննարկուեցաւ Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներուն միջեւ: Որոշումը պիտի արտօնէ սուրիական կառավարութեան ֆինանսական հաշիւներու, միջոցներու եւ տնտեսական ներուժի հոսքը», նշեց օրաթերթը: «Որոշումի որդեգրման պարագային, զէնքերու...

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին յղեց նամակ մը, որուն մէջ վերահաստատեց իր վճռակամութիւնը «այս տարուան աւարտէն առաջ կազմակերպելու Լիբանանի աջակցութեան երկու խորհրդաժողովներ` առաջինը լիբանանեան գերիշխանութեան իրագործման անկիւնաքար լիբանանեան բանակին եւ զինեալ ուժերուն աջակցութեան, իսկ երկրորդ խորհրդաժողովը` Լիբանանի վերականգնման եւ վերաշինութեան վերաբերեալ»: Մաքրոն իր նամակին մէջ շեշտեց «երկու բարեկամ երկիրները զիրար միացնող բարեկամութիւնը»: Ան ընդգծեց Ֆրանսայի` բոլոր ոլորտներուն...

Page 67 of 795 1 … 66 67 68 … 795

Արխիւներ