Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը հրապարակեց նոր ռազմավարութիւն մը, որուն համաձայն երկիրը իր միջազգային դերակատարութենէն պիտի անցնի Հարաւային Ամերիկայի եւ ներգաղթի դէմ պայքարին վրայ յաւելեալ կեդրոնացման:
Ուրբաթ առաւօտեան հրապարակուած ռազմավարութիւնը կը բովանդակէ խոստում մը` «աշխարհի վրայ մեր զինուորական ներկայութիւնը բարեփոխման ենթարկելու` կարգաւորելու համար մեր կիսագունդին յատուկ հրատապ սպառնալիքները եւ հեռանալու բեմերէ, որոնց ամերիկեան ազգային անվտանգութեան համար կարեւորութիւնը անցնող տասնամեակներուն կամ տարիներուն ընթացքին նուազեցաւ»:
Թրամփի վարչակազմը Ճափոնին եւ Հարաւային Քորէային խոստացաւ յաւելեալ ջանք թափել Թայուանը Չինաստանէն պաշտպանելու:
Համաշխարհային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւնը նշեց. «Պէտք է այդ պետութիւնները խթանենք պաշտպանական ծախսը բարձրացնելու` կեդրոնանալով հակառակորդներու զսպման եւ կղզիներու շարքի պաշտպանութեան վրայ»` ակնարկելով կղզիներէն, որոնց շարքին Թայուանէն կազմուած բնական պատուարին:
Փաստաթուղթի հիմնական կէտերէն են.
– Եւրոպայի մէջ կայունութեան պայմաններու վերականգնում եւ Ռուսիոյ հետ ռազմավարական կայունութիւն:
– Եւրոպային կարելիութիւն տալ կանգնելու սեփական ոտքերու վրայ եւ գործելու իբրեւ միաւորուած գերիշխան պետութիւններու խումբ, ներառեալ ստանձնելով սեփական պաշտպանութեան համար առաջնային պատասխանատուութիւն` առանց որեւէ հակառակորդ ուժի գերիշխանութեան:
– Եւրոպական երկիրներու մէջ Եւրոպայի ներկայ յետագիծի նկատմամբ դիմադրութեան զարգացում:
– Եւրոպական շուկաներու բացում ամերիկեան ապրանքներու ու ծառայութիւններու համար եւ Միացեալ Նահանգներու աշխատողներու եւ առեւտուրի նկատմամբ արդար վերաբերմունքի ապահովում:
– Կեդրոնական, Արեւելեան եւ Հարաւային Եւրոպայի առողջ երկիրներու կառուցում` առեւտրական կապերու, զէնքի վաճառքի, քաղաքական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային ու կրթական փոխանակումներու միջոցով:
– ՕԹԱՆ-ը պէտք չէ ընկալուի իբրեւ «անընդհատ ընդլայնուող դաշինք»:


