Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»

December 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի մէջ խախտած են բարոյագիտութեան արժեչափերը` հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքային փաստաթուղթերը եւ համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու նամակագրութիւնները` առանց համաձայնեցնելու շահագրգիռ կողմերուն հետ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:

«Եթէ անոնք ատիկա արդէն ըրած են, ապա այդ փաստաթուղթերը կը շեղին Երեւանի մէջ յառաջ մղուող թեզերէն: ԵԱՀԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի փաստաթուղթերը յստակ կ՛ապացուցեն, որ 3 տասնամեակ շարունակ Ռուսիան, իբրեւ համանախագահող երկիր, բոլոր ջանքերը ներդրած է քաղաքական եւ դիւանագիտական ձեւով ղարաբաղեան տագնապը լուծելու համար, եւ քիչ բան չէր կատարուած: Մենք միշտ ատոր մասին խօսած ենք, այժմ ատիկա յստակ կ՛երեւի այդ փաստաթուղթերէն», նշած է Մարիա Զախարովա:

Անդրադառնալով «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգ» փաստաթուղթի ստորագրման` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց. «Պրիւքսելեան վամփիրները բնական մարդոց մօտ կ՛երթան եւ կը հարցնեն` կ՛ուզէ՞ք ձեզ խածնենք, որպէսզի մեզի նման դառնաք:

«Մարթա Քոս եւ Քայա Քալլաս իրենք զիրենք ջուրի երես հանած են: Անոնց միակ նպատակը Հայաստան-Ռուսիա բարեկամական, աւանդական եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններուն վնաս հասցնելն է: Հայ բնակչութիւնը ռուս-հայկական ուժանիւթային համագործակցութենէն ի՞նչ վատ բան տեսած է: Թող հայ բնակիչները տեսնեն` ինչ ըրած են այդ վամփիրները իրենց բնակիչներուն. անոնք այժմ ուժանիւթի համար քանի մը անգամ աւելի շատ կը վճարեն, քան մնացածները», ընդգծած է Զախարովա:

Ան նշած է, որ ի տարբերութիւն Պրիւքսելի, Ռուսիան իր գործընկերներուն չի պարտադրեր ընկերանալ ոեւէ մէկու հետ, ընդհակառակը` անիկա կողմնակից է բազմակողմանի համագործութիւնը զարգացնելու:

 

Նախորդը

Ս. Էջմիածինի Դիւանապետ Արշակ Արք. Խաչատրեան Կալանաւորուեցաւ 2 Ամիսով

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 226-ի Լուծում

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում,  Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար  Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում, Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.