Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երկուշաբթի օր Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի:
Նախագահ Աուն յայտնեց. «Լիբանանը կ՛ողջունէ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ ֆրանսական որեւէ դերակատարութիւն, որ կը նպաստէ իրագործելու այդ յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն հիմնական նպատակները, որոնք են` թշնամական արարքներու դադրեցումը, հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան հեռացումը, լիբանանցի գերիներու ազատ արձակումը եւ Կապոյտ գիծին վրայ առկախ կէտերու սրբագրումը»:
Նախագահը ֆրանսացի պատուիրակին բացատրեց այն տուեալները, որոնք յանգեցան «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովներու կեանքի կոչման ու նախկին դեսպան Սիմոն Քարամի լիբանանեան պատուիրակութեան ղեկավարութեան ստանձնման:
«19 դեկտեմբերին գումարուելիք յանձնախումբի յաջորդ ժողովը կը սպասուի, որ սկսի քննարկել առաջարկուած կէտերը, ըստ ճշդուած առաջնահերթութիւններուն», նշեց ան:
«Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովները կեանքի կոչելու մեր դիրքորոշումը կ՛արտացոլացնէ մեր փափաքը բանակցելու` գտնելու համար դիւանագիտական լուծումներ, որովհետեւ պատերազմի լեզուի որդեգրումը բացարձակապէս չենք ուզեր: Թերեւս Լիբանանի դիրքորոշումին յաջորդած եղբայրական ու բարեկամ երկիրներու դրական արձագանգները այս քայլին զօրակցութիւն կը նշանակեն եւ հաստատօրէն կը նուազեցնեն ճնշումը, որ կար Լիբանանի վրայ յարձակումներու շարունակումով», աւելցուց նախագահը:
Հանրապետութեան նախագահը անհիմն որակեց այն պնդումները, թէ լիբանանեան բանակը Լիթանիէն հարաւ իր դերակատարութիւնը ամբողջական կերպով չի կատարեր: Ան այդ պնդումները սխալ եւ ամբողջովին մերժելի որակեց:


