Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Միջազգայնականը Ընդունած Է Արցախի Վերաբերեալ Բանաձեւ

December 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28-30 նոյեմբերին Մալթայի մէջ, իշխող «Փարթիթ Լապուրիսթա» կուսակցութեան հիւրընկալումով, Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը գումարած է խորհուրդի նիստեր: Նախքան Խորհուրդի նիստը, կազմակերպութեան շարք մը կոմիտէներ, ինչպէս նաեւ նախագահութիւնը կայացուցած են ժողովներ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկայացնող Մարիօ Նալպանտեանը մասնակցած է խորհուրդի եւ կազմակերպութեան ֆինանսական եւ վարչական կոմիտէի նիստերուն եւ, իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, Նախագահութեան նիստին եւ պաշտօնական ընթրիքին:

Համաժողովին կը մասնակցէին տարբեր երկիրներու վարչապետներ եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ներառեալ` Մալթայի վարչապետ Ռոպերթ Ապելան, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ վարչապետ եւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Փետրօ Սանչեսը: Քննարկումներու առանցքային օրակարգը յառաջացած մարտահրաւէրներու խորապատկերին միջազգային զարգացումներուն մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն խթանելու Ընկերվար միջազգայնականի դերակատարութեան հարցն էր:

Ելոյթ ունենալով խորհուրդի նիստին մէջ` ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան, մասնաւորապէս, ըսած է. «Երկու շաբաթ առաջ Ընկերվար միջազգայնականի գլխաւոր համակարգողէն ստացած էի հրաւէր` հանդէս գալու մարդու իրաւունքներու մասին ելոյթով: Մեզի համար յստակ է` այս դարաշրջանը լեցուն է անորոշութիւններով եւ նոր մարտահրաւէրներով: Բազմամշակութայնութիւնը դարձած է թիրախ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը կ՛ենթարկուի շարունակական եւ ծրագրուած յարձակումներու, եւ Միացեալ Նահանգները որոշած են նուազեցնել իրենց ֆինանսական մասնակցութիւնը եւ վճարել ուշացումներով` յառաջացնելով լուրջ ու տխուր հետեւանքներ, եւ սա ի հարկէ միակ դէպքը չէ:

«Մարդու իրաւունքներու մասին խօսելու ընթացքին, պէտք է նաեւ յիշատակեմ անթոյլատրելի եւ կեղծ «Պաքուի դատավարութիւնները», որոնք տեղի կ՛ունենան հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու դէմ` առանց միջազգային օրէնքներու նուազագոյն երաշխիքներու, առանց միջազգային դիտորդներու եւ անկախ մամուլի ներկայութեան` անտեսելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը եւ բազմաթիւ մասնագէտներու գնահատականները, ինչ որ կը վկայէ, որ ուժը կը գերազանցէ օրէնքը: Այսօր Պաքուի մէջ կը դատուին 23 հայեր, ներառեալ մեր սիրելի ընկեր ու կուսակցութեան ղեկավարներէն Դաւիթ Իշխանեանը: Յամենայն դէպս, կան նաեւ այլ անձեր, որոնց ճակատագիրը մինչ այժմ բացայայտուած չէ:

«Այսօր անոնց եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած բոլոր ժողովուրդներուն մասին յիշելով` անոնց պայքարը կը դարձնենք տեսանելի եւ կը յիշեցնենք աշխարհին` անոնց հարցը դեռ կենդանի է եւ կը սպասէ արդարութեան»:

30 նոյեմբերին Ընկերվար միջազգայնականը ընդունած է քանի մը բանաձեւեր, որոնցմէ մէկը` «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ իրավիճակի մասին»:

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Լիբանանահայերը Եկեղեցւոյ Եւ Վեհափառի Կողքին Են»

Յաջորդը

Ակնարկ. Տնտեսական Եւ Անվտանգային Գօտիներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 13, 2026
Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.